Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծն Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղ Կը Հիմնուի

Սփիւռք

Հինգշաբթի, Օգոստոս 23-ին, 10 հայորդիներ ի մի գալով՝ հիմը դրին Թէքէեան Մշակութային Միութեան Մեծն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (TCA Metro Los Angeles), կրթական եւ մշակութային սպասարկութիւններ մատուցելու համար քաղաքի հայութեան։ Հիմնադիր ժողովին ներկայ էին նաեւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Շրջանային վարչութեան ու տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներ։

Նորակազմ մասնաճիւղի հիմնադիրները դարձան նաեւ վարչութեան անդամներ, որոնք նաեւ կազմեցին վարչութեան առաջին դիւանը։

Ստորեւ՝ հիմնադիր վարչութեան կազմը.

Քարլ Պարտաքեան (ատենապետ), իրաւաբան Ալեքսան Կիրակոսեան (փոխատենապետ), Շահնուր Յովսէփեան (գանձապահ), Արմանտ Երջանեան (քարտուղար), Թալին Պապայեան (լրատուամիջոցներու հետ կապ), Մարալ Գոճայեան-Պէյլէրեան, Թալին Խաչիկեան, իրաւաբան Արմէն Թումաճեան եւ Առնօ Երէցեան (խորհրդականներ)։

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Էտմոնտ Ազատեան ողջունեց նոր մասնաճիւղին կազմութիւնը՝ խոստանալով նեցուկ կանգնիլ անոր։

Նորակազմ մասնաճիւղին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել facebook.com/TekeyanLA կայքէջը, կամ դիմել info@tekeyanla.org հասցէին։