Ռուսիա Եւ Հայաստան Սուրիոյ Մէջ Միացեալ Մարդասիրական Առաքելութիւն Պիտի Իրականացնեն

Մոսկուայի մէջ նախագահ Փութինի հետ հանդիպումէն ետք, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին տեղեկացուցած է, որ Հայաստան շուտով Ռուսիոյ հետ մարդասիրական առաքելութիւն պիտի իրականացնէ Սուրիոյ, յատկապէս […]

Նիկոլ Փաշինեան Պիտի Հանդիպի Ֆրանսայի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 14-ին պիտի այցելէ Ֆրանսա: Այս մասին՝ ըստ «Արմենփրես»-ին՝  ըսած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան: «Յառաջիկայ ուրբաթ օրը Փաշինեան պիտի ըլլայ […]

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Առիթով Յուշաքարի Բացում Քեսապի Վերանորոգուած Բանակավայրէն Ներս

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան 100-ամեակը զուգադիպեցաւ Միութեան Քեսապի բանակավայրի վերանորոգումին եւ վերաբացումին: Բանակավայր մը, ուր սուրիահայ ՀՄԸՄ-ականները յիշատակելի պահեր անցուցած են եւ բուռն փափաքը ունին իրենց զաւակները եւս այդտեղ բանակումի […]

Փայլան Կոչ Ըրած է Թուրքիոյ Խորհրդարանին Ուսումնասիրելու 1955-ին Թուրքիոյ Մէջ Քրիստոնեաներու Դէմ Զանգուածային Յարձակումները

Թուրքիոյ ընդդիմադիր ժողովուրդներու Ժողովրդավարական  կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան կոչ ըրած է խորհրդարանին քննելու 1955-ի Սեպտեմբեր 6-7-ին Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեաներու դէմ զանգուածային յարձակումներու, կողոպուտի ու սպանութեան դէպքերը: Ինչպէս կը հաղրդէ «Թերթ»-ը՝ վկայակոչելով Demokrathaber.org կայքը, հայ պատգամաւորը շեշտած է, որ թէեւ Սեպտեմբեր 6-7-ի դէպքերէն անցած է 63 տարի` պետութիւնը […]

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծն Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղ Կը Հիմնուի

Հինգշաբթի, Օգոստոս 23-ին, 10 հայորդիներ ի մի գալով՝ հիմը դրին Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (TCA Metro Los Angeles), կրթական եւ մշակութային սպասարկութիւններ մատուցելու համար քաղաքի հայութեան։ Հիմնադիր […]

Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ Անձնագիրներ Յանձնած Գանատահայ Դերասանուհի Արսինէ Խանջեանին եւ Բեմադրիչ Ատոմ Էգոյեանին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 6-ի երեկոյեան Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիրներ յանձնած յայտնի դերասանուհի Արսինէ Խանջեանին եւ Գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էգոյեանին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին մէջ […]

Նախարար Կիտանեան Այցելեց Դամասկոսի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարան

ԼԻբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Սեպտեմբեր 6-ին այցելեց Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանին: Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Ազգային իշխանութեան նախագահ Աւետիս Ոսկեան եւ […]

Սիլվա Իշխանեան՝ Հալէպի Պետական Համալսարանի Բժշկագիտութեան Բաժինի Տնօրէն

Սուրիահայ բժշկուհի Սիլվա Իշխանեան նշանակուած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Հալէպի Պետական համալսարանի Բժշկագիտութեան բաժանմունքի տնօրէն: Այս մասին կը հաղորդէ “Հայերն այսօր”-ը։

Արմէն Բայբուրդեան Կը Նշանակուի Լոս Անճելըսի Մօտ Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոս

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի Սեպտեմբեր 6-ի հրամանով, Արմէն Վահանի Բայբուրդեանը նշանակուած է Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս: Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Բայբուրդեան Լոս Անճելըսի հիւպատոս նշանակուած էր […]

Հայ Դատը Հետաքննութիւն Կը Պահանջէ՝ Իսրայէլէն Ատրպէյճան Արտածուող Զէնքերու Հարցով

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, որ պաշտօնական հետաքննութիւն բանայ Իսրայէլէն Ատրպէյճան կատարուած հաւանական ապօրինի արտածումներուն հարցով, որոնք կրնան կապ ունենալ 2017-ի Յուլիսին՝ իսրայէլեան […]