Սահմանադրութիւնը Պէտք Է Ամէնօրեայ Ապրելակերպ Դառնայ․ Արծուիկ Մինասեան

Հայաստան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեանը կը խնդրէ կասկածի տակ չդնել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան օրինականութիւնը եւ համամիտ չէ այն միտքին հետ, թէ Հանրապետութեան նախագահը Սահմանադրութեամբ չունի բաւարար լիազօրութիւններ:

«Ունի: Իր թէ՛ սահմանադրական կարգավիճակը` իբրեւ անաչառ, համազգային նպատակներու հետեւորդ, եւ թէ՛ իբրեւ Սահմանադրական դատարանի միջոցով գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններու գործողութիւններն ու անգործութիւնը վիճարկելու սահմանադրական լիազօրութեամբ օժտուած անձ, ան այսօր կրնայ ամէնէն աշխուժ դերակատարը ըլլալ Սահմանադրութեան պահպանութեան հարցին մէջ», «Հայաստանի Հանրապետութեան  Սահմանադրութիւն. կարմիր եւ կանաչ գիծեր» նիւթով խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարեց Արծուիկ Մինասեան:

Ան ըսաւ, որ նախագահը ունի կարեւորագոյն գործիք` ուղերձով դիմելու Ազգային ժողովին` կարգաւորելու եւ առաջարկելու շարք մը  փոփոխութիւններ:

Մինասեան առաջարկեց նաեւ այնքան արժեւորել Սահմանադրութիւնը, որ անիկա ամէնօրեայ ապրելակերպ դառնայ: