Ազգային Գրադարանը Մեծ Շուքով Տօնեց Պետական Կարգավիճակ Ստանալու Հարիւրամեակը

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի ազգային գրադարանը, Յուլիս 4-ին, պետական կարգավիճակ ստանալու հարիւրամեակը նշեց համերգային ծրագիրով, մրցանակաբաշխութեամբ եւ պատուոգրերու յանձնման հանդիսաւոր արարողութեամբ:

Ըստ Armenpress.am-ի` պատուոգրեր տրուեցան գրադարանի աշխատակիցներուն, պարգեւներ ստացան գրադարանի ամենաընթերցասէր այցելուները:

«Այսօր մեր գրադարանին մէջ կը պահուի 6,5 միլիոն գիրք, բայց, ի հարկէ, հաշուառումը դեռ ընթացքի մէջ է, եւ թիւը ճշգրտման կարիք ունի»,-նշեց գրադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հրաչեայ Սարիբեկեան:

Ան ըսաւ, որ գրադարանին մէջ կան բազմաթիւ  խնդիրներ՝ կապուած կառուցուածքի,  գրադարանի համալրման եւ այլ հարցերու հետ: «Ազգային գրադարանի գերխնդիրը զայն հայկական գիրքով համալրելն է: Գրադարանը պէտք չէ մոռնայ որեւէ տեղ լոյս տեսնող որեւէ գիրք: Անիկա պէտք է ունենայ Սփիւռքի մէջ հրատարակուած ցանկացած գիրք, պարբերական: Մենք կը պատրաստուինք խնդիրները յաղթահարել համակարգուած մօտեցումներ, նոր կանոնակարգեր մշակելով, բարեփոխումներ իրականացնելով»,- ընդգծեց Սարիբեկեան:

Գրադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը աւելցուց, որ պետութեան ֆինանսաւորումը կայ, եւ այժմ գրադարանը կ՝առաջնորդուի տնտեսման ուղիով:

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի խօսքով` քիչ գրադարաններ կան, որոնք կրնան հպարտութեամբ խօսիլ իրենց հասուն տարիքին եւ անցած երկար ճանապարհին մասին:

«Ազգային գրադարանը նպաստած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի զարգացման: Վստահ եմ` ապագային այս գրադարանը պիտի ունենայ աւելի մեծ յաջողութիւններ»,-նշեց նախարարը:

Հանդիսութեան ծիրէն ներս՝ «Անտարես» հրատարակչութիւնը գիրքեր նուիրեց գրադարանի այն ընթերցողներուն, որոնք քաջածանօթ են հայ ժամանակակից գրողներու ստեղծագործութիւններուն: Իսկ Ազգային գրադարանը՝ իր լաւագոյն ընթերցողին նուիրեց ելեկտրոնային գիրքերու «Kindle» ընթերցիչ: «Էդիթ Պրինտ» հրատարակչութիւնն ալ «Ուրբաթագիրք» հայալեզու առաջին տպագիր գիրքին օրինակը նուիրեց դահլիճին մէջ իրականացուած խաղ-մրցոյթի յաղթողին: