Հայ Դպրոցը. Կը Փրկենք Շէ՞նքը, Թէ՞ Կը Վերակերտենք Դպրոցը․ Վերա Եագուպեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հայկական դպրոցը սփիւռքի գոյատեւման կարեւորագոյն գործօններէն մէկը եղած է: Ցեղասպանութենէն ետք ան միայն կրթական հաստատութիւն չէր. ան լեզուի, ինքնութեան, մշակոյթի եւ ազգային յիշողութեան փոխանցման հիմնական միջավայրն էր:

Սակայն այսօր հարցը այլեւս միայն այն չէ, թէ ինչպէ՞ս բաց պահենք հայկական դպրոցները, այլ` ի՞նչ հայկական դպրոց կ՛ուզենք ունենալ ապագային:

Սփիւռքի գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ հայկական դպրոցը կը դիմագրաւէ` աշակերտութեան նուազում, լեզուի նահանջ, ընտանիքներու հեռացում հայկական միջավայրէն եւ այլ դպրոցներու հետ աճող մրցակցութիւն: Բայց Միջին Արեւելքի պարագան աւելի մտահոգիչ է, որովհետեւ հոս հայկական դպրոցը պատմականօրէն եղած է ամբողջ գաղութային համակարգի հիմնասիւներէն մէկը:

Ուրեմն պէտք է հարց տալ` Միջին Արեւելքի հայկական դպրոցներուն հիմնական խնդիրը միայն տնտեսական ճգնաժամն ու արտագաղթնե՞րն են:

Պատասխանը` ո՛չ: Անոնք խորացուցած են տագնապը, բայց չեն ստեղծած անոր բոլոր պատճառները:

Ինչո՞ւ հայ ծնողքը պիտի ընտրէ հայկական դպրոցը

Ահա՛ կարեւորագոյն հարցերէն մէկը:

Անցեալին հայկական դպրոց յաճախելը գրեթէ բնական շարունակութիւնն էր հայկական ընտանիքի կեանքին: Հայ մանուկը կ՛ապրէր հայկական թաղամասի մէջ, կը յաճախէր հայկական եկեղեցի կամ ակումբ, հայկական ընկերային միջավայր ունէր եւ բնականաբար կ՛երթար հայկական դպրոց:

Այսօր այդ աշխարհը փոխուած է: Ծնողքը ընտրութիւն ունի: Ան հայկական դպրոցը կը բաղդատէ այլ դպրոցներու հետ եւ կը հարցնէ` ո՞ւր զաւակս աւելի լաւ կրթութիւն պիտի ստանայ, ո՞ւր պիտի տիրապետէ անգլերէնի կամ ֆրանսերէնի, ո՞ւր պիտի ստանայ արդիական գիտելիքներ, արհեստագիտութիւն եւ համալսարանական ու մասնագիտական ապագայի համար անհրաժեշտ պատրաստութիւն:

Այս հարցումներուն կարելի չէ պատասխանել միայն ըսելով` «Հայ ես, ուրեմն զաւակդ հայկական դպրոց պէտք է ղրկես»: Ազգային պարտաւորութեան զգացումը այլեւս բաւարար կրթական ռազմավարութիւն չէ:

Հայկական դպրոցը պէտք է այնպիսի որակ ապահովէ, որ ծնողքը ստիպուած չըլլայ ընտրութիւն կատարելու ազգային ինքնութեան եւ բարձրորակ կրթութեան միջեւ:

Բայց արդեօք խնդիրը միայն կրթութեան որա՞կն է

Ո՛չ: Կայ աւելի խորքային հարց մը` ի՞նչ հայ կը փորձենք պատրաստել հայկական դպրոցին մէջ:

Շատ յաճախ մեր կրթական մտածողութիւնը կը շարունակէ հիմնուիլ «հայապահպանում» հասկացողութեան վրայ: Կը փորձենք մանուկը պահել հայ` հայերէն սորվեցնելով, պատմութիւն փոխանցելով, ազգային տօներ նշելով եւ անցեալի յիշողութիւնը պահպանելով:

Բայց ինքնութիւնը միայն պահպանուող ժառանգութիւն չէ: Ինքնութիւնը նաեւ ստեղծուող իրականութիւն է: Այսօրուան հայ երիտասարդը պէտք է հասկնայ ոչ միայն, թէ ո՛վ էինք, այլ նաեւ` ո՛վ ենք այսօր եւ ի՞նչ կրնանք ըլլալ վաղը:

Եթէ հայկականութիւնը մանուկին ներկայացնենք միայն իբրեւ պարտականութիւն, կորուստի պատմութիւն եւ անցեալին նկատմամբ պատասխանատուութիւն, կրնանք ստեղծել սերունդ մը, որ կը յարգէ իր հայկական ծագումը, բայց չի զգար անոր հետ կենդանի կապ: Հայկական դպրոցը պէտք է հայկականութիւնը վերածէ ոչ թէ բեռի, այլ` արժէքի:

Իսկ հայերէ՞նը: Այստեղ եւս պէտք է անկեղծ հարցում մը ուղղենք. կարելի՞ է հայերէնը սորվեցնել այսօր նոյն ձեւով, ինչպէս կը սորվեցնէինք յիսուն տարի առաջ:

Անշուշտ` ո՛չ: Այսօր Միջին Արեւելքի մէջ իսկ բազմաթիւ հայ մանուկներ դպրոց կը հասնին այնպիսի ընտանիքներէ, ուր հայերէնը այլեւս միակ կամ նոյնիսկ հիմնական լեզուն չէ: Անգլերէնը, ֆրանսերէնը եւ արաբերէնը մանուկին առօրեային մէջ հսկայական տեղ ունին:

Ուրեմն հայերէնի դասաւանդումը պէտք է փոխուի: Եթէ մանուկը հայկական դպրոցին մէջ հայերէնը ընկալէ իբրեւ ամէնէն դժուար, ամէնէն ծանր եւ ամէնէն նուազ հետաքրքրական դասը, մենք մեր ձեռքով զինք կը հեռացնենք լեզուէն: Նպատակը միայն քերականական կանոններ գիտցող աշակերտ պատրաստելը չէ: Նպատակը հայերէնով խօսիլ, մտածել, կարդալ, ստեղծագործել եւ հաղորդակցիլ ուզող երիտասարդ պատրաստելն է:

Պէ՞տք է շարունակենք ամէն դպրոց առանձին փրկել

Թերեւս դժուարագոյն հարցումը այս է: Միջին Արեւելքի հայութիւնը պատմականօրէն ստեղծած է դպրոցներու հարուստ ցանց մը: Այդ բազմազանութիւնը մեր ուժերէն մէկը եղած է: Սակայն երբ համայնքները կը փոքրանան, աշակերտութեան թիւը կը նուազի եւ տնտեսական միջոցները կը սահմանափակուին, պէտք է համարձակիլ հարց տալ`

մեր նպատակը ամէն գնով գոյութիւն ունեցող բոլոր կառոյցները պահե՞լն է, թէ՞ ստեղծել աւելի ուժեղ հայկական կրթական համակարգ:

Երկուքը միշտ նոյն բանը չեն: Գուցէ ժամանակն է մրցակցութենէն անցնելու համագործակցութեան: Ինչո՞ւ հայկական դպրոցները չունենան` միացեալ կրթական ծրագիրներ, ուսուցիչներու պատրաստութեան միասնական համակարգ, արդիական հայերէնի դասագիրքեր եւ թուային հարթակներ, միացեալ մշակութային եւ գիտական ծրագիրներ: Ինչո՞ւ իւրաքանչիւր դպրոց առանձին փորձէ լուծել խնդիրներ, որոնք իրականութեան մէջ ամբողջ հայութեան խնդիրներն են:

Ուրեմն ի՞նչ պէտք է փոխուի: Նախ` մտածելակերպը:

Հայկական դպրոցը պէտք չէ դիտել իբրեւ անցեալէն մեզի հասած կառոյց մը, զոր պարտաւոր ենք ամէն գնով պահել: Զայն պէտք է դիտել իբրեւ ապագայի ազգային ռազմավարական հաստատութիւն:

Երկրորդ` հայկական դպրոցը պէտք է դառնայ կրթականօրէն մրցունակ: Հայ ծնողքը իր զաւակը հայկական դպրոց ուղարկելով` պէտք չէ զգայ, որ զոհողութիւն կ՛ընէ անոր ապագային հաշուոյն:

Երրորդ` պէտք է ամբողջովին վերանայիլ հայերէնի դասաւանդման եղանակը եւ լեզուն կապել մանուկին իրական կեանքին, թուային աշխարհին, մշակոյթին եւ ստեղծագործութեան:

Չորրորդ` պէտք է ներդրում կատարել ուսուցիչին վրայ: Առանց պատրաստուած, արժանապատիւ պայմաններու մէջ աշխատող եւ նոր մտածողութիւն ունեցող ուսուցիչի` դպրոցական որեւէ բարեփոխում չի կրնար յաջողիլ:

Եւ վերջապէս, հայկական դպրոցները պէտք է սկսին իրենք զիրենք տեսնել ոչ միայն իբրեւ առանձին հաստատութիւններ, այլ` իբրեւ մէկ ընդհանուր հայկական կրթական համակարգի մասեր:

Կը փրկենք դպրո՞ցը, թէ՞ անոր առաքելութիւնը

Ահա՛ հիմնական հարցումը: Հայկական դպրոցի ապագան չենք ապահովեր միայն աշակերտութեան թիւը բարձրացնելով, կրթաթոշակ բաժնելով կամ շէնքեր պահպանելով: Այդ բոլորը անհրաժեշտ կրնան ըլլալ, բայց բաւարար չեն:

Իրական հարցումը հետեւեալն է, եթէ վաղը հայ ծնող մը հարցնէ` «Ինչո՞ւ զաւակս հայկական դպրոց ղրկեմ», մենք համոզիչ պատասխան ունի՞նք:

Եթէ մեր միակ պատասխանը «որպէսզի հայ մնայ» է, ապա մեր կրթական տեսլականը պէտք ունի վերանայման: Հայկական դպրոցը պէտք է պատրաստէ երիտասարդ մը, որ կրնայ մրցիլ աշխարհի մէջ` առանց կորսնցնելու իր ինքնութիւնը, որ` լաւ կը տիրապետէ միջազգային լեզուներու, բայց հայերէնը չի նկատեր անցեալին պատկանող լեզու, որ` կը ճանչնայ Հայոց պատմութիւնը, բայց նաեւ կը հասկնայ ժամանակակից Հայաստանը եւ սփիւռքը, եւ որ` հայկականութիւնը չի կրեր միայն իբրեւ ժառանգութիւն, այլ որովհետեւ արժէք կը տեսնէ անոր մէջ:

Հետեւաբար, մեր գաղութներու հայկական կրթութեան առջեւ այսօր դրուած մեծագոյն խնդիրը դպրոցները պարզապէս փրկելը չէ: Պէտք է վերակերտել հայկական դպրոցը` առանց կորսնցնելու անոր հայկականութիւնը: Անցեալին հայկական դպրոցը ստեղծուեցաւ մեր գոյութիւնը պահպանելու համար: Այսօր ան պէտք է վերափոխուի` մեր ապագան ստեղծելու համար:

Բայց արդեօք ո՞ւշ է

Եւ վերջապէս, թերեւս ամենադժուար հարցումը պէտք է ուղղենք մենք մեզի.

Կարելի՞ է տակաւին իրականացնել այս բոլորը, թէ՞ արդէն ուշ է անհրաժեշտ փոփոխութիւնները կատարելու եւ մեր հայկական դպրոցներն ու աշակերտները հասցնելու այն մակարդակին, որուն կը ձգտինք:

Կարծեմ` ուշ չէ: Բայց ժամանակն ալ անսահման չէ: Տարիներ շարունակ կարելի է դպրոցներու նահանջը բացատրել` արտագաղթով, տնտեսական տագնապով, աշակերտութեան թիւի նուազումով կամ ընտանիքներու փոխուող պայմաններով: Այս բոլորը իրական պատճառներ են, բայց անոնք չեն կրնար մշտական արդարացումներ դառնալ, որովհետեւ եթէ միայն արտաքին պայմանները մեղադրենք, կը խուսափինք շատ աւելի դժուար հարցումէ մը` իսկ մե՞նք ինչ չենք փոխած, երբ մեր շուրջը աշխարհը փոխուած է:

Ուստի հարցը այլեւս միայն այն չէ, թէ կրնա՞նք պահել մեր դպրոցները: Հարցը այն է, թէ պատրա՞ստ ենք փոխելու զանոնք այնքան, որքան անհրաժեշտ է` առանց կորսնցնելու անոնց հայկական դիմագիծն ու առաքելութիւնը:

Որովհետեւ տակաւին կարելի է վերականգնել վստահութիւնը, բարձրացնել կրթական մակարդակը, արդիականացնել հայերէնի դասաւանդումը, նոր սերունդի ուսուցիչներ պատրաստել եւ հայկական դպրոցը կրկին դարձնել հայ ընտանիքին գիտակից ընտրութիւնը:

Բայց եթէ շարունակենք միայն պահպանել գոյութիւն ունեցողը` առանց վերանայելու անոր բովանդակութիւնը, թերեւս օր մը իսկապէս ուշ ըլլայ:

Այսօր տակաւին հարցը այն է`, թէ ինչպէ՞ս փոխենք հայկական դպրոցը:

Վաղը կրնայ հարցը դառնալ` հայկական դպրոց մնա՞ց, որ փոխենք: