Բժշկական Եւ Առողջապահական Պարագաներ՝ Հալէպի Հայ Ծերանոցին Եւ Զինուորական Հիւանդանոցին

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, որ Յուլիս 13-15-ին Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ, Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան խումբին կողմէ Հալէպի Հայ ծերանոցին եւ զինուորական հիւանդանոցին փոխանցուած են բժշկական եւ […]

Ազգային Գրադարանին Մէջ Ցուցադրուեցան Լեւոն Շանթի Երկերուն Ամէնէն Հին Ու Ամէնէն Նոր Հրատարակութիւնները

Գրող, մանկավարժ, պետական եւ հասարակական գործիչ Լեւոն Շանթի  150-ամեակին առիթով Հայաստանի ազգային գրադարանին մէջ ներկայացուեցան հեղինակին երկերու ժողովածուները, թարգմանութիւնները եւ անոր նուիրուած աշխատութիւններ: Ցուցահանդէսին բացումը կատարուեցաւ Յուլիս 15-ին՝ գրադարանին պետական […]

Նախագահ Սարգսեան Եւ Վարչապետ Փաշինեան Քննարկեցին Երկրի Զարգացման Ծրագիրներ

Յուլիս 15-ին, նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հերթական աշխատանքային հանդիպումը: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն յայտնեցին, որ քննարկուեցան երկրի […]

Արցախի Մէջ Հիմնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 111-րդ Մասնաճիւղը

Հ.Մ.Ը.Մ.ի երկրորդ հարիւրամեակի ծրագիրներուն առաջնահերթութիւնը Արցախի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղ հիմնելու անհրաժեշտութիւնն էր։ Արցախի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղ ունենալու գաղափարը տարիներու փափաք էր, սակայն զանազան պատճառներով աշխատանքի սկիզբը յետաձգուած էր։ Միութեան 100ամեակի […]

Հայաստանը Ամենաշատ Աղբ Արտադրող Երկիրներու Շարքին է

Հայաստանը ներառուած է ցուցակին մէջ այն երկիրներու, ուր բնակչութեան մէկ շունչի հաշուով ամէնէն շատ աղբը կարտադրուի, կը տեղեկացնէ USA Today-ը: Հետազօտութեան համաձայն, որ իրականացուցած է Tempo գործակալութիւնը,  Գանատան կը գրաւէ առաջին […]

«Ջիւանական եւ Տէրեանական Օրեր»` Ջաւախքի Մէջ

Յուլիս 20-ին եւ 21-ին Ջաւախքի Կարզախ եւ Գանձայ գիւղերուն մէջ ՀՀ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան աջակցութեամբ «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամը տեղական իշխանութիւններու հետ համատեղ կ՛իրականացնէ «Ջիւանական եւ տէրեանական օրեր» […]

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին Անդրանիկ Այցելութիւնը Դամասկոս

Կիրակի, 14 Յուլիս 2019-ին , Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տէր Մասիս Եպս. Զօպուեան եւ իր պատուիրակութիւնը ժամանեցին Դամասկոս, կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին շրջանի Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչ Կարօ […]

«Կիլիկիա. Առիւծներու Երկիր» Երեք Ֆիլմերը Պիտի Ցուցադրուին Պէյրութի եւ Երեւանի Մէջ

Յուլիս 17-ին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ` «Մեթրոպոլիս էմփայր սոֆիլ» թատրոնին մէջ, տեղի պիտի ունենայ «Կիլիկիա. առիւծներու երկիր» երեք պատմական ֆիլմ–ակնարկներու փակ դիտումը, կը հաղորդէ Orer.eu-ը: Ցուցադրութեան եւ քննարկման հրաւիրուած են Լիբանանի կառավարութեան անդամներ, պատգամաւորներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, մտաւորականներ, […]

Թուրքերուն Զայրացուցած է National Geographic-ի Գրութիւնը

National Geographic ամսագիրը Արարատ լերան հերթական լուսանկար հրապարակած է: Ամառուան տապին Instagram–ի բաժանորդներուն ամսագիրը ցոյց տուած է լերան ձմեռնային լուսանկարները` ձիւնի մէջ եւ մոխրագոյն երկինքի տակ, կը հաղորդէ arenanews.am-ը։ «Արարատը յանգած հրաբուխ է Թուրքիոյ արեւելքը: Սա երկրի ամենաբարձր կէտն է: Գիտնականները այն […]