Ազգային ժողովը Նիկոլ Փաշինեանը Վարչապետ Չընտրեց. 7 Օր Ետք Տեղի Պիտի Ունենայ Վարչապետի Նոր Ընտրութիւն

Հայաստան

Ազգային ժողովը առաջին փուլին Նիկոլ Փաշինեանը չընտրեց վարչապետի պաշտօնին, ինչպէս եւ կը նախատեսուէր անոր թեկնածութիւնը առաջադրած «Ելք» խմբակցութիւնը:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ`«Ելք» խմբակցութեան կողմէ վարչապետի  թեկնածու առաջադրուած Նիկոլ Փաշինեան չստացաւ ընտրուելու համար բաւարար ձայներ: Անոր թեկնածութեան կողմ քուէարկեց ոչ մէկ պատգամաւոր, դէմ` 1, ձեռնպահ` 11:

Քուէարկութենէն առաջ չմասնակցելու մասին յայտարարեցին ԲՀԿ, ՀՀԿ եւ ՀՅԴ խմբակցութիւնները: «Ելք»-ը յայտարարեց, որ պիտի քուէարկէ ձեռնպահ:

Վարչապետի ընտրութեան հարցը դրուած էր Հոկտեմբերի 24-ի ԱԺ հերթական նիստի օրակարգին վրայ: Վարչապետ ընտրելու համար անհրաժեշտ էր 53 կողմ ձայն:

Քանի որ առաջին փուլով վարչապետ չընտրուեցաւ, խորհրդարանին մէջ ՀՀ վարչապետի եւս մէկ ընտրութիւն տեղի պիտի ունենայ առաջին փուլի քուէարկութենէն 7 օր ետք, որուն մասնակցելու իրաւունք պիտի ունենան պատգամաւորներու ընդհանուր թուի առնուազն մէկ երրորդի առաջադրած վարչապետի թեկնածուները: Եթէ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներուն մեծամասնութեամբ վարչապետ չընտրուի, ապա Ազգային ժողովը պիտի արձակուի իրաւունքի ուժով:

Նիկոլ Փաշինեան վարչապետի պաշտօնէն հրաժարական տուած էր Հոկտեմբեր 16-ին: Հրաժարականի նպատակը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու հասնելն է: Եթէ վարչապետի հրաժարականէն ետք երկու շաբաթուան ընթացքին խորհրդարանը վարչապետ չընտրէ, Ազգային ժողովը կ՛արձակուի եւ կը նշանակուին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ: