ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Առիթով Յուշաքարի Բացում Քեսապի Վերանորոգուած Բանակավայրէն Ներս

Սփիւռք

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան 100-ամեակը զուգադիպեցաւ Միութեան Քեսապի բանակավայրի վերանորոգումին եւ վերաբացումին: Բանակավայր մը, ուր սուրիահայ ՀՄԸՄ-ականները յիշատակելի պահեր անցուցած են եւ բուռն փափաքը ունին իրենց զաւակները եւս այդտեղ բանակումի ուղարկելու:

Կիրակի, 12 Օգոստոս 2018-ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ` Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, ներկայութեամբ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի եւ հրաւիրեալներու  ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի տարեկան բանակումի խարուկահանդէսի նախօրեակին Քեսապի բանակավայրէն ներս բացումը կատարուեցաւ  միութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշաքարին:

Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Մանուկ Քէօշկէրեան խօսք առնելով ըսաւ, որ Շրջ. Վարչութիւնը ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առիթով յուշաքար մը զետեղելու գաղափարը յղացաւ Էքիզոլուխի վերանորոգուած բանակավայրէն ներս՝ աւելցնելով որ ՀՄԸՄ-ը 100 տարիներու ընթացքին դարձաւ ողջ հայութեան համար երիտասարդական մեծագոյն կազմակերպութիւնը իր աւելի քան 110 մասնաճիւղերով ու 30 հազար անդամներով, տարածուած աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն վրայ: Միութիւն մը, որ իր յարատեւութեամբ, զոհողութեամբ եւ հաւաքական աշխատանքով սատարեց եւ կը շարունակէ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ սատարել նոր սերունդներու կերտման եւ մեր ազատ ու անկախ հայրենիքի հզօրացման:

Այնուհետեւ ան հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ կատարելու համար ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած յուշաքարի բացումը։ Սրբազան հայրը Տէրունական աղօթքով օրհնեց զետեղուած յուշաքարը, ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց ըսելով, որ այսօր յուզումնախառն զգացումներով կը վերադառնանք այս տարածաշրջանը, որ կը կոչուի բանակավայր: Ան Սուրիոյ տագնապի ընթացքին վերածուեցաւ վաւերական բանակավայրի եւ այսօր, վերադարձուելէ ետք ՀՄԸՄ-ին, որպէս դաստիարակչական, կրթական, մշակութային, մարզական, ազգային եւ գաղափարական դաստիարակութեան վայր կը վերաբանայ իր դռները մեր նոր սերունդին դիմաց։ Ապա դիտել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ը սովորական միութիւն մը չէ, այլ դպրոց մը` որ ինքզինք գերազանցած է երբ հարիւրէ աւելի մասնաճիւղեր բացած է աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ։ Դպրոց մը, որ կը պատրաստէ հայ արի նոր սերունդ, կը պատրաստէ կարգապահ սերունդ, կը պատրաստէ ազգին, եկեղեցւոյ, հայրենիքին, մշակոյթին եւ լեզուին նուիրուող այն անձնուրաց երիտասարդները, որոնք իրենց կեանքի ընթացքին այս աշխարհի թոհ ու բոհին մէջ կը մնան հայութեամբ շնչող երիտասարդներ- երիտասարդուհիներ, այլեւ ու մանաւանդ` քոյրեր եւ եղբայրներ։ Սրբազան հայրը ողջունեց բանակավայրի 100-ամեակի այս նախաձեռնութիւնը, 100-ամեակի սերունդը,  ապա շնորհաւորեց ներկաները Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով։

ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան 
Մամուլի Յանձնախումբ