Նիկոլ Փաշինեան ԼՂ Հակամարտութեան Լուծման Հարցով Վճռական Կը Համարէ Արցախի եւ Հայաստանի Ժողովուրդին Դիրքորոշումը

Հայաստան

Հայաստանի Մէջ չի կրնար ըլլալ այնպիսի իշխանութիւն, որ առանց ժողովուրդի կարծիքը հաշուի առնելու կրնայ լուծել ԼՂ հակամարտութեան հարցը: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` Հոկտեմբեր 24-ի ԱԺ հերթական նիստի ընթացքին, որու օրակարգին վրայ վարչապետի ընտրութեան հարցն է, այս մասին ըսած է վարչապետի թեկնածու Նիկոլ Փաշինեան` անդրադառնալով պատգամաւոր Շիրակ Թորոսեանի հարցումին:

«Հայաստանի մէջ ոչ մէկ իշխանութիւն, նոյնիսկ ամենաբռնապետական իշխանութիւնը, չի կրնար Ղարաբաղի հարցը լուծել առանց ժողովուրդի կարծիքը հաշուի առնելու: Ժողովուրդի կարծիքը այն վճռական գործօնն է, որ պէտք է որոշէ` ձեռնտո՞ւ է ԼՂ հիմնահարցի լուծման այս կամ այն տարբերակը, թէ՞ ոչ: Նոյնիսկ բանակցային սեղանի շուրջ քննարկուածը էական չէ: Քսան տարի քննարկուած է, ի՞նչ եղած է: Ղարաբաղի հարցի թաքուն լուծում չի կրնար ըլլալ»,-վստահեցուցած է Փաշինեան:

Ան շեշտած է` Արցախի ժողովուրդի եւ իշխանութիւններու դիրքորոշումը վճռական նշանակութիւն ունի, եւ սա քմահաճոյքի հարց չէ: Անոր կարծիքով` հակամարտութիւնը չի լուծուիր, եթէ լուծման որեւէ տարբերակ չ՛ընդունուիր Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդին կողմէ: Փաշինեան նշեց` հայկական կողմի տեսակէտն այն է, որ առանց Արցախի կարգավիճակի ճշգրտման անհնար է պատկերացնել հարցի լուծում:

«Եթէ բանակցային գործընթացին մէջ ձեւաւորուի տարբերակ, որ կը համարենք, որ արժէ ներկայացնել ժողովրդի քննարկման, բնականաբար առաջինը ես ատիկա պիտի ընեմ»,- ըսած է Փաշինեան: Ան բացառեց ԼՂ հիմնահարցի «թաքուն» լուծումը: Անոր կարծիքով` քանի դեռ Արցախի իշխանութիւնները ներգրաւուած չեն բուն գործընթացին մէջ, կը նշանակէ, որ մենք մօտ չենք հարցի կարգաւորման:

«Ես չեմ ըսած, որ մենք չենք բանակցիր, մինչեւ Արցախի իշխանութիւնը ներգրաւուած չըլլայ: Ես ըսած եմ, որ ես լիազօրուած եմ բանակցելու Հայաստանի անունէն, սակայն լիազօրուած չեմ բանակցելու Արցախի անունէն, քանի որ Արցախի ժողովուրդը չի մասնակցիր Հայաստանի մէջ իշխանութեան ձեւաւորման: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ ես կ՛ըսեմ, որ պէտք չէ բանակցիլ»,-ըսած է Փաշինեան: