ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն Կ՛ընդունի Հայաստան Հիմնադրամի Տնօրէնը

Հայաստան, Սփիւռք

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23-ին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներ Աւետիք Իզմիրլեան եւ Քարմէն Օհանեան, կուսակցութեան կեդրոնին մէջ ընդունեցին Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեանը:

Կուսակցութեան Կլենտէյլի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցան հիմնադրամի յետագայ առաւել արդիւնաւէտ գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր: Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները շեշտեցին հիմնադրամին հանդէպ ժողովուրդին վս-տահութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ ընդգծեցին թափանցիկ գործելու կենսական անհրաժեշտութիւնը: