Ատրպէյճան Նախիջեւանի Կողմէ Կրակեց Ելփին Գիւղին Վրայ
Ատրպեճանական բանակը, խախտելով հրադադարը՝ Յուլիս 17 -ի գիշերը Նախիջեւանի հատուածէն կրակոցներ արձակեց հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ:
Լուրը հաստատեց պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:
«Փամփուշտներէն մէկը ինկած է Ելփին գիւղի տուներէն մէկուն կտուրին: Հայկական կողմը պատասխան կրակ բացած է հակառակորդին ուղղութեամբ», յայտնեց Յովհաննիսեան: