Փութին Եւ Փաշինեան Կը Շեշտեն Բոլոր Ոլորտներուն Մէջ Յարաբերութիւնները Աւելի Զարգացնելու Անհրաժեշտութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Սեպտեմբեր 8-ին, Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Անոնք քննարկած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջագիծ, անդրադարձած են երկկողմանի ու բազմակողմանի ձեւաչափերով համագործակցութեան եւ զարգացման հեռանկարներուն` քաղաքական, զինուորական համակարգի, տնտեսական, մարդասիրական եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ ոլորտներուն մէջ:

Փութինի հետ հանդիպումին Փաշինեան յոյս յայտնած է նաեւ, որ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները կը կառուցուին ներքին գործերուն միջամուխ չըլլալու սկզբունքին վրայ, ինչ որ հանդիսացած է այն կիզակէտը, որուն վրայ լուսարձակները կեդրոնացուցած են ռուսական լրատուամիջոցները:

Իր խօսքին մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ըսած է. «Թերեւս կարիք չկայ առանձնապէս խորանալու մեր յարաբերութիւններու բնոյթին մէջ, անոնք լրիւ առանձնայատուկ բնոյթ կը կրեն: Եւ ատիկա  դրսեւորուած է դարերու ընթացքին, եւ ոչ միայն` մեր եւ ձեր միացեալ աշխատանքին:

Այսօրուան դրութեամբ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւնները կայուն կերպով կը զարգանան բոլոր ուղղութիւններով: Ատիկա կը վերաբերի քաղաքական յարաբերութիւններու եւ ռազմական ոլորտին, անվտանգութեան հարցերուն, տնտեսական համագործակցութեան:

«Վստահաբար Ռուսիան առաջին դիրքը կը գրաւէ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական գործընկերներու շարքին: Մենք մեծագոյն ներդրողն ենք Հայաստանի տնտեսութեան մէջ, եւ կրնանք ըսել, որ այս իմաստով յարաբերութիւնները բաւական բազմազան են: Անոնց մէջ կան ուժանիւթի ոլորտը, որուն մէջ` ածխաջրածնային ուժանիւթը, կազի մատակարարումը, ընդ որում` ամէնէն ցած գինով, որով «Կազփրոմ»-ը աշխարհի մէջ կազ կը վաճառէ 150 տոլարի` 1000 խորանարդ մեթրի դիմաց, աթոմային ուժանիւթը, ջերմային ուժանիւթը:

«Մենք մեր յարաբերութիւնները կը զարգացնենք նաեւ մետաղագործական արդիւնաբերութեան մէջ, ընդ որում`  տարբեր ուղղութիւններով, եւ մեքենաշինութեան ոլորտին մէջ: Մէկ խօսքով` մենք քննարկելու հարցեր ունինք:

«Յատկապէս ուրախալի է, որ նախորդ տարի ապրանքաշրջանառութիւնը աւելցած է գրեթէ 30 տոկոսով, իսկ այս տարուան առաջին կիսամեակին աճը արդէն կազմած է 22,2 տոկոս, այսինքն` եթէ այսպէս շարունակուի, մենք պիտի գերազանցենք նախորդ տարուան ցուցանիշները:

«Մեր համագործակցութեան ծաւալը մեծ է: Շատ ուրախ եմ ձեզ տեսնելու` քննարկելու մեր ընթացիկ փոխադարձ գործակցութիւնը եւ զարգացման միջնաժամկէտ հեռանկարները», նշած է նախագահ Փութին:

Վարչապետ Փաշինեան իր կարգին ուրախութիւն յայտնած է այս հանդիպման ընթացքին, որ 4 ամսուան ընթացքին երրորդն է: «Կը կարծեմ, թէ այսպիսի պարբերականութիւնը ցուցանիշ է մեր յարաբերութիւններու յատուկ բնոյթին եւ, թոյլ տուէք ըսել, նաեւ մեր անձնական յարաբերութիւններու յատուկ բնոյթին: Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ, ի հեճուկս որոշակի յոռետեսութեան, որ այսօր գոյութիւն ունի ե՛ւ հայաստանեան, ե՛ւ ռուսական լրատուական դաշտին եւ ընկերային ցանցերուն մէջ, կը կարծեմ, թէ մեր յարաբերութիւնները կը զարգանան շատ աշխուժ, շատ բնական կերպով, իսկ գլխաւոր խնդիրը, զոր պէտք է փորձենք լուծել, մեր յարաբերութիւններու զարգացման համար առկայ ամբողջ ներուժի բացայայտումն է:

«Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ մեր յարաբերութիւններուն մէջ չկան հարցեր. Աստուած հեռու պահէ այդպիսի իրավիճակէ, երբ յարաբերութիւններուն մէջ չկան հարցեր, քանի որ ատիկա պիտի նշանակէր, որ յարաբերութիւն ընդհանրապէս գոյութիւն չունի: Վստահօրէն կրնամ ըսել, որ մեր յարաբերութիւնններուն մէջ չկան անլուծելի հարցեր, եւ մենք այսօր կը քննարկենք հարցերու շատ լայն շրջանակ:

«Վստահ եմ, որ  այդ հարցերը պիտի լուծուին` մեր դաշնակցային յարաբերութիւններու շահերուն նկատմամբ յարգանքի, մեր երկիրներու շահերուն նկատմամբ յարգանքի, մեր երկիրներու ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի եւ իրարու ներքին գործերուն չմիջամտելու սկզբունքին հիման վրայ: Շատ ուրախ եմ, որ ռուս ներկայացուցիչները, ամէն անգամ խօսելով մեր յարաբերութիւններուն մասին, կ՛ընդգծեն նաեւ այս առանցքային հարցերը: Կը կարծեմ` գլխաւոր խնդիրը իսկապէս մեր յարաբերութիւններուն մէջ առկայ ամբողջ ներուժի բացայայտումն է:

«Մենք, ի հարկէ, ունինք փայլուն յարաբերութիւններ, բայց կը կարծեմ, թէ պէտք չէ ատոր վրայ կանգ առնել. յատկապէս մեծ ներուժ ունինք քաղաքական, տնտեսական, ռազմական համակարգի համագործակցութեան ոլորտներուն մէջ եւ ընդհանրապէս մարդասիրական կապերու ամրապնդման առումով: Ի հարկէ, մենք շահագրգռուած ենք մեր յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումով եւ սերտացումով. նկատի ունիմ ո՛չ միայն երկկողմանի յարաբերութիւնները, այլ նաեւ համագործակցութիւնը ե՛ւ Եւրասիական տնտեսական միութեան, ե՛ւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան շրջանակին, եւ ընդհանրապէս միւս ոլորտներուն մէջ:

«Դուք, ի հարկէ, իրաւացի էք. մեր ապրանքաշրջանառութեան աճը այս տարի կազմած է աւելի քան 20 տոկոս, եւ ատիկա շատ լաւ նորութիւն է: Կը կարծեմ` մեր յարաբերութիւններուն մէջ լաւ նորութիւններ շատ կան. միայն պէտք է ընդգծել եւ որոշումներ տալ որոշ ուղղութիւններով, եւ, ի հարկէ, պէտք է մտածել` ի՞նչ ընել, որպէսզի մեր յարաբերութիւնները հետագային եւս աշխուժ կերպով զարգանան:

«Անգամ մը եւս, շատ ուրախ եմ այս հանդիպման համար: Վստահ եմ, որ պիտի կարենանք պահպանել այս պարբերականութիւնը, որովհետեւ ինծի համար հաճելի է յարաբերիլ ձեզի հետ` ո՛չ միայն միջպետական, այլ նաեւ անձնական մակարդակի վրայ», յայտնած է Նիկոլ Փաշինեան:

Լրատուամիջոցներուն համար կարճ յայտարարութիւններէ ետք կողմերը շարունակած են զրոյցը` դռնփակ:

Բանակցութիւններէն ետք Նիկոլ Փաշինեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «Նոր աւարտեցաւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իմ հանդիպումս: Արդիւնաւէտ զրոյց ունեցանք, որուն իբրեւ արդիւնք կրնանք արձանագրել, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները փայլուն են: Մեր յարաբերութիւններուն մէջ ոչ մէկ հարց կայ, ոչ մէկ ուղղութեամբ»:

Քրեմլինի հանդիպումէն ետք վարչապետ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է ռուսահայ գործարարներու հետ, որոնց հետ քննարկած է ներդրումային զանազան հարցեր, ինչպէս նաեւ խօսած է Հայաստանի վերաբերող տարբեր խնդիրներու մասին: Ըստ անոր, հայ-ռուսական յարաբերութիւնները նախապէս երբեք այնքան բարձր մակարդակի չեն եղած, որքան այսօր:

Փաշինեան անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման` դիտել տալով, որ յաճախ հարցում կ՛ուղղուի այն մասին, թէ Հայաստան այս հարցով պատրա՞ստ է փոխզիջումներու: «Ես, այդ հարցումին պատասխանելու ատեն միշտ անհրաժեշտ կը նկատեմ ընդգծել, որ նախ պէտք է Ազրպէյճանին հարցնել` արդեօք ան պատրա՞ստ է փոխզիջումներու, որովհետեւ այն իրավիճակին մէջ, երբ Ազրպէյճան անընդհատ սպառնալիքներ կը կարդայ Հայաստանի եւ Արցախի հասցէին, որեւէ ձեւով ըսել, թէ Հայաստան պատրաստ է փոխզիջումներու, պիտի նշանակէ թուլութիւն ցոյց տալ: Մենք երբեք ատիկա չենք ըներ: Եւ կ՛ըսենք, որ Հայաստանի հետ ոեւէ մէկը չի կրնար սպառնալիքներու լեզուով խօսիլ: Մենք նման բան չենք արտօներ»:

Վարչապետը նաեւ նշած է, որ ապագային Արցախը կը պատկերացնէ իբրեւ Հայաստանի մէկ մասը: «Իսկ այդ ճամբան կրնայ բաղկացած չըլլալ մէկ քայլէ, այլ` երկու կամ երեք քայլերէ, բայց ապագայի մեր տեսլականը միանշանակ այդ է: Եւ այստեղ որեւէ կասկած չի կրնար ըլլալ», հաստատած է վարչապետը: