Դիւանագէտներու Համահայկական Խորհուրդի Յայտարարութիւնը՝ Իբրեւ Աջակցութիւն «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժման

Հայաստան

Իշխող վարչախումբը, զգալով համազգային ցասումի ծաւալման թափն ու իրեն համար անկանխատեսելի հետեւանքները, որոշած է սահմանները անցնիլ նաեւ բարոյական արժէքներու տիրոյթին մէջ՝ գաւառական ու ցածրորակ դատողութիւններ տարածելով խորհրդարանի ամպիոնէն եւ սոցիալական տարբեր հարթակներէ՝ յանդգնելով վարուելակերպ սորվեցնել Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներուն՝ գլխաւոր թիրախ դարձնելով Տաւուշի մարզին մէջ հայրենակիցներուն ցաւն ու ապրումները կիսող թեմի առաջնորդ Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանը։

Տաւուշի մէջ ծաւալուող այսպէս կոչուած սահմանազատման եւ սահմանագծման, իսկ իրականութեան մէջ միակողմանի զիջումներու հակաիրաւական ու հակաօրինական գործընթացը ամէն գնով տեղայնացնելու վարչախումբին փորձերն ու ձգտումները տապալուած են, քանի որ հակառակ սպասուածին, նոյնինքն տաւուշցիներու ջանքերով ձեւաւորուած «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի» ազգային շարժումը տարածուած է ողջ Հայաստանի մէջ։ Հասարակութեան լայն շերտերու մօտ այլեւս սկսած է արմատաւորուիլ, որ օրահասական խնդիրը միայն տաւուշեցիներուն չի վերաբերիր։ Այս է պատճառը, որ խոր վախերու մէջ եղող վարչախումբը կը սարսափի հասարակական լայն համախմբումէ եւ ներքին համերաշխութեան տանող ցանկացած դրսեւորումէ։ Հետեւաբար, գործի դրած է իրեն շատ յատուկ սուտի, կեղծիքի, հանրահռչակ ու ազդեցիկ անհատները պիտակաւորելու, վարկաբեկելու եւ սեւցնելու կեղտոտ գործիքակազմը՝ սեփական ժողովուրդը անդադար վախցնելով պատերազմով եւ այլընտրանքի ի սպառ բացակայութեան անհիմն թեզերով։

Դիւանագէտներու համահայկական խորհուրդը վերստին կը հաստատէ իր անվերապահ աջակցութիւնը «Տաւուշը յանուն Հայրենիքի»՝ բացարձակապէս ազնիւ, ազգային ու հայրենապաշտպան մղումներով կեանքի կոչուած շարժման եւ խստօրէն կը դատապարտէ իրենց հայրենական օճախի, հողի ու ջուրի, արժանապատուութեան ու արդարութեան համար ոտքի ելած մեր հայրենակիցներուն նուիրեալ պայքարը արատաւորելու ցանկացած փորձ։

Այս պայքարը միայն Տաւուշի խնդիրը չէ, այս պայքարը ողջ հայութեան եւ Հայաստանի հարցն է, պայքար՝ սուտի եւ կեղծիքի դէմ՝ յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան։ Եւ այս պայքարը անպայման պիտի յաջողի։

1 Մայիսի, 2024 թ.

Երեւան