Արտահերթ Ընտրութիւններուն Փաշինեանի Գլխաւորած Ցանկին Վրայ Կրնան ՀՀԿ-ականներ Ալ Ըլլալ

Հայաստան

«Իմ ունեցած տեղեկութիւններով՝ ՀՀԿ-ն իր նախկին գործընկերներու հետ աշխատած է, որ անոնք չգան քուէարկութեան», յայտարարեց վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան՝ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Ընտրական օրէնսգրքի փոփոխութիւններու օրինագիծի ձախողութեան:

«Մեր հասցէին մեղադրանքներ կը հնչեցնեն, թէ մենք կ՛ուզենք բոլորը ճնշել, կ՛ուզենք բռնապետութիւն հաստատել, բայց մենք չենք ուզեր, իրենք ատիկա կ՛ընեն»,- շեշտեց ան:

«Այն հին համակարգը պիտի չըլալյ, այն մարդիկ, որոնք իրենց ձայն կը բերէին պիտի  առաջադրուին, որովհետեւ այդ մարդիկ հազիւ ազատագրուած են: Անկեղծ ըսեմ ձեզի, վարչապետ ընտրուելէն ետք քանի մը հոգի հրաւիրած եմ եւ ըսած՝ ուրեմն մէկ հատ բացատրէք՝ ձեր ինչի՞ն պէտք է, որ դուք պատգամաւորի թեկնածու առաջադրուիք, այդքան փող ծախսէք, այդքան ժխտական տրամադրութիւն ձեզ վրայ կենտրոնանայ»,- ըսաւ Փաշինեան:

Փաշինեան չբացառեց, որ իր գլխաւորած ցանկին վրայ կրնան ներառնուիլ ՀՀԿ-ական կեթնածուներ, որոնցմէ մէկը, օրինակ, կրնայ ըլլալ Շիրակ Թորոսեան:

Վանօ Սիրադեղեանի՝ վերադառնալուն վերաբերեալ հարցումին՝ Փաշինեան ընդգծեց. «Որպէս մէկ մարդ, որ առաջ եղած է ընդյատակեայ, որ եղած է բանտ, ես ըսած եմ՝ ինծի համար բոլոր առումներով բանտի վիճակն աւելի հանգիստ է, քան ընդյատակի վիճակը»:

Փաշինեան յստակեցուց, սակայն, որ այդ հարցը իր լուծումը պէտք է գտնէ իրաւական դաշտի վրայ։