«Կը Փորձէք Ձուլել Զանոնք, Որոնք Ձեզմէ Շատ Կապուած Են Այս Հողին». Թուրք Սիւնակագիրին Անդրադարձը` Աշակերտական Երդումը Վերականգնելու Մասին

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրք լրագրող եւ սիւնակագիր Օյա Պայտար անդրադարձած է Թուրքիսոյ դպրոցներուն մէջ աշակերտական երդումը վերականգնելուն` նշելով, որ 1930-ականներուն ձեւաւորուած այս ազգայնական-քաղաքական մեթոտները չեն կրնար նոյն կերպով կիրառուիլ ու արդիւնքներ տալ մեր օրերուն, մանաւանդ երկրի մը մէջ, որուն թիւ մէկ ներքաղաքական խնդիրը քրտական հարցն է, կը գրէ”Թերթ”-ը։

«Թուրք եմ, ազնիւ եմ, աշխատասէր եմ» աշակերտական երդումը, որ տասնեակ տարիներ պարտադրուած է Թուրքիոյ բոլոր դպրոցներուն ու հանուած էր միայն 2013-ին, կը պարտադրուի նաեւ Պոլսոյ հայկական համայնքի բոլոր դպրոցներուն մէջ:

«Սու՛տ է: Մենք թուրք կամ քիւրտ ըլլալու համար ազնիւ ու աշխատասէր չենք: Բոլորիս մէջ ալ կան ազնիւներ ու անազնիւներ, աշխատասէրներ ու ծոյլեր, լաւ ու վատ մարդիկ: Սակայն իրական խնդիրը ատիկա չէ»,- կը գրէ սիւնակագիրը` ընդգծելով, որ ինք անձամբ թուրք է եւ իրեն որեւէ ձեւով կրնար չանհանգստացնել ստեղծուած իրավիճակը, սակայն առկայ իրականութեան ու պատմական իրողութիւններու հետ հաշուի չնստել կարելի չէ:

«Այս երկրին մէջ կ՛ապրին թուրքեր, հայեր, քիւրտեր, լազեր, չերքեզներ, յոյներ, հրէաներ, արաբներ, ասորիներ եւ այլ ազգերու ներկայացուցիչներ: Ժամանակին այդ աշակերտական երդման նպատակն էր թրքականութեան գիտակցութիւնը «մեխել» երիտասարդ սերունդի ենթագիտակցութեան մէջ: Տարիները անցան: Աշխարհն ալ, Թուրքիան ալ յաղթահարեցին 1930-ականները, 40-ականները, հասան 21-րդ դար: Հասարակութեան, ազգերու, ժողովուրդներու պահանջները փոխուեցան: Ձեւաւորուեցաւ գիտակցութիւն, որ դէմ էր կրօնական ու ազգային հողի վրայ հիմնուած խտրական քաղաքականութիւններուն:

Քիւրտն իր քրտութեամբ, հայն իր հայութեամբ կը ցանկան ազատ ապրիլ, չվախնալ իրենց ինքնութենէն, չկորսնցնել այդ ինքնութիւնը ու այդ մասին ազատ խօսիլ», – կը շարունակէ սիւնակագիրը:

Ըստ անոր` 2013-ին գործող իշխանութիւնները հանեցին երդումը կատարելու պարտադրանքը` քիւրտ բնակչութեան մէջ աւելի մեծ ընտրազանգուած շահելու նպատակով: Պայտարի խօսքով` այն ժամանակ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան հիմնական ուղենիշը աւելի շատ իսլամական ազդեցութեան տարածումն էր, եւ թրքական ազգայնականութիւնը երկրորդական դարձնելը:

Պայտար յիշեցուցած է վերջին տարիներուն Թուրքիոյ մէջ ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններուն վերապրած բոլոր ողբերգութիւնները` սկսած պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութենէն մինչեւ քրտաբնակ Ջիզրէի ու Տիարպեքիրի Սուրի հողին հաւասարեցնելը:

«Այս երդումը, որ կը սկսի «թուրք եմ» բառով ու կը շարունակուի «գոյութիւնս կը նուիրաբերեմ թուրք ազգի գոյութեան» տողերով, կ՛արտացոլէ մտածողութեան մը, որ կը փորձէ ձուլել, հաշուի չառնել այն հայերուն, քիւրտերուն, յոյներուն գոյութիւնը, որոնք հակառակ անթիւ-անհամար խտրականութեան դէպքերու, ճնշումներու ու կտտանքներու` ձեզմէ աւելի շատ կապուած են այս հողին», – եզրափակած է թուրք սիւնակագիրը։