Եգիպտահայ Գիտնական Տիրան Աբելեան Արժանացած Է «Նորարար-2018» Հեղինակաւոր Մրցանակին

Սփիւռք

Եգիպտահայ, Ամերիկա բնակող  ճանչցուած գիտնական, արհեստագիտական գիտութիւններու փրոֆեսոր Տիրան Աբելեան արժանացած է հեղինակաւոր «Նորարար-2018» գիտական մրցանակին, որ կը շնորհուի աշխարհի մէջ ճանաչում ունեցող Worcester Polytechnic Institute (ԱՄՆ Մասաչուսէթս նահանգ) կողմէ:

«Մետաղագործութեան եւ վերամշակման ոլորտին մէջ աշխարհի մէջ յայտնի Տիրան Ափելեան Worcester Polytechnic Institute ճարտարագիտական բաժանմունքի առաջին ներկայացուցիչն է, որուն կը շնորհուի նման մրցանակ: Պաշտօնական մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 1-ին»,- «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, նշուած է ամերիկեան համալսարանի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Աւելցնենք, որ Տիրան Ափելեան ծնած է 1945-ին` Եգիպտոսի մէջ, հայկական ընտանիքի մէջ: Ճարտարագիտական մեքենագիտութեան ոլորտին մէջ իր գիտական գործունէութիւնը սկսած է ԱՄՆ-ի մէջ: Ափելեանը կը հանդիսանայ աւելի քան 700 գիտական յօդուածի եւ 11 մենագրութեան հեղինակ: Իր գիտական ձեռքբերումներուն համար արժանացած է բազմաթիւ պարգեւներու ԱՄՆ-ի  եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: 2008 թուականէն Տիրան Ափելեան կը համարուի Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան  անդամ: