Մենք Մեր Հաստատակամ Քայլերով Պիտի Բացառենք Սահմանադրական Կարգի Դէմ Հնարաւոր Ոտնձգութիւնները. Վարչապետ

Հայաստան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Սահմանադրութեան օրուան առիթով: Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, կ՛ըսուի.

«Սիրելի′ հայրենակիցներ,

Կը շնորհաւորեմ բոլորս Սահմանադրութեան օրուան առիթով:

Նախորդ տարի մեր երկրին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, որոնք իրենց բնոյթով լիարժէք կը համապատասխանէին Սահմանադրութեան տառին եւ ոգիին, եւս մէկ անգամ կ՛ապացուցեն, որ մեր քայլերը միտուած են իրաւունքի եւ օրէնքի գերակայութեան ապահովման ու ամրապնդման:

Մայր օրէնքի` Սահմանադրութեան անվերապահ կատարումը բոլորիս սրբազան պարտականութիւնն է եւ մենք հետեւողականօրէն պիտի շարունակենք իրաւական դաշտի բարեփոխումներն ու լիարժէք անկախ դատական համակարգի կայացման ուղղութեամբ քայլերը: Այդ հարցով մենք կը զգանք հասարակութեան լիարժէք աջակցութիւնը, որ լրացուցիչ ազդակ կը հաղորդէ մեր գործողութիւններուն:

Մենք մեր հաստատակամ քայլերով պիտի բացառենք սահմանադրական կարգի դէմ հնարաւոր ոտնձգութիւնները եւ լիարժէք կեանքի պիտի կոչենք Հայաստանի քաղաքացիներուն` Սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած իրաւունքներն ու ազատութիւնները:

Հայաստանի Հանրապետութեան յարգելի քաղաքացիներ,

Կրկին շնորհաւորելով այս կարեւոր տօնին առթիւ` կը մաղթեմ բոլորիս խաղաղութիւն, երջանկութիւն եւ ամենայն բարիք»: