Category: Սփիւռք
Յարձակում Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Կեդրոնին Վրայ
Չորեքշաբթիէն Հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կից գտնուող Հայ կեդրոնին մէջ անյայտ անձեր հրդեհ յարաջացուցած են, նիւթական մեծ վնաս պատճառելով, կը տեղեկացնէ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը։ Հայ […]
Զախարովա Անդրադարձած է Արցախի Մէջ Լիբանանահայերու Բնակեցման Լուրերուն
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա անդրադարձած է Արցախի մէջ լիբանանահայերու բնակեցման լուրերուն: Ան, ըստ Armenpress.am-ի, այս մասին խօսած է զրոյցի մը ընթացքին՝ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին: «Մենք […]
Յայտնի Են 2020-ի «Աւրորա» Մրցանակի Դափնեկիրները
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը հինգերորդ «Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական ամենամեայ մրցանակը կը շնորհէ Ֆարթուն Ատանին եւ Իլուատ Էլմանին. մայր եւ դուստր Սոմալիի մէջ կը ղեկավարեն «Էլման» խաղաղութեան եւ մարդու իրաւունքներու կեդրոնը: Որպէս […]
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը
Չորեքշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2020-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը: Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի այժմու կացութեան եւ յառաջիկայ շաբթուան […]
Սրբուհի Մայր Թերեզա Քալքութացիի Անուան Բակի Բացում Աթէնքի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին Մէջ
Սուրբերու մեծարանքը սերտօրէն մաս կը կազմէ քրիստոնէական աւանդութեան եւ եկեղեցւոյ կեանքին։ Այն անհատները, որոնք ունեցած են սրբակրօն վարք եւ որոնք Եկեղեցիներու կողմէ սուրբ կը նկատուին, կը բարձրացուին խորաններու պատուին եւ […]
Ուքրանիոյ Բերդեանսք Քաղաքին Մէջ Հայկական Խաչքար Օծուած է
Ուքրանիոյ Բերդեանսք քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Ազմոլ շրջանին մէջ տեղադրուած հայկական խաչքարի օծման արարողութիւն, կը յայտնէ AnalitikaUA.net-ը: «Ուքրանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տէր Մարկոս եպս․ Յովհաննիսեանի գլխաւորութեամբ օծուած խաչքարը դարձած է ուքրանացի […]
Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Հայ Կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը
Երեքշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2020-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. հոգեւոր տէրը` ընկերակցութեամբ Պէյրութի հայ կաթողիկէ թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեանի: Հանդիպման նաեւ […]
Համերգ՝ Հայկ Եազըճեանի Մասնակցութեամբ «Սալենտոյէն՝ Երեւան»
Սիրուած, հանրածանօթ երաժիշտ Հայկ Եազըճեանի մասնակցութեամբ, Կիրակի՝ 20 Սեպտեմբեր 2020-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, համերգ մը տեղի պիտի ունենայ «Απ’ το Σαλέντο στο Γερεβάν» խորագրով, Աթէնքի «Christmas Theater»ի «City Garden Festival»ի […]
Պարէտ Մարոնեանի «Անարիւն»ը Պիտի Ցուցադրուի 24 Սեպտեմբերին
Մշակութային ազդեցութիւն հիմնարկին (Cultural Impact Foundation) վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ անցնող շաբաթավերջին «Տա Վինչի» շարժապատկերի փառատօնին ցուցադրուելէ ետք, պատրաստող Պարետ Մարոնեանի «Անարիւն» վաւերագրական ֆիլմը պիտի ցուցադրուի վաւերագրական ֆիլմերու յատուկ «Լանընպըրկ» […]
Յունահայ Սոփրանօ Սիրան Չալըքեան Պիտի Մասնակցի Մ. Քալլասին Նուիրուած Համերգին
Թեսաղոնիկէի համերգասրահի կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի՝ 16 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 9-ին, սրահի նախամուտերէն մէկուն առջեւ, տեղի պիտի ունենայ օփերայի բացառիկ համերգ մը, նուիրուած աշխարհահռչակ երգչուհի Մարիա Քալլասի յիշատակին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը […]










