Author: Areky
Հայ Մամուլի Համահայկական Համաժողովը Կ՛եզրափակէ Իր Եռօրեայ Աշխատանքները
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընթացք առած Հայ մամուլին նուիրուած համահայկական համագումարը երէկ` հինգշաբթի, 4 Յուլիս 2019-ի կէսօրին եզրափակեց իր աշխատանքները: Թ. նիստին ընդհանուր նիւթն […]
Մենք Մեր Հաստատակամ Քայլերով Պիտի Բացառենք Սահմանադրական Կարգի Դէմ Հնարաւոր Ոտնձգութիւնները. Վարչապետ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Սահմանադրութեան օրուան առիթով: Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, կ՛ըսուի. «Սիրելի′ հայրենակիցներ, Կը շնորհաւորեմ բոլորս Սահմանադրութեան օրուան առիթով: Նախորդ տարի մեր երկրին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, որոնք իրենց […]
Բոլորս Հաւասար ենք Սահմանադրութեան Առջեւ․ Արմէն Սարգսեան
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ուղերձ յղած է սահմանադրութեան եւ պետական խորհրդանիշներու օրուան առիթով։ Ան մասնաւորապէս կ՛ըսէ. «Սիրելի′ հայրենակիցներ, Կը շնորհաւորեմ բոլորս պետական կարեւորագոյն տօնի` Սահմանադրութեան օրուան առթիւ: Այսօր մենք կը նշենք […]
Սահմանադրութիւնը Պէտք Է Ամէնօրեայ Ապրելակերպ Դառնայ․ Արծուիկ Մինասեան
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանը կը խնդրէ կասկածի տակ չդնել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան օրինականութիւնը եւ համամիտ չէ այն միտքին հետ, թէ Հանրապետութեան նախագահը Սահմանադրութեամբ չունի բաւարար լիազօրութիւններ: «Ունի: […]
Հայաստանը Կը Նշէ Սահմանադրութեան եւ Պետական Խորհրդանշաններու Օրը
1991-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնումով անխուսափելի դարձաւ նոր` ազգային սահմանադրութեան ընդունումը: Սահմանադրութիւնը ընդունուեցաւ 1995-ի Յուլիս 5-ին համաժողովրդական հանրաքուէով` յետագային՝ 2005-ի եւ 2015-ի հանրաքուէներով ենթարկուեցաւ փոփոխութիւններու: Սահմանադրութեան ընդունման օրը դարձաւ տօն` […]
Ազգային Գրադարանը Մեծ Շուքով Տօնեց Պետական Կարգավիճակ Ստանալու Հարիւրամեակը
Հայաստանի ազգային գրադարանը, Յուլիս 4-ին, պետական կարգավիճակ ստանալու հարիւրամեակը նշեց համերգային ծրագիրով, մրցանակաբաշխութեամբ եւ պատուոգրերու յանձնման հանդիսաւոր արարողութեամբ: Ըստ Armenpress.am-ի` պատուոգրեր տրուեցան գրադարանի աշխատակիցներուն, պարգեւներ ստացան գրադարանի ամենաընթերցասէր այցելուները: «Այսօր […]
Պօղոս Սնապեանի «Ես Այդ Շունն Եմ» Ծանօթ Գիրքի Յունարէն Լեզուով Հրատարակութիւնը
Յունիսի ընթացքին, Աթէնքի մէջ լոյս տեսաւ Պօղոս Սնապեանի «Ես այդ շունն եմ» գիրքի յունարէն թարգմանութիւնը, որ կատարուեցաւ ընկ. Սերգօ Աղապատեանի աշխատանքով։ Գիրքի հրատարակութիւնը եղաւ «Արմենիքա» պարբերաթերթին կողմէ։ Այս մասին կը […]
Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան Ընտրուեցաւ Պոլսոյ Պատրիարքի Տեղապահ
Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքով տեղապահ ընտրուեցաւ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան: Այս մասին կը յայտնէ «Ակօս»-ի ֆէյսպուքեան էջը: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին մէջ Յուլիս 4-ին տեղի ունեցած է պատրիարքի […]
Թոմարզայի Հայկական Եկեղեցին Աւերման Եզրին է
Թուրքիոյ Կեսարիա նահանգի Թոմարզա գաւառին մէջ գտնուող հայկական պատմական Սբ Պօղոս–Պետրոս եկեղեցւոյ տանիքը աստիճանաբար ճաքեր կու տայ եւ կը փլի, իսկ եկեղեցւոյ սիւներուն ծեփերը կը թափին: Թոմարզայի մշակութային միութեան նախկին նախագահ Հասան Կիւրպիւզը կը նշէ, որ եկեղեցին աւերման եզրին է: «Մեր մեծագոյն ցանկութիւնն է, որ անհետացած որմնագիրներով այս եկեղեցին վերանորոգուի եւ ծառայէ զբօսաշրջութեան»,- ըսած է ան: Թոմարզայի շուկայի կեդրոնը գտնուող հայկական եկեղեցին կառուցուած է 1837-ին: […]









