Նիկոլ Փաշինեան Պիտի Հանդիպի Ֆրանսայի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 14-ին պիտի այցելէ Ֆրանսա:

Այս մասին՝ ըստ «Արմենփրես»-ին՝  ըսած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:

«Յառաջիկայ ուրբաթ օրը Փաշինեան պիտի ըլլայ Փարիզ»,- ըսած է ան:

Սեպտեմբեր 14-ին Փաշինեան հանդիպում պիտի ունենայ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, պիտի քննարկուին Հայաստանի ներքաղաքական իրադրութիւնը, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ համայնքին առնչուող հարցեր: