Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ. Հայաստան-Սփիւռք Յարաբերութիւններ` Կարգախօսէն Դէպի Ռազմավարութիւն․ Վերա Եագուպեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայ ժողովուրդին մասին խօսող գրեթէ իւրաքանչիւր քաղաքական գործիչ, մտաւորական, եկեղեցական կամ համայնքային ղեկավար, ուշ կամ կանուխ, կը հասնի նոյն եզրակացութեան. «Հայաստանն ու սփիւռքը մէկ են», «Հայութիւնը մէկ ազգ է», «Պէտք է ստեղծել համաշխարհային հայկական միասնական համակարգ»: Այս արտայայտութիւնները տասնամեակներ շարունակ այնքան շատ կրկնուած են, որ անոնք այլեւս գրեթէ վերածուած են ազգային համոզումներու, որոնց ճշմարտացիութիւնը ոչ ոք կը փորձէ ստուգել: Անոնք կ՛ընդունուին իբրեւ ինքնին ակնյայտ իրականութիւններ, ոչ թէ` իբրեւ գաղափարներ, որոնք պէտք է քննուին, վիճարկուին եւ փորձարկուին:

Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ ազգերու ապագան երբեք չէ կառուցուած գեղեցիկ կարգախօսերով: Կարգախօսերը կրնան ոգեւորել, յուզել եւ նոյնիսկ ժամանակաւոր կերպով համախմբել, բայց չեն կրնար փոխարինել ռազմավարութիւնը: Ազգային գոյատեւումը եւ զարգացումը հիմնուած են ոչ թէ հռետորաբանութեան, այլ իրատես գնահատականներու, երկարաժամկէտ ծրագրաւորման եւ ամուր հաստատութիւններու վրայ: Հետեւաբար, եթէ իսկապէս կը մտահոգուինք հայութեան ապագայով, առաջին պարտականութիւնը ոչ թէ նոր կարգախօսեր ստեղծելն է, այլ տարիներ շարունակ կրկնուած կարգախօսերը քննադատական հայեացքով վերանայիլ է:

Այսօր թերեւս ամէնէն կարեւոր հարցերէն մէկը հետեւեալն է. «Հայաստանն ու սփիւռքը` որպէս մէկ ազգային համակարգ» գաղափարը արդեօք իրապէ՞ս իրագործելի ռազմավարական նախագիծ մըն է, թէ՞ անիկա գեղեցիկ, բայց անորոշ պատկերացում մըն է, որ աւելի շատ կը բաւարարէ մեր ազգային զգացումները, քան կը լուծէ մեր ազգային խնդիրները:

Այս հարցումը շատեր կրնան ընկալել որպէս չափազանց կասկածամիտ կամ նոյնիսկ վտանգաւոր: Հայկական հասարակական մտածողութեան մէջ գոյութիւն ունի այնպիսի մթնոլորտ, որուն մէջ ազգային միասնութեան գաղափարը գրեթէ սրբացուած է: Շատ անգամ կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, թէ այս գաղափարին շուրջ հարցումներ ուղղելը ինքնին ազգային համերաշխութիւնը կասկածի տակ առնել կը նշանակէ: Սակայն իրականութիւնը հակառակն է: Ազգ մը, որ չի համարձակիր իր հիմնական գաղափարները վերաքննել, դատապարտուած է շարունակելու նոյն սխալները` նոր անուններով:

Հարցումը, հետեւաբար, միասնութեան դէմ չէ: Ընդհակառակը, հարցումը այն է, թէ ո՞ր միասնութեան մասին կը խօսինք: Որովհետեւ առանց այդ հարցումին պատասխանելու, «միասնութիւն» բառը կը դառնայ ամէն ինչ եւ միաժամանակ` ոչինչ:

Արդեօք կը խօսինք մշակութայի՞ն միասնութեան մասին: Այդ պարագային կարելի է հաստատել, որ նման միասնութիւն մեծաւ մասամբ գոյութիւն ունի: Անկախ աշխարհագրական հեռաւորութիւններէն, հայերը` իբրեւ մէկ ազգ, կը շարունակեն պահպանել` ընդհանուր պատմական յիշողութիւն, ազգային խորհրդանիշներ, մշակութային ժառանգութիւն եւ տարբեր աստիճաններով` լեզուական ու կրօնական ինքնութիւն:

Բայց եթէ կը խօսինք քաղաքական միասնութեան մասին, պատկերը բոլորովին տարբեր է: Իսկ եթէ նկատի ունինք հաստատութենական (institutional) միասնութիւն, ապա ստիպուած ենք ընդունելու, որ այդպիսի համակարգ այսօր գոյութիւն չունի: Եթէ վերջապէս խօսքը համազգային ռազմավարութեան մասին է, ապա պէտք է ազնուօրէն խոստովանինք, որ տակաւին չենք համաձայնած նոյնիսկ այն հարցին շուրջ, թէ որո՛նք են ամբողջ հայութեան ընդհանուր ազգային առաջնահերթութիւնները:

Այս պարզ տարբերութիւնները յաճախ անտեսուած են հայկական քաղաքական քննարկումներուն մէջ: «Միասնութիւն» բառը դարձած է կախարդական արտայայտութիւն մը, որուն մէջ ամէն մարդ իր նախընտրած իմաստը կը դնէ: Մէկուն համար անիկա կը նշանակէ Հայաստան տեղափոխուիլ, ուրիշին համար` դրամահաւաք կազմակերպել, երրորդին համար` քաղաքական լոպիինկ, չորրորդին համար` հայրենասիրական երգեր երգել կամ հայկական դպրոց պահել: Այս բոլորը, անկասկած, ազգային արժէք ունին, բայց միասին չեն կազմեր ազգային համակարգ:

Հո՛ս է, որ կը գտնուի ամբողջ խնդիրը: Մենք տարիներ շարունակ կը խօսինք միասնութեան մասին` առանց երբեք համաձայնելու, թէ ի՛նչ կը նշանակէ այդ միասնութիւնը:

Կարգախօս մը, զոր բոլորը կը կրկնեն, բայց ոչ ոք կը սահմանէ

Թերեւս հայկական ազգային մտածողութեան մեծագոյն թուլութիւններէն մէկը այն է, որ մենք սիրած ենք մեծ գաղափարներ հռչակել, բայց շատ աւելի քիչ ուշադրութիւն դարձուցած ենք անոնց բովանդակութեան: «Հայաստան-սփիւռք միասնութիւն» գաղափարը ասոր ամէնէն ցայտուն օրինակն է:

Տասնամեակներ շարունակ այս արտայայտութիւնը կը կրկնուի քաղաքական ճառերու, կուսակցական համագումարներու, համահայկական ժողովներու եւ պետական յայտարարութիւններու մէջ: Բայց եթէ փորձենք գտնել այս գաղափարին յստակ սահմանումը, կը նկատենք, որ գրեթէ ամէն մարդ տարբեր բան կը հասկնայ անոր տակ:

Ոմանց համար այս միասնութիւնը բարեսիրութիւնն է: Այսինքն սփիւռքը պէտք է շարունակէ տնտեսական աջակցութիւն տրամադրել Հայաստանին, իսկ Հայաստանը երախտագիտութիւն արտայայտէ:

Ուրիշներու համար միասնութիւնը կը նշանակէ, որ սփիւռքը պէտք է անվերապահօրէն պաշտպանէ Հայաստանի կառավարութեան քաղաքականութիւնը` անկախ իշխանութիւններու փոփոխութենէն:

Կան նաեւ անոնք, որոնք կը պատկերացնեն համաշխարհային հայկական խորհրդարան, համազգային կառավարում կամ նոր տեսակի համահայկական ներկայացուցչական մարմին:

Իսկ շատեր ընդհանրապէս երբեք չեն մտածած, թէ այս արտայայտութիւնը ինչպիսի՛ գործնական հետեւանքներ պիտի ունենայ:

Այս անորոշութիւնը վտանգաւոր է, որովհետեւ քաղաքական մտածողութեան մէջ անորոշ գաղափարները սովորաբար կը վերածուին անիրագործելի ծրագիրներու: Չի կրնար գոյութիւն ունենալ ռազմավարութիւն մը, երբ ռազմավարութեան հիմնական հասկացողութիւնները դեռ չեն սահմանուած:

Աւելի մտահոգիչը այն է, որ հայկական իրականութեան մէջ յաճախ կը շփոթուին չորս բոլորովին տարբեր հասկացողութիւններ` ազգային ինքնութիւնը, ազգային համերաշխութիւնը, ազգային համագործակցութիւնը եւ ազգային կառավարումը:

Ազգային ինքնութիւնը կը նշանակէ, որ մարդիկ իրենք իրենց հայ կը զգան: Ազգային համերաշխութիւնը կը նշանակէ, որ դժուար պահերուն իրարու կողքին կը կանգնին: Ազգային համագործակցութիւնը կը նշանակէ, որ տարբեր կառոյցներ միասին կ՛աշխատին որոշ նպատակներու շուրջ: Իսկ ազգային համակարգը կը նշանակէ կազմակերպուած կառուցուածք, ուր գոյութիւն ունին պատասխանատուութիւններ, որոշումներու գործելակերպեր, առաջնահերթութիւններ եւ երկարաժամկէտ ռազմավարութիւն:

Սակայն հայկական խօսոյթին մէջ այս բոլոր մակարդակները յաճախ կը ներկայացուին որպէս նոյն երեւոյթը: Կարծես այն փաստը, որ աշխարհի տարբեր ծագերու հայերը նոյն օրը կը նշեն ապրիլ 24-ը կամ կը հանգանակեն համազգային աղէտի մը ընթացքին, ինքնաբերաբար կը նշանակէ, թէ գոյութիւն ունի նաեւ միասնական ազգային համակարգ:

Ասիկա վտանգաւոր շփոթութիւն է

Զգացական համախմբումը երբեք չէ փոխարինած հաստատութենական (Institutional) կազմակերպուածութիւնը: Ոչ մէկ ժողովուրդ իր ապագան կառուցած է միայն ընդհանուր յիշողութեան կամ հայրենասիրական զգացումներու վրայ: Անոնք ստեղծած են հաստատութիւններ, կանոններ, պատասխանատուութիւններ եւ որոշումներու ընթացակարգեր: Միայն այդ ժամանակ ազգային ինքնութիւնը վերածուած է քաղաքական եւ ռազմավարական ուժի:

Հետեւաբար, երբ մենք կը կրկնենք, թէ «Հայաստանն ու սփիւռքը մէկ են», իրական հարցումը պէտք է ըլլայ ոչ թէ` «Արդեօք մենք նոյն ազգին կը պատկանի՞նք», որովհետեւ այդ մասին գրեթէ ոչ ոք կը վիճաբանի: Իրական հարցումը հետեւեալն է. արդեօք մենք ունի՞նք այն կառոյցները, այն վստահութիւնը, այն քաղաքական մշակոյթը եւ այն ընդհանուր պատասխանատուութիւնը, որոնք մէկ ազգը կը վերածեն գործող ազգային համակարգի:

Եւ եթէ այս հարցումին պատասխանը այսօր բացասական է, ապա գուցէ ժամանակն է դադրելու յայտարարելէ, թէ արդէն ունինք այն, ինչ որ իրականութեան մէջ տակաւին չենք ստեղծած:

Սփիւռքը գոյութիւն ունի՞ որպէս մէկ ազգային դերակատար

«Հայաստան-սփիւռք» յարաբերութիւններուն շուրջ ամէնէն շատ գործածուած բառերէն մէկը «սփիւռք»-ն է: Մենք այնքան վարժ ենք այս բառին, որ գրեթէ երբեք չենք հարցներ, թէ իրականութեան մէջ որո՞ւ մասին կը խօսինք: Կարծես գոյութիւն ունի մէկ միասնական սփիւռք, որ ունի մէկ ձայն, մէկ կամք, մէկ քաղաքական մտածողութիւն եւ մէկ ազգային ծրագիր: Բայց արդեօք այդպէ՞ս է:

Իրականութեան մէջ «Սփիւռք» հասկացողութիւնը աւելի շատ հաւաքական անուն մըն է, քան` միասնական քաղաքական իրականութիւն: Անիկա կը ներառէ տասնեակ երկիրներու մէջ ապրող համայնքներ, որոնք ձեւաւորուած են բոլորովին տարբեր պատմական, քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային պայմաններու մէջ: Ամերիկահայութիւնը տարբեր փորձառութիւն ունի, քան` լիբանանահայութիւնը: Ֆրանսահայութեան ազգային գործունէութիւնը տարբեր հիմքերու վրայ զարգացած է, քան` ռուսահայութեան: Արժանթինի, Քանատայի, Աւստրալիոյ կամ Իրանի հայ համայնքները նոյնիսկ ազգային ինքնութեան պահպանման տարբեր ձեւեր մշակած են, որովհետեւ անոնց դիմաց կանգնած մարտահրաւէրները նոյնը չեն:

Ասիկա պարզ աշխարհագրական տարբերութիւն չէ: Անիկա տարբեր քաղաքական մտածողութիւն կը ստեղծէ:

Լիբանանահայուն համար քաղաքական մասնակցութիւնը ազգային գոյատեւման մաս կազմած է: Ֆրանսահայուն համար առաջնահերթութիւն կրնայ ըլլալ Ցեղասպանութեան ճանաչման քաղաքական պայքարը: Ամերիկահայ կազմակերպութիւններուն համար ազդեցիկ լոպիինկը բնական գործելակերպ է: Ռուսահայ գործարարին առաջնահերթութիւնները կրնան բոլորովին տարբեր ըլլալ` պայմանաւորուած  Ռուսիոյ քաղաքական եւ տնտեսական միջավայրով:

Այս բոլորը բնական են: Անբնականը այն ակնկալութիւնն է, թէ այս բոլոր տարբեր իրականութիւնները պէտք է ինքնաբերաբար ձեւաւորեն մէկ քաղաքական կամք:

Շատ յաճախ, երբ Հայաստանէն կը խօսին «սփիւռքի կարծիքին» մասին, հարց չի տրուիր, թէ ո՞ր սփիւռքին մասին է խօսքը: Ո՞վ ունի ամբողջ սփիւռքին անունով խօսելու իրաւասութիւն: Արդեօք մեծ կազմակերպութիւննե՞րը: Եկեղեցինե՞րը: Բարեգործական հաստատութիւննե՞րը: Կուսակցութիւննե՞րը: Գործարարնե՞րը: Մտաւորականնե՞րը: Թէ՞ նոր սերունդը, որ յաճախ բոլորովին տարբեր պատկերացում ունի ազգային ինքնութեան մասին:

Այս հարցումներուն յստակ պատասխան գոյութիւն չունի

Ասիկա կը նշանակէ, որ հայկական քաղաքական մտածողութիւնը տարիներ շարունակ հիմնուած է որոշ չափով վտանգաւոր ենթադրութեան մը վրայ, թէ` գոյութիւն ունի միասնական սփիւռք, որուն հետ Հայաստանը կրնայ խօսիլ իբրեւ մէկ քաղաքական գործընկեր: Իրականութեան մէջ Հայաստանը ոչ թէ մէկ սփիւռքի, այլ բազմաթիւ հայկական աշխարհներու հետ գործ ունի, որոնց միջեւ երբեմն նոյնքան մեծ տարբերութիւններ կան, որքան` Հայաստանի եւ այդ համայնքներուն միջեւ:

Թերեւս ժամանակն է ընդունելու, որ «սփիւռք» բառը ինքնին կրնայ մոլորեցնող ըլլալ: Անիկա կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը, թէ աշխարհի բոլոր հայկական համայնքները կը կազմեն մէկ կազմակերպուած ամբողջութիւն, մինչդեռ իրականութիւնը աւելի կը նմանի իրարու կապուած, բայց ոչ համակարգուած ցանցի: Այդ ցանցին մէջ գոյութիւն ունի համագործակցութիւն, բայց չկայ միասնական ղեկավարում: Գոյութիւն ունի ազգային համակրանք, բայց ոչ` ընդհանուր ռազմավարութիւն: Գոյութիւն ունին բազմաթիւ յաջող նախաձեռնութիւններ, բայց չկայ զանոնք համադրող ազգային կեդրոն:

Այս իրողութիւնը ընդունիլը պարտութիւն չէ: Ընդհակառակը, անիկա առաջին քայլն է աւելի իրատես մտածողութեան, որովհետեւ մինչեւ չընդունինք, որ սփիւռքը բազմակեդրոն իրականութիւն է, պիտի շարունակենք փորձել լուծել գոյութիւն չունեցող խնդիրներ եւ անտեսել իրականները:

(Շար. 1)