«Երեւան-2800» Գիտաժողովը «Հզօր Ապտակ է Ատրպէյճանական Կեղծարարութեան»

Հայաստան

Երեւանը որպէս բնակատեղի հազարմաեակներու պատմութիւն ունի, եւ այս մասին փաստեր յատկապէս անկախութեան տարիներուն` վերջին երեք տասնամեակներուն հայ եւ օտար գիտնականները բազմիցս ներկայացուցած են իրենց պատմահնագիտական ուսումնասիրութիւններու, յօդուածներու, ժողովածուներու մէջ, նաեւ, ի հարկէ, Երեւանի պատմութեան նուիրուած գիտաժողովներու ընթացքին:

Բացառութիւն չէ նաեւ Հոկտեմբեր 23-ին Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ մեկնարկած եռօրեայ «Երեւան 2800» խորագիրով գիտաժողովը, որու ընթացքին պիտի հնչեն երեսունէ աւելի զեկոյցներ` ամենատարբեր ժամանակաշրջանները ընդգրկող նիւթերով․ «Շենգաւիթ` Երեւանի հնագոյն քաղաքատեղին», «Երեւանի բնակչութեան թուաքանակն ու կազմը 16-18-րդ դարերուն», «Ժողովրդագրական իրավիճակը Երեւանի մէջ 19-րդ դարու առաջին կէսին», «Արխիւային նոր փաստաթուղթեր Պողոս-Պետրոս եկեղեցւոյ պատմութեան մասին», «Երեւանի ջրաղացները», «Թումանեանը Երեւանի մէջ», «Երեւանը հայ երաժշտութեան կեդրոն», «Երեւանը հայ ճարտարապետութեան մայրաքաղաք», «Երեւանը աշխարհասփիւռ հայութեան մայրաքաղաք» եւ այլն:

Գիտաժողովը նախաձեռնած է Երեւանի պատմութեան թանգարանը` Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի եւ Երեւանի պետական համալսարանի հետ համատեղ:

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Արմինէ Սարգսեան նշած է․  «Այս գիտաժողովի նպատակը Երեւանը ներկայացնելն է որպէս բնակավայր մը, տարածք մը, որ միշտ եղած է մարդկային քաղաքակրթութեան կեդրոններէն մէկը: Նպատակն է նաեւ՝  ուսումնասիրել անցեալի պատմութեան չբացայայտուած էջերը, նոր բացայայտումներ կատարել մեր մայրաքաղաքի պատմութիւնը նորովի վերագրելու համար»:

«Ամենավաղ յիշատակութիւնը, որ Երեւանը եղած է մարդկութեան բնօրրաններէն մէկը, կը վկայեն Երեւանեան քարայրի նիւթերը, որոնք ունին 100-120 հազար տարուան պատմութիւն․․․ եւ առաջին քաղաքակիրթ բնակավայրը եղած է Շէնգաւիթ բնակավայրը, որ 6 հազար տարուան պատմութեամբ կը թուագրուի», – աւելցուցած է Սարգսեան:

Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեայ յոբելեանին նուիրուած այս գիտաժողովը շատ կարեւոր կը նկատէ ոչ միայն պատմական, այլ նաեւ քաղաքական տեսանկիւնէ․  «Գիտաքաղաքական առումով սա հզօր ապտակ է ատրպէյճանական կեղծարարութեան այն մասին, որ իբր թէ 500 տարի առաջ` 1511 թուականին ոմն Ռեւան խան, որ եղած է Շահ Իսմայիլի դրածոներէն մէկը, ուղարկուած է այստեղ, կառուցած է այս քաղաքը, իրականութեան հետ որեւէ ընդհանուր եզր չունի․․․ Այս հեքիաթը, որ յօրինած են եւ կը  շրջանառեն պետական մակարդակով․․․ նկատի ունիմ, որ Իլհամ Ալիեւը բազաթիւ անգամներ նշած է այդ մասին, եւ նոյնիսկ պետական մակարդակով 2011-ին պետական մակարդակով նշեցին Երեւանի բերդի հիմնադրման 500-ամեակը: Այնպէս որ, այս տեսակ գիտական բնոյթի ձեռնարկները, եւ հրապարակումները, որ յառաջիկային կը սպասուին, շատ կարեւոր են գիտաքաղաքական առումով»:

Յառաջիկային նաեւ շատ ուշագրաւ գիտական աշխատութիւն մը լոյս պիտի տեսնէ Պատմութեան հիմնարկի նախաձեռնութեամբ․ – «Երեւանի 2800-ամեակի առիթով իւրաքանչիւր հայ մարդ կը ցանկայ իր նուէրը բերել: Մենք գիտնականներով որոշեցինք hհիմնական մենագրութիւն մը գրել, հաւաքական մենագրութիւն, որ արդէն պատրաստ է, շուտով լոյս պիտի տեսնէ, «Երեւան-2800» կը կոչուի: Թաթիկ Յակոբեանի Երեւանի պատմութեան վերաբերեալ յայտնի բազմահատորեակէն ետք սա նոր խօսք է յետխորհրդային շրջանին»:

«Երեւան-2800» պատմագիտական ծաւալուն ժողովածուն լոյս պիտի տեսնէ ոչ միայն հայերէն, այլեւ նաեւ օտար ընթերցողին պիտի ներկայացուի տարբեր լեզուներով: