Եթէ Այդտեղ` Ապագային, Անկախ Պետութիւն Ունիք, Ամէն Բան Ըրէ՛ք, Որ Այլեւս Երբեք, Երբեք Չկորսնցնէք Ձեր Անկախութիւնը. Նամակ Անցեալէն. Խրիմեան Հայրիկ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Այդտեղ` ապագային, յուսամ արդէն անկախ պետութիւն ունիք եւ իրագործած էք մեր դարաւոր երազանքը:

Եթէ այո՛, ուստի դուք հիմա կ՝ապրիք մէկուն իրագործուած երազանքին մէջ: Միլիոններու երազանքին մէջ: Յուսամ` կը գիտակցիք ձեզի բաժին հասած բախտի զօրութիւնը:

Կ’ուզէի գիտնալ` ինչպիսին է այդ երազանքը իրականութեան մէջ, բայց քանի որ չեմ կրնար աչքովս տեսնել, թոյլ տուէք խօսքս յղել այս նամակով եւ եթէ կարդաք այս տողերը, ես կը դառնամ ձեր ներկայի եւ իմ ապագայի մէկ մասնիկը:

Երբ գացի Պեռլինի քոնկրէս` մեր ժողովուրդին իրաւունքները բարձրաձայնելու համայն աշխարհին, միայն այդժամ հասկցայ, որ նախ եւ առաջ պէտք է ունենալ իրաւունք ունենալու իրաւունք: Այդ իրաւունքը զէնքով կը նուաճեն:

Երեւի լսած էք երկաթէ շերեփի մասին: Եւրոպական քաղաքակիրթ ազգերը, որոնք մեզի կը թուէին օրինապաշտ եւ արդար, խղճահարութենէ բացի ոչինչ տուին մեզի:

Ռուսիան, որ կը թուէր` մեր ժողովուրդին մեծ բարեկամն է, իր շահերէն բացի ոչինչ կը տեսնէ եւ կը լսէ:

Հայ ժողովուրդը կարծես ձմրան սառնամանիքին դուրսը յայտնուած անօթի երեխայ ըլլար, որուն առջեւ բոլորը փակեցին իրենց տան դռները:

Հայ ժողովուրդը անտէր էր, բայց ամէնէն կարեւորը որ ես հասկցայ՝ այն էր, որ մենք տէրեր պէտք չէ փնտռենք դուրսը:

Այդտեղ` ապագային, վստահ եմ` դուք չէք փնտռեր օտար տէրեր եւ ձեր յոյսը չէք կապեր եւրոպացիներու, ռուսերու եւ այլ պետութեան հետ:

Եթէ ունիք անկախ պետութիւն՝ ձեր միակ տէրը պէտք է ըլլայ ձեր իսկ կառավարութիւնը: Յուսամ որ կառավարութիւնը ձեզի անտէր չի ձգեր, իսկ եթէ անտէր է թողնում` ի՞նչ իմաստ ունի ձեր անկախութիւնը:

Ժողովուրդի ամենամեծ դժբախտութիւնը այն է որ իր մէջէն դուրս եկած ղեկավարները իր հետ կը վարուին նոյնկերպ, ինչպէս օտարները:

Մենք դարեր շարունակ ապրեցանք օտարի լուծին տակ. մեզի հետ վարուեցան դաժանօրէն եւ անարդար։

Մենք փնտռեցինք արդարութիւն եւ չգտանք:

Եթէ ունիք անկախ պետութիւն, յոյսով եմ` այդտեղ արդարութիւն կայ:

Թուրքը հայու հետ շատ անարդար վարուիլ։ Հայը հայու հետ մի՞թէ կրնայ նոյնկերպ վարուիլ: Այստեղ` անցեալին, մեր ժողովուրդի ամենամեծ ողբերգութիւններէն մէկը իր տգիտութիւնն է: Անկիրթ ժողովուրդը ինչպէ՞ս կրնայ իր տեղը գտնել այս խորամանկ աշխարհին մէջ:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները ատիկա չեն ձգեր, քանզի մեր ժողովուրդին կրթութեան մէջ իրենց վտանգը կը տեսնեն.

Որքան մեծ է ժողովուրդին կրթութիւնը, այնքան զուսպ կ՝ըլլայ իշխանութիւնը.

Ես իմ ողջ կեանքը նուիրեցի հայկական գաւառներու մէջ լուսաւորութիւն տարածելուն, բայց միայնակ՝ շատ բան չկրցայ ընել:

Եթէ դուք պետութիւն ունիք, կրթեցէ՛ք մեր ժողովուրդը, լուսաւորութիւն տարածեցէ՛ք գաւառներուն մէջ:

Անկիրթ ժողովուրդը անկիրթ տէրեր կ’ընտրէ, որոնք կը հարստահարեն զինք եւ օր մը ստիպուած` անկիրթ ժողովուրդը օտար տէրեր կ’ընտրէ:

Այնժամ, երբ հասարակ ժողովուրդը գաւառներու մէջ կը տքնի կացութեան ծանր բեռին տակ, մեծահարուստ հայերը Պոլսոյ մէջ կ’ապրին ցոփ խրախճանքի մէջ: Անոնք անտարբեր են ժողովուրդի դրութեան` կարծես օտար ըլլան: Թուրքիոյ իշխանութիւննները անոնց հետ նոյնիսկ կը դաշնակցին, որ ժողովուրդը հնազանդ պահեն:

Յուսամ` ձեր պետութեան մէջ մեծահարուստները այդպէս անբարտաւան չեն եւ չեն դաշնակցիր վատ իշխանութեան հետ` ընդդէմ ժողովուրդի:

1876-ին, երբ օսմանեան սահմանադրութիւնը ընդունուեցաւ, մեր մէջ փրկութեան յոյս արթնցաւ: Կարծեցինք որ հինգ հարիւր տարեկան Թուրքիոյ պառաւած եւ ամուլ մայրը երկնելով, հին աշխարհի համար նոր` մանուկ սահմանադրութիւն կը ծնէր,  բայց մեր յոյսերը չարդարացան եւ ժամանակը ցոյց տուաւ, որ անոնք թուղթին գրուած գեղեցիկ տառեր էին, իսկ ժողովուրդը շարունակեց տառապիլ:

Այդտեղ` ապագային, գուցէ դուք ալ գեղեցիկ սահմանադրութիւն եւ օրէնքներ ունիք: Ես կը փափաքիմ, որ ձեր օրէնքները թուղթի վրայ չեն մնար, ինչպէս օսմանեան սահմանադրութիւնը:

Եւ վերջը կ’ուզեմ պատգամել. ունեցէ՛ք այնպիսի դեսպաններ, որոնք պատշաճօրէն կը բարձրաձայնեն ժողովուրդի պահանջները համայն աշխարհին եւ հոգեւորականը իր հօտը ձգած չի զբաղիր դիւանագիտութեամբ:

Ունեցէ՛ք ղեկավարներ, որոնք կը սիրեն ժողովուրդը, զի հայ ժողովուրդը շատ տառապած է օտար ղեկավարներու ատելութենէն: Եւ երբեք մի՛ փնտռէք օտար տէրեր:

Եւ եթէ այդտեղ` ապագային, անկախ պետութիւն ունիք, ամէն բան ըրէ՛ք, որ այլեւս երբեք, երբեք չկորսնցնէք ձեր անկախութիւնը: