Արտահերթ Ընտրութիւններուն Փաշինեանի Գլխաւորած Ցանկին Վրայ Կրնան ՀՀԿ-ականներ Ալ Ըլլալ

«Իմ ունեցած տեղեկութիւններով՝ ՀՀԿ-ն իր նախկին գործընկերներու հետ աշխատած է, որ անոնք չգան քուէարկութեան», յայտարարեց վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան՝ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Ընտրական օրէնսգրքի փոփոխութիւններու օրինագիծի ձախողութեան: […]

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն Կ՛ընդունի Հայաստան Հիմնադրամի Տնօրէնը

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23-ին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներ Աւետիք Իզմիրլեան եւ Քարմէն Օհանեան, կուսակցութեան կեդրոնին մէջ ընդունեցին Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեանը: Կուսակցութեան Կլենտէյլի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած […]

«Կը Փորձէք Ձուլել Զանոնք, Որոնք Ձեզմէ Շատ Կապուած Են Այս Հողին». Թուրք Սիւնակագիրին Անդրադարձը` Աշակերտական Երդումը Վերականգնելու Մասին

Թուրք լրագրող եւ սիւնակագիր Օյա Պայտար անդրադարձած է Թուրքիսոյ դպրոցներուն մէջ աշակերտական երդումը վերականգնելուն` նշելով, որ 1930-ականներուն ձեւաւորուած այս ազգայնական-քաղաքական մեթոտները չեն կրնար նոյն կերպով կիրառուիլ ու արդիւնքներ տալ մեր օրերուն, […]

Ազգային ժողովը Նիկոլ Փաշինեանը Վարչապետ Չընտրեց. 7 Օր Ետք Տեղի Պիտի Ունենայ Վարչապետի Նոր Ընտրութիւն

Ազգային ժողովը առաջին փուլին Նիկոլ Փաշինեանը չընտրեց վարչապետի պաշտօնին, ինչպէս եւ կը նախատեսուէր անոր թեկնածութիւնը առաջադրած «Ելք» խմբակցութիւնը: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ`«Ելք» խմբակցութեան կողմէ վարչապետի  թեկնածու առաջադրուած Նիկոլ Փաշինեան չստացաւ ընտրուելու համար […]

Եգիպտահայ Գիտնական Տիրան Աբելեան Արժանացած Է «Նորարար-2018» Հեղինակաւոր Մրցանակին

Եգիպտահայ, Ամերիկա բնակող  ճանչցուած գիտնական, արհեստագիտական գիտութիւններու փրոֆեսոր Տիրան Աբելեան արժանացած է հեղինակաւոր «Նորարար-2018» գիտական մրցանակին, որ կը շնորհուի աշխարհի մէջ ճանաչում ունեցող Worcester Polytechnic Institute (ԱՄՆ Մասաչուսէթս նահանգ) կողմէ: «Մետաղագործութեան […]

Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները` Սփիւռքի Նախարարութեան Ուշադրութեան Կեդրոնին

Հոկտեմբեր 23-ին սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեան հանդիպեցաւ ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչի առաքելութիւնը ստանձնած Աննա-Քարին Օսթի հետ:  Հանդիպման ընթացքին ծաւալուն անդրադարձ կատարուեցաւ սփիւռքի նախարարի պատուիրակութեան` վերջերս […]

«Ներումը Կու գայ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումէն Ետք». ՀՀ Նախագահ

Զուիցերիոյ  հանրային հեռատեսիլային ընկերութիւնը (RTS) հատուածներ հրապարակած է  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ հարցազրոյցէն։ Այս մասին կը յայտնէ «Արմենփրես»-ը: Նոյեմբեր 11-ի արարողութիւններուն ընդառաջ, երբ բազմաթիւ երկիրներու մէջ պիտի նշուի Առաջին Համաշխարհային պատերազմի […]

Նիկոլ Փաշինեան ԼՂ Հակամարտութեան Լուծման Հարցով Վճռական Կը Համարէ Արցախի եւ Հայաստանի Ժողովուրդին Դիրքորոշումը

Հայաստանի Մէջ չի կրնար ըլլալ այնպիսի իշխանութիւն, որ առանց ժողովուրդի կարծիքը հաշուի առնելու կրնայ լուծել ԼՂ հակամարտութեան հարցը: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Հոկտեմբեր 24-ի ԱԺ հերթական նիստի ընթացքին, որու օրակարգին վրայ վարչապետի ընտրութեան […]

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Աստեղծուած Գործնական Կապը Հաստատուած է. Աննա Նաղտալեան

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գործնական կապը հաստատուած է: Այս մասին այսօր լրագրողներուն յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Նաղտալեան` աւելցնելով, որ այդ գործնական կապը ուղղուած է խաղաղութեան […]