Թոմարզայի Հայկական Եկեղեցին Աւերման Եզրին է

Աշխարհ, Էրկիր

Թուրքիոյ Կեսարիա նահանգի Թոմարզա գաւառին մէջ գտնուող հայկական պատմական Սբ Պօղոս–Պետրոս եկեղեցւոյ տանիքը աստիճանաբար ճաքեր կու տայ եւ կը փլի, իսկ եկեղեցւոյ սիւներուն ծեփերը կը թափին: Թոմարզայի մշակութային միութեան նախկին նախագահ Հասան Կիւրպիւզը կը նշէ, որ եկեղեցին աւերման եզրին է: «Մեր մեծագոյն ցանկութիւնն է, որ անհետացած որմնագիրներով այս եկեղեցին վերանորոգուի եւ ծառայէ զբօսաշրջութեան»,- ըսած է ան:

Թոմարզայի շուկայի կեդրոնը գտնուող հայկական եկեղեցին կառուցուած է 1837-ին: 1915 թուականէն ետք որոշ ժամանակ ծառայած է որպէս պահեստ եւ կինոթատրոն, իսկ ատկէ ետք` լքուած: Կը նշուի, որ Կեսարիոյ Յատակագծման եւ յուշարձաններու վարչութիւնը եւ Մշակութային եւ բնական արժէքներու պաշտպանութեան խորհուրդը որոշած էին եկեղեցին վերանորոգել եւ վերափոխել, սակայն ծրագիրը չէ իրականացած, կը յայտնէ Mynet.com կայքը:

Կիւրպիւզը կը պնդէ, որ եկեղեցին կառուցուած է 18-րդ դարուն,  եւ կը նշէ, որ եկեղեցին պատմական ու ճարտարապետական տեսանկիւնէ կարեւոր մշակութային ժառանգութիւն է: «Որոշ ժամանակ որպէս պահեստ օգագործուած, այնուհետեւ ժողովուրդին կինոթատրոն ծառայած եկեղեցին այժմ փլուզման եզրին է: Այս պահուն կը պահպանուին որմնանկարները: Աղաւնիի բոյնի վերածուած եկեղեցին, անուշադրութեան եւ անտարբերութեան հետեւանքով, աւերման վտանգի տակ է: Կ՛ակնկալենք նահանգի Մշակութային եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պաշտօնեաներու արձագանգը: Թոմարզայի մէջ գտնուող եկեղեցին տեղական եւ արտերկրեայ պատմութիւն սիրողներու համար տեսարժան վայր է: Յուսով եմ` եկեղեցին չի վերանար եւ կը նորոգուի»: