Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Աստեղծուած Գործնական Կապը Հաստատուած է. Աննա Նաղտալեան

Հայաստան

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գործնական կապը հաստատուած է: Այս մասին այսօր լրագրողներուն յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի մամուլի խօսնակ Աննա Նաղտալեան` աւելցնելով, որ այդ գործնական կապը ուղղուած է խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ամրապնդման ու ձեւաւորման:

Հարցումին, թէ արդեօք երէկ ՊԲ հարաւարեւելեան ուղղութեամբ հակառակորդի կրակոցէն ժամկետային զինծառայողի վիրաւորուելու դէպքի հետ կապուած կիրառուծ է գործնական կապը, ԱԳՆ մամուլի խօսնակը պատասխանեց. «Կապը հաստատուած է ոչ թէ հանրային յայտարարութեան համար. անիկա իսկապէս գործող կապ է»:

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստեղծուած գործնական կապի հաստատման մասին յայտարարած էր ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան: