Փայլան Կոչ Ըրած է Թուրքիոյ Խորհրդարանին Ուսումնասիրելու 1955-ին Թուրքիոյ Մէջ Քրիստոնեաներու Դէմ Զանգուածային Յարձակումները

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ ընդդիմադիր ժողովուրդներու Ժողովրդավարական  կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան կոչ ըրած է խորհրդարանին քննելու 1955-ի Սեպտեմբեր 6-7-ին Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեաներու դէմ զանգուածային յարձակումներու, կողոպուտի ու սպանութեան դէպքերը:

Ինչպէս կը հաղրդէ «Թերթ»-ը՝ վկայակոչելով Demokrathaber.org կայքը, հայ պատգամաւորը շեշտած է, որ թէեւ Սեպտեմբեր 6-7-ի դէպքերէն անցած է 63 տարի` պետութիւնը մինչեւ այսօր ո՛չ դատապարտած է կատարուածը, ո՛չ ներողութիւն խնդրած, ո՛չ ալ փոխհատուցած տուժածներուն:

Փայլան ընդգծած է, որ անպատժելիութեան մթնոլորտի պատճառով հայերու, յոյներու, հրէաներու ու ասորիներու դէմ յանցանքները Թուրքիոյ մէջ շարունակական բնոյթ կը կրեն, եւ ատոր վերջին վառ օրինակներէն է պոլսահայ լրագրող, մտաւորական ու «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութիւնը:

«19-րդ դարու վերջէն պետութեան հալածանքներուն բազմիցս ենթարկուած ժողովուրդները Սեպտեմբեր 6-7-ին եւս մէկ աւերածութիւն ապրեցան»,-ըսած է ան` պահանջելով դէպքերը ուսումնասիրել` գտնելով մեղաւորներն ու հաշուարկելով քրիստոնեայ համայնքներուն կրած վնասները:

Յիշեցնենք, որ 1955-ի Սեպտեմբեր 6-ի առաւօտեան Պոլսոյ թրքական մամուլը կեղծ լուր տարածած էր Սալոնիքի մէջ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր ու առաջին նախագահ Մուստաֆա Քեմալ Աթաթուրքի տան պայթեցման մասին: Թէեւ աւելի ուշ պարզ դարձաւ, որ տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան, սակայն Պոլսոյ, Իզմիրի, Անգարայի ու շարք մը այլ քաղաքներու քրիստոնէաբնակ թաղամասերուն վրայ թուրք ազգայնականներու զանգուածային յարձակումները չկանխուեցան:

Ըստ թրքական մամուլի` դէպքերուն ժամանակ մահացած է 11 հոգի: Մինչդեռ հայ եւ յոյն համայնքներու պնդումով` մահացածներուն թիւը աւելի շատ է: Դէպքերու ընթացքին աւերուած են բազմաթիւ տուներ, քրիստոնեաներու պատկանող խանութներ եւ գործարաններ: Այս յարձակումները պատճառ դարձան բազմաթիւ հայերու եւ յոյներու` Թուրքիայէն արտագաղթելուն, նօսրացան հայ եւ յոյն համայնքները: