Ռուսիա Եւ Հայաստան Սուրիոյ Մէջ Միացեալ Մարդասիրական Առաքելութիւն Պիտի Իրականացնեն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Մոսկուայի մէջ նախագահ Փութինի հետ հանդիպումէն ետք, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին տեղեկացուցած է, որ Հայաստան շուտով Ռուսիոյ հետ մարդասիրական առաքելութիւն պիտի իրականացնէ Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի մէջ` շեշտելով, որ ատիկա ռազմական ոչ մէկ բաղադրիչ կը պարունակէ, այլ զուտ մարդասիրական է:

«Ծրագիրի հիմնական նպատակը Հալէպի հայկական համայնքին եւ Սուրիոյ օգնելն է: Ես շատ ուրախ եմ, որ մեր երկիրները տուին այս միացեալ որոշումը, եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մարդասիրական առաքելութեան ներկայացուցիչները պիտի գործեն Հայաստանի դրօշին տակ», ըսած է Փաշինեան:

Անոր համաձայն, այս առաքելութիւնը Հայաստան կը կատարէ Ռուսիոյ հետ միացեալ, որովհետեւ անիկա մարդասիրական առաքելութիւն է. վարչապետը յոյս յայտնած է, որ միջազգային հանրութեան նորանոր ներկայացուցիչներ եւս կը ներգրաւուին այս հոլովոյթին մէջ: