Հայաստանը Կը Նշէ Սահմանադրութեան եւ Պետական Խորհրդանշաններու Օրը

Այլեւայլ, Հայաստան

1991-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնումով անխուսափելի դարձաւ նոր` ազգային սահմանադրութեան ընդունումը: Սահմանադրութիւնը ընդունուեցաւ 1995-ի Յուլիս 5-ին համաժողովրդական հանրաքուէով` յետագային՝ 2005-ի եւ 2015-ի հանրաքուէներով ենթարկուեցաւ փոփոխութիւններու: Սահմանադրութեան ընդունման օրը դարձաւ տօն` Սահմանադրութեան օր:

Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը Հայաստանի իրաւական համակարգի հիմքն է` երկրի հիմնական օրէնքը, որուն պէտք է համապատասխանեն միւս բոլոր օրէնքներն ու իրաւական գործողութիւնները: Սահմանադրութիւնը նաեւ արժէքաբանական-գաղափարական փաստաթուղթ է, որ կը սահմանէ հասարակութիւնը կազմակերպելու ամենահիմնական սկզբունքները, որոնց գործդրման եւ ամրապնդման պէտք է ձգտի պետութիւնը:

«Հայ ժողովուրդը, հիմք ընդունելով Հայաստանի անկախութեան մասին հռչակագրին մէջ հաստատագրուած հայոց պետականութեան հիմնարար սկզբունքները եւ համազգային նպատակները, իրականացուցած ինքնիշխան պետութեան վերականգնման իր ազատասէր նախնիներու սուրբ պատգամը, նուիրուած հայրենիքի հզօրացման եւ բարգաւաճման, ապահովելու համար սերունդներու ազատութիւնը, ընդհանուր բարեկեցութիւնը, քաղաքացիական համերաշխութիւնը, հաւաստելով հաւատարմութիւնը համամարդկային արժէքներուն, կ՛ընդունի Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը»,- այս տողերով կը սկսի ՀՀ Սահմանադրութիւնը:

Սահմանադրութիւնը ամրագրեց Հայաստանի Հանրապետութեան բնոյթը` որպէս ինքնիշխան, ժողովրդավարական, իրաւական եւ ընկերային պետութիւն, հռչակեց մարդու եւ քաղաքացիի հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները, սահմանեց հանրապետութեան կառավարման ձեւը` հիմնուած օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու տարանջատման սկզբունքի վրայ:

2017-ին «Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ կատարուած փոփոխութեամբ ամրագրուեցաւ նաեւ պետական խորհրդանշաններու օրը: Պետական խորհրդանշաններն են դրօշը, զինանշանը, օրհներգը` «Մեր հայրենիք»-ը: Այս օրը աւանդաբար տեղի կ՛ունենայ տօնական քայլերթ։ Օրը նաեւ ոչ աշխատանքային է: