Ատրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Պահանջող 750,000 Դիմումներ՝ Քոնկրեսին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 14 Հոկտեմբերին տեղեկացուց, թէ ցարդ Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն առաւել քան 750,000 դիմումներ կատարուած են Քոնկրեսին՝ պահանջելով անկէ, որ ոչ միայն Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն դէմ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ բռնարարքները խստօրէն դատապարտէ, այլ նաեւ Պաքուի ու Անգարայի դէմ անդամալուծող պատժամիջոցներ որդեգրէ, անոնց գործադրած պատերազմական ոճիրներուն համար։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին այս արշաւին մասին պատրաստուած տեսանիւթը կարելի է դիտել https://youtu.be/euMLe9D_WUI կայքէջին վրայ։

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, անոր բարեկամներուն եւ մարդկային տարրական իրաւանց պաշտպաններուն, որ հակահայ այս ոճիրներուն համար Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ ազդու պատժամիցներու պահանջով շարունակեն Ուաշինկթընին վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնել՝ մասնակցելով արշաւին եւ այցելելով https://marchtojustice.org/enroll-rapid-responder կայքէջը։