Հայաստանը Մասնակցած է «ITB Berlin – 2019» Միջազգային Զբօսաշրջային Ցուցահանդէսին

Պեռլինի մէջ, Մարտ 6-10, տեղի ունեցած է «ITB Berlin – 2019» ամենամեայ միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսը: Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ ցուցահանդէսին այս տարի կը մասնակցէին հայկական շուրջ 25 զբօսաշրջային ընկերութիւններ, հիւրանոցներ ներկայացնող կազմակերպութիւններ, զբօսաշրջութիւն […]

Լոյս Տեսած է «Արեւմտահայերէնը՝ 21-րդ Դարուն. Մարտահրաւէրներ եւ Նոր Մօտեցումներ» Անգլերէն Հատորը

Գալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի հրատարակչատունէն լոյս տեսած է Հայագիտական ուսմանց ընկերութեան «Արեւմտահայերէնը՝ 21-րդ դարուն. մարտահրաւէրներ եւ նոր մօտեցումներ» («Western Armenian in the 21st Century : Challenges and New Approaches») անգլերէն հատորը, […]

Ստեփանակերտի Մէջ Կայացաւ Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդներու Համատեղ Նիստ

2019թ. Մարտ 12-ին, Ստեփանակերտի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի համանախագահութեամբ, կայացաւՀայաստանի եւ Արցախի  Անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստ: Օրակարգի հիմնական թեման կը վերաբերէր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ ներկայ իրավիճակի համատեղ գնահատման եւ համակարգուած գործողութիւններու ուրուագծման: Քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք՝ Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդներու անդամներուն կողմէ գնահատուեցաւ Արցախի անվտանգութեան համակարգը եւ վերահաստատուեցաւ, որ պաշտպանութեան ապահովման կարողութիւնները երաշխաւորուած են եւ կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ: Միեւնոյն ժամանակ, հայկական երկու կողմերը վերստին ընդգծեցին իրենց աջակցութիւնը եւ յանձնառութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան հովանիին ներքոյ հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման` հիմնուած միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներու, մասնաւորապէս, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի իրագործման վրայ։ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, մասնաւորապէս, նշեց. «Հայաստանը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ բանակցային գործընթացին եւ իբրեւ Արցախի անվտանգութեան երաշխաւոր պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել այդ ուղղութեամբ, միեւնոյն ժամանակ, խաղաղ գործընթացի լիարժէքութեան ու արդիւնաւէտութեան ապահովման համար Արցախի որոշիչ ձայնի ու ներգրաւուածութեան հարցը կը մնայ արդիական»: Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, իր հերթին ընդգծեց, որ 1994-1995 թթ. զինադադարի եռակողմ համաձայնագրերու անվերապահ իրականացումը ինկած է խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի հիմքին` կարեւոր նպաստ բերելով խաղաղ […]

Արամի Մահուան Հարիւրամեակին Առթիւ

Ռաֆֆի Շխուկեան Նիւ Ճըրզի – ԱՄՆ Յարգելի անձնաւորութիւն մը Հայրենիք շաբաթաթերթի յօդուածներէն մէկուն մէջ արդարօրէն կ՚ընդվզէր Արամ Մանուկեանի Երեւանի տան ներկայ վիճակին մասին։ Արդարեւ պատերը միայն մնացած են կանգուն, տանիքը […]

Հայ Մտաւորականութեան Լռութիւնը Ազգի եւ Հայրենիքի Պատմութեան Ներկային Դիմաց

Յ. Պալեան Ճշմարտութիւն եւ արդարութիւն գերագոյն արժէք են, քա-նի որ անոնք միայն կ’երաշխաւորեն ազգերու մեծութիւնը:* Էմիլ Զոլա, Ֆրանսացի մեծ գրող եւ հրապարակագիր (1840-1902) Հայաստանի ժողովուրդը սիրած է եւ կը սիրէ […]

Դրմբոն Համայնքին Մէջ 11-13-րդ Դարերու Թուագրուող Խաչքարեր Բացայայտուած են

Մարտակերտի շրջանի Դրմբոն համայնքին մէջ բացայայտուած են նորայայտ խաչքարեր: Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ խաչքարերը Դրմբոնի մատուռ-գերեզմանատան տարածքին մէջ յայտնաբերած է Մարտակերտի շրջանային ծառայութեան պետ Աւետիք Աղաբեկեանը՝ իր հերթական շրջայցին իբրեւ արդիւնք: Խաչքարերը կը թուագրուին 11-13-րդ դարերով։

Թորոնթոյի Մէջ Սկիզբ Առաւ «Երիտասարդական Լուսարձակ» Հանդիպումը

ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՉԱՐԵԱՆԻ «ՀԻՄԱ Է ՄԵՐ ԺԱՄԱՆԱԿԸ, ԵԿԷ՛Ք ԶՐՈՒՑԵՆՔ» ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՒ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ «Մենք պարտաւոր ենք հաւատարիմ մնալու մեր հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն», Շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը Հինգշաբթի, 7 Մարտ 2019-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի նախաձեռնութեամբ […]

12 Մարտ 1918. Թրքական Զօրքը Գրաւեց Կարինը. ­Հա­յաս­պա­նու­թեան Ու­րո­ւա­կա­նը Սկսաւ Սպառ­նալ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նին

Ն. Պէրպէրեան 12 ­Մար­տի այս օ­րը, 101 տա­րի ա­ռաջ, թրքա­կան բա­նա­կը ամ­բող­ջու­թեամբ գրա­ւեց նո­րոգ ա­զա­տագ­րեալ հա­յա­պատ­կան ­Կա­րին (Էրզ­րում) բեր­դա­քա­ղա­քը, որ իր ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան դիր­քով տի­րա­պե­տու­թեան բա­նա­լին էր ամ­բողջ Անդր­կով­կա­սի։ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի […]