Նշան Պէշիկթաշլեան (1898-1972). Ս­փիւռ­քա­հայ Եր­գի­ծագ­րու­թեան Ար­ժա­նա­ւոր Իշ­խա­նը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Նազարէթ Պէրպէրեան


Սեպ­տեմ­բեր 7էն 8ի լուս­ցող գի­շե­րը, 46 տա­րի ա­ռաջ, ­Փա­րի­զի հի­ւան­դա­նոց­նե­րէն մէ­կուն մէջ, մեր կեան­քէն առ­յա­ւէտ հե­ռա­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան տա­ղան­դա­ւոր­նե­րէն Ն­շան Պէ­շիկ­թաշ­լեան, որ սե­րունդ­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ յա­ւերժ պի­տի ապ­րի իբ­րեւ սփիւռ­քա­հայ եր­գի­ծագ­րու­թեան ար­ժա­նա­ւոր իշ­խա­նը։

Միայն եր­գի­ծա­գիր չէ, սա­կայն, Ն­շան Պէ­շիկ­թաշ­լեան։ ­Նաեւ՝ բա­նաս­տեղ­ծու­թեանց, վէ­պե­րու եւ թա­տե­րա­խաղ­նե­րու հե­ղի­նակ է։ Իսկ իր կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին ան հռչա­կո­ւե­ցաւ նաեւ իբ­րեւ հմուտ թա­տե­րա­գէտ՝ հայ գրա­կա­նու­թեան կտա­կե­լով շուրջ 1200 է­ջե­րէ բաղ­կա­ցած «­Թա­տե­րա­կան ­Դէմ­քեր» կո­թո­ղա­կան աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը, որ ար­ժա­նա­ցաւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան «­Գէորգ ­Մե­լի­տի­նե­ցի» գրա­կան մրցա­նա­կին ու հրա­տա­րա­կու­թեան։

Ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի գե­ղեց­կու­թեան եւ կա­տա­րե­լու­թեան նո­ւի­րո­ւած ան­վի­ճե­լի վար­պետ մը հան­դի­սա­ցաւ ­Պէ­շիկ­թաշ­լեան, որ իր գրի­չին գե­ղե­ցիկ պար­զու­թեան միա­ցուց պատ­կե­րա­ւոր ար­տա­յայ­տու­թեան եւ խո­րա­մոյն մտա­ծո­ղու­թեան վա­ւե­րա­կան թռիչ­քը։ Իր այդ ար­ժա­նիք­նե­րուն շնոր­հիւ՝ ստեղ­ծեց եր­գի­ծան­քի իր ու­րոյն ոճն ու դպրո­ցը. բնաւ հեգ­նող ու քի­նախն­դիր չե­ղաւ, այ­լեւ՝ իր ա­մէ­նէն սուր խայ­թոց­նե­րուն մէջ ան­գամ մնաց… յար­գա­լիր։

Այդ պատ­ճա­ռով ալ սի­րո­ւե­ցաւ ըն­թեր­ցող լայն հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ, որ ան­համ­բեր սպա­սու­մով «լա­փեց» հայ մա­մու­լի է­ջե­րուն հրամ­ցո­ւած ­Պէ­շիկ­թաշ­լեա­նի գրե­թէ ա­մէ­նօ­րեայ տոմ­սե­րը, ո­րոնք ինք­նաքն­նարկ­ման, քննա­դա­տու­թեան եւ ինք­նաքնն­դա­տու­թեան ա­ռու­մով հա­րա­զատ հա­յե­լին դար­ձան հա­ւա­քա­կան մեր կեան­քին՝ սփիւռ­քեան բո­լոր ա­փե­րուն։

Ան­խոնջ աշ­խա­տող մը եւ ներշն­չու­մի անս­պառ աղ­բիւր մը ե­ղաւ Ն­շան ­Պէ­շիկ­թաշ­լեան, որ ա­ւե­լի քան քսան հա­տոր կազ­մող հրա­տա­րա­կո­ւած իր գոր­ծե­րու կող­քին՝ ժա­ռանգ ձգեց նաեւ ան­տիպ գոր­ծե­րու ամ­բողջ հարս­տու­թիւն մը։
Ծ­նած էր 1898ին (ո­րոշ աղ­բիւր­նե­րու հա­մա­ձայն՝ 1896ին) ­Պո­լիս, ուր ­Բե­րա­յի նա­խակր­թա­րան­նե­րուն մէջ տար­րա­կան իր ու­սու­մը ստա­նա­լէ ետք՝ 12 տա­րե­կա­նէն նե­տո­ւե­ցաւ կեան­քի աս­պա­րէզ եւ ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ կա­տա­րե­լա­գոր­ծեց ոչ միայն իր մայ­րե­նին ու գրե­լու տա­ղան­դը, այ­լեւ՝ հայ մշա­կոյ­թին եւ հա­յոց պատ­մու­թեան մա­սին գի­տա­կան իր այն­քա՜ն լայն պա­շա­րը։

Սկ­սաւ ստեղ­ծա­գոր­ծել պա­տա­նի տա­րի­քէն՝ պոլ­սա­հայ մա­մու­լի է­ջե­րուն քեր­թո­ւած­ներ եւ պատ­մուածք­ներ հրա­տա­րա­կե­լով։ ­Միայն կարճ ժա­մա­նակ մը զբա­ղե­ցաւ հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­թեամբ, որ­մէ ետք ամ­բողջ կեան­քը նո­ւի­րեց գրա­կա­նու­թեան։

Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած պոլ­սա­հայ գրող­նե­րէն շա­տե­րու պէս, ­Պէ­շիկ­թաշ­լեան ինք եւս նախ ձեռ­նա­մուխ ե­ղաւ յետ-ե­ղեռ­նեան պոլ­սա­հայ գրա­կան կեան­քի վե­րաշ­խու­ժա­ցու­մին, ա­պա՝ 1922ի Զ­միւռ­նիոյ մեծ ա­ղէ­տէն ետք, ան­ցաւ ­Յու­նաս­տան, կարճ ժա­մա­նակ մը նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Քեր­քի­րա­յի որ­բա­նոց­նե­րը հա­ւա­քո­ւած հայ մա­նուկ­նե­րու հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան։ Այ­նու­հե­տեւ վերջ­նա­կա­նա­պէս հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Փա­րիզ, ուր ամ­բողջ կէս դար իր աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ա­րեւմ­տա­հայ գրա­կա­նու­թեան եւ, ընդ­հան­րա­պէս, հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման ու զար­գաց­ման նո­ւի­րա­կան պայ­քա­րին։ Մ­նա­յուն եւ փնտռո­ւած աշ­խա­տա­կի­ցը դար­ձաւ ա­տե­նի հայ մա­մու­լին՝ օ­րա­թեր­թա­յին տոմ­սեր հասց­նե­լով ­Փա­րի­զի «­Յա­ռաջ»էն ու ­Պոս­թը­նի «­Հայ­րե­նիք»էն մին­չեւ Ա­թէն­քի «Ա­զատ Օր»ին ու ­Պէյ­րու­թի «Ազ­դակ»ին եւ «Ս­փիւռք»ին։ Իսկ գրա­կան իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով՝ մնա­յուն ներ­կա­յու­թիւն ե­ղաւ նախ «­Հայ­րե­նիք Ամ­սա­գիր»ի եւ, ա­պա, «­Բա­գին»ի է­ջե­րուն։ ­Յա­տուկ կա­նո­նա­ւո­րու­թեամբ աշ­խա­տակ­ցու­թիւն բե­րաւ Պէյ­րութ հրա­տա­րա­կո­ւած «Բ­ժիշկ» ամ­սագ­րին։

Պէ­շիկ­թաշ­լեան ան­ձուկ պայ­ման­նե­րու մէջ ապ­րե­ցաւ եւ ստեղ­ծա­գոր­ծեց, բայց բնաւ վար չդրաւ գրի­չը. ապ­րուս­տի դժո­ւա­րու­թեանց եւ հի­ւան­դու­թեան դէմ շա­րու­նակ պայ­քա­րե­ցաւ, ա­ռա­ւել՝ բա­րու­թիւնն ու լա­ւա­տե­սու­թիւ­նը բնաւ չկորսն­ցուց։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ ժպի­տը վե­րա­ծեց կեան­քի փի­լի­սո­փա­յու­թեան եւ այդ պատ­գա­մով ո­գե­ւո­րեց մեր սե­րունդ­նե­րը՝ «ժպիտ»ը խո­րագ­րին տակ գրե­լով.-
«Ժ­պի­տը շնոր­հաց շնորհն է, Աս­տուծ­մէ ա­ռա­քո­ւած մի­միայն մարդ ա­րա­րա­ծին։ ­Մար­դը պար­տի գոր­ծա­ծել ու փայ­լեց­նել այդ շնոր­հը։ Ե­րե­սը կախ մար­դը կը մե­ղան­չէ Ա­րա­րի­չին, ա­րա­րած­նե­րուն եւ մա­նա­ւանդ իր շուր­ջին­նե­րուն դէմ։
«­Գի­տէ՞ք թէ ին­չո՛ւ Երկ­նա­ւոր ­Հայ­րը ժպտե­լու շնոր­հը միայն մարդ էա­կին տո­ւաւ։ Ա­տով ան ը­սել ու­զեց.
«- Ա՜յ մարդ, աշ­խար­հի վրայ, բո­լոր շնչա­ւոր­նե­րուն մէջ, դուն ես, որ ա­մէն մի­ջոց ու պատ­ճառ ու­նիս եր­ջան­կա­նա­լու։ ­Դուն ես, որ կրնաս խնդալ՝ վա­յե­լե­լով ա­ռա­տա­ձեռն մայր բնու­թեան բա­րու­թիւն­նե­րը։
«­Մար­դը եր­ջան­կա­ցա՞ւ, խնդա՞ց։ Ո՛չ։ ­Մար­դը չխնդաց ու չխնդա­ցուց։ Իր եր­ջան­կու­թիւ­նը, ա­մէն դա­րե­րու մէջ, իր ձեռ­քով խեղ­դեց։
«­Հի­մա պէտք է մարդ­կու­թիւ­նը ժպտիլ սոր­վի, վե­րագտ­նե­լու հա­մար կո­րու­սեալ դրախ­տը։
«Ու եր­գի­ծա­բա­նը, այս բա­րի սա­տա­նան, հարկ է ներ­բո­ղեան հիւ­սէ ժպի­տին հա­մար։
«Ժ­պի­տը ան­թա­ռամ ոս­կե­շու­շան մըն է, զո­ւար­թուն­նե­րու խում­բի մը կող­մէ յանձ­նո­ւած մար­դուն։
«Ժ­պի­տը աստղն է հո­գիին։ Ու ճա­ռա­գայ­թը մարմ­նոյն։ ­Բա­րե­րար է աստ­ղը ու կեն­սա­տու է այդ ճա­ռա­գայ­թը։ Ե­րա­նեալ է ան, որ այդ բա­րի աստ­ղին տակն է միշտ։ ­Գո­վեալ է ան, որ այդ ճա­ռա­գայ­թին ազ­դե­ցու­թեան ներ­քեւ է։
«Ժ­պի­տը կը պար­գե­ւէ մե­զի ներ­քին ծա­փեր։ Կ­՚ըն­ծա­յէ մկա­նա­յին շար­ժում­ներ։ ­Կու տայ ա­րեան ա­լիք, կար­միր գնդիկ­նե­րուն հրճո­ւանք, մեր յօ­րի­նո­ւած­քին կեն­սա­հո­սանք։ Ա­նով կը վե­րա­նո­րո­գո­ւի ա­րիւ­նը, կ­՚ա­րա­գա­նայ շրջա­նը։
«­Մարդ կ­՚ե­րի­տա­սար­դա­նայ ժպտե­լով։
«Մ­տա­ծու­մը կ­՚ոս­կեջ­րո­ւի, ե­րա­զը կը բու­րում­նա­ւէ­տո­ւի եւ յոյ­սը կը մտնէ լու­սե­ղէն ո­լոր­տի մէջ։
«Ժ­պի­տը լոյսն է գո­հու­նա­կու­թեան, եւ գո­հու­նա­կու­թիւ­նը աս­տո­ւա­ծա­հա­ճոյ է։ Ժպ­տի­լը ու­րեմն քրիս­տո­նէա­կան է։ Ժպ­տո­ղին գլխուն շուր­ջը կար­ծես լու­սապ­սակ կայ»։

Որ­քա՜ն դի­պուկ է հայ­կա­կան եր­գի­ծան­քի ազ­նո­ւա­սիրտ իշ­խա­նին նո­ւի­րո­ւած ­Մի­նաս Թէօ­լէօ­լեա­նի այն ար­ժե­ւո­րու­մը, թէ՝
«­Պէ­շիկ­թաշ­լեան բնաւ «չէ ծաղ­րած, այլ՝ եր­գի­ծած է, չէ խնդա­ցած, այլ՝ ժպտած է։ Եր­գի­ծո­ղը հոն է, ուր մար­դը կրնայ ճա­պա­ղիլ, կոպ­տա­նալ։ Ու ­Պէ­շիկ­թաշ­լեան առ հա­սա­րակ կրցած է նուրբ եր­գի­ծան­քին վար­պե­տը մնալ»։
«­Նուրբ եր­գի­ծանք»ի այդ ո­ճին խօ­սուն վկա­յու­թիւն­նե­րէն մէկն է Ար­շակ ­Չօ­պա­նեա­նին նոի­րո­ւած ­Պէ­շիկ­թաշ­լեա­նի «­Դի­մաս­տո­ւեր»ին հե­տե­ւեալ պատ­կե­րը.-
«Երբ ծնած է Ար­շակ ­Չօ­պա­նեան՝ իր դա­յեա­կը սար­սա­փէն գե­տին ին­կած, մա­րած է։
«­Հայրն ու մայ­րը՝ վերց­նե­լով այդ գլու­խը, խան­թա­րը զար­կած են ու կշռած.- ­Կա­պար՝ 3500 տի­րէմ։
«Բ­ժիշկ մը, վրայ հաս­նե­լով, կը յայ­տա­րա­րէ.
«- ­Վա­խու բան չկայ։ Ընդ­հա­կա­ռակն՝ ու­րա­խա­ցէ՛ք, քան­զի ծնաւ նոր ար­քայ, ի ­Պէ­շիկ­թաշ քա­ղա­քի։ Գ­լուխ մը՝ մեր անգ­լուխ ազ­գին հա­մար։
«Ա­նու­շիկ մայ­րը կ’ա­ռար­կէ.
«- ­Տոք­թոր է­ֆէն­տիս, սա ա­մէ­նը ա­ղէկ, ամ­մա, ա­սանկ ան­մար­մին ին­տո՞ր պիտ որ ապ­րի իմ մի­նու­ճար զա­ւա­կը…
«- Կ­նիկ, ը­սի քե­զի, որ ազ­գը անգ­լուխ է ու զա­ւակդ ալ գլուխ է։ Բռ­նէ զա­ւակդ ու ազ­գին վի­զը ան­ցուր»։

Իր կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ­Պէ­շիկ­թաշ­լեա­նի ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը կտրուկ վատ­թա­րա­ցաւ։ Ան­կող­նոյ ծա­ռա­յեց եր­կար տա­րի­ներ, բայց դար­ձեալ շա­րու­նա­կեց թա­փով ստեղ­ծա­գոր­ծել, մին­չեւ որ 1972ին, ­Սեպ­տեմ­բեր 7էն 8ի լուս­ցող գի­շե­րը, առ­յա­ւէտ փա­կեց բա­րու­թեամբ զե­ղուն իր աչ­քե­րը։

Մեր սե­րունդ­նե­րուն Ն­շան ­Պէ­շիկ­թաշ­լեան կտա­կեց ազ­գա­յին պատ­գամ, որ այն­քա՜ն հա­մով ու հո­տով խտա­ցած է ա­նոր գլուխ-գոր­ծոց­նե­րէն «­Հա­յը» խո­րագ­րով ան­մահ տոմ­սին մէջ՝
«­Հա­յուն մէջ եր­կու հո­գի կայ` վախ­կոտ մը եւ քաջ մը, կամ ստրուկ մը եւ հե­րոս մը։ Ա­մէն ազ­գի մէջ վախ­կո­տը կը կծկո­ւի քա­ջին ե­տե­ւը. ընդ­հա­կա­ռակն է ­Հա­յուն մէջ. քա­ջը կը գտնո­ւի վախ­կո­տին տա­կը։ Ա­մէն բռնա­կալ կրնայ իր ա­ռա­ջին հո­գին հա­նել։ ­Հա­նե՞ց. սոս­կա­լի է հրաշ­քը։ ­Կը ցցո­ւի պա­հես­տի հո­գին` խեն­թի նման։ Ու կը զար­նէ։ Եւ իր հա­րո­ւա­ծը անս­խա­լա­կան է… ­Պա­պին պէս։

«Երբ վտան­գի օ­րե­րը անց­նին, ­Հա­յը կը մեռց­նէ իր մէ­ջի հե­րո­սը ու վախ­կո­տին հետ քա­ջա­բար շու­կայ կ­՚իջ­նէ` գրա­ւե­լու՛ հա­մար Ոս­կե­բերդ մը»։

«­Հա­յը, երբ կու­սակ­ցա­կան է, կը ճա­ռէ ա­զա­տու­թե­նէ, երբ չէ­զոք է, կը խօ­սի միու­թե­նէ։ Իբր մարդ՝ ա­նիշ­խա­նա­կան է, իբր ­Հայ՝ ազ­գայ­նա­կան։ Ան­գամ մը որ տի­րա­նայ իր հայ­րե­նի­քին, կրկին ա­նիշ­խա­նա­կան կը դառ­նայ։

«­Քա­ղա­քա­կան կեան­քի մէջ գոր­ծա­զուրկ է, ու գոր­ծազր­կու­թեան նպաստ չի տրո­ւիր ի­րեն։ Հա­յա­սէր­նե­րու բա­րո­յա­կան լու­մա­նե­րով կը կա­ռու­ցա­նէ սպա­նիա­կան դղեակ­ներ եւ, ա­նոնց մէջ նստած, կար­կան­դակ­ներ կ­՚ո­րո­ճայ։

«Ե­թէ տա­րագ­րո­ւի կամ աղ­քա­տա­նայ կամ երբ աշ­խար­հի հե­ռա­ւոր մէկ ան­կիւ­նը իյ­նայ, շու­տով կը գտնէ հա­ցի ճամ­բան։ ­Փոր­ձէ ի­րեն նպաստ տալ՝ այն ժա­մա­նակ կը ծու­լա­նայ, մո­լու­թե­նէ մո­լու­թիւն կը գլտո­րի։

«­Կա­րե­լի չէ ոչ սու­րով, ոչ հու­րով սպան­նել զին­քը։ ­Զին­քը մեռց­նե­լու միակ մի­ջո­ցը ի­րեն նպաստ տալն է։

«Կ­րօ­նա­ւոր­նե­րը լաւ գի­տեն այս գաղտ­նի­քը ու հա­յուն վրայ կը վա­զեն ա­ղէտ­նե­րէ վեր­ջը` տա­նե­լով նպաս­տի, կա­թո­լի­կու­թեան կամ բո­ղո­քա­կա­նու­թեան սնտուկ­ներ եւ պար­կեր։ Հա­յը լե­րան մը վրայ կանգ­նած ըլ­լայ, ու մի­սիո­նա­րը լե­րան ստո­րո­տը` պար­կը բա­ցած, Հա­յը ա­հա­գին բարձ­րու­թե­նէն, մէկ ոս­տու­մով, ամ­բողջ գլու­խո­վը կը մտնէ պար­կին մէջ։
«­Հա­յը, ին­չով ալ զբա­ղի, կ­՚ը­նէ նաեւ դա­գա­ղա­գոր­ծու­թիւն։ Ան ա­մէն օր կը շի­նէ քա­նի մը դա­գաղ` բան մը թա­ղե­լով իր­մէ։ ­Բա­րե­բախ­տա­բար, անս­պառ է իր կեն­դա­նու­թիւ­նը։ ­Լաւ դա­գա­ղա­գործ ըլ­լա­լով` լաւ ալ մե­ռել թա­ղող ե­ղած է։

«­Գի­տուն­նե­րը կը փնտռեն յա­ւի­տե­նա­կան շար­ժու­մը։ ­Հա­յը կը խնդայ ա­նոնց վրայ ու կ­՚ը­սէ իւ­րո­վի. «Ե՛ս եմ յա­ւի­տե­նա­կան շար­ժու­մը, եւ ին­ծի է, որ կը փնտռեն»։ Ինքն ալ, սա­կայն, բան մը կը փնտռէ` Ան­կա­խու­թիւ­նը, ու զայն գտնե­լու հա­մար օ­տա­րին դռնե­րը ափ կ’առ­նէ։ Կ­՚ը­սես ի­րեն. «Ան­կա­խու­թիւ­նը դուն պի­տի յայ­տա­րա­րես»։ Այս ան­գամ կը չէ­զո­քա­նայ՝ ան­կախ հռչա­կո­ւե­լու հա­մար»։