Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ Անձնագիրներ Յանձնած Գանատահայ Դերասանուհի Արսինէ Խանջեանին եւ Բեմադրիչ Ատոմ Էգոյեանին

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 6-ի երեկոյեան Հայաստանի Հանրապետութեան անձնագիրներ յանձնած յայտնի դերասանուհի Արսինէ Խանջեանին եւ Գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էգոյեանին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին մէջ գրած է ՀՀ վարչապետի մամուլի քարտուղար Արման Եղոյեանը:

«ՀՀ նախագահի հրամանագիրով, Արսինէ Խանջեանին ու Ատոմ Էգոյեանին շնորհուած է ՀՀ քաղաքացիութիւն: Մինչ այդ անոնց ունեցածը եղած է կացութեան  կարգավիճակը հաւաստող փաստաթուղթեր` յատուկ անձնագիրներ»: Այս մասին  Panorama.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան պետ, ոստիկանութեան գնդապետ Մնացական Պիչախչեանը`  պարզաբանելով, թէ երէկ ինչ անձնագիրներ տրուած են յայտնի բեմադրիչ Ատոմ էգոյեանին ու անոր կնոջը` դերասանուհի Արսինէ Խանջեանին, եւ թէ ինչ անձնագիրներ ստացած էին անոնք 2002-ին ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանէն:

«Յատուկ անձնագիրը ՀՀ քաղաքացիութիւնը հաւաստող փաստաթուղթ չէ, այլ կացութեան կարգավիճակը հաւաստող փաստաթուղթ է»,-մանրամասնած է վարչութեան պետը` աւելցնելով, որ գոյութիւն ունի կացութեան երեք կարգավիճակ` ժամանակաւոր, մշտական եւ յատուկ, որոնք կը տրուէին օտարերկրացիներուն, որոնք չեն համարուիր ՀՀ քաղաքացիներ:

Պիչախչեան կը յիշեցնէ, որ առաջ այդ անձնագիրները կապոյտ էին, նման ՀՀ քաղաքացիներու անձնագիրներուն, անոնց մէջ կը նշուէր, թէ որ երկրի քաղաքացի է տուեալ անձը: Յետոյ կառավարութեան որոշումով, հասատուած է յատուկ անձնագրի ձեւը, գոյնը, անիկա հիմա կարմիր է, որպէսզի շփոթութիւն չառաջացնէ:

Յատուկ անձնագիրները Էգոյեանին ու Խանջեանին տրուած էին տասը տարի ժամկէտով, ժամկէտը սպառուելէն ետք անոնք ժամկէտի երկարացման համար չեն դիմած: