Քնեսէթի Իսկական Դերը Ներկայ Խաղին Մէջ․ Կարօ Արմենեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յուլիս 6, 2026 թուակիր իմ յօդուածով  («Ռէալփոլիթիքը Իր Իսկական Դիմագծով») հարցականի տակ կ՚առնէի Քնեսէթի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ճանաչման հաւանականութիւնը և ճանաչման գծով իսրայէլեան կառավարութեան վերջին նախաձեռնութիւնները կը կապէի Վարչապետ Նեթանիահուի մարտավարական դիտաւորութիւններուն, առընչուա՛ծ՝ թուրքևիսրայէլեան ներկայ առճակատման։

Այսօր, Քնեսէթի յանկարծական շրջադարձէն ետք, համաշխարհային մամուլը հրապարակը ողողած է մէկ նոր խօսոյթով։ Մեզի կ՚ըսուի, թէ Քնեսէթի գործողութիւնը փուլ եկաւ Բաքուի ճնշման որպէս հետևանք… Պարզ խօսքով, Քնեսէթի ղեկավարները պատրաստ էին ճանաչման բանաձևը տանելու քուէարկութեան, երբ յանկարծ իրենք զիրենք գտան Ալիևի փոթորկալի միջամտութեան առջև և ստիպուած՝ տեղի տուին…Բա՛ն մը՝ որ շատ հեռու է ներկայ քաղաքականութեան տրամաբանութենէն և առհասարակ իսրայէլեան քաղաքականութեան պատմական փորձի նորմերէն։

Ես կը կարծեմ, թէ յիշեալ այս խօսոյթը չի համապատասխաներ իրականութեան և կոչուած է ապակողմնորոշելու համաշխարահային կարծիքը։

Ալիևի տրամադրութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի վերաբերմամբ երբեք գաղտնիք չեն եղած Վարչապետ Նեթանիահուին։ Ընդհակառակն անոնք եղած են լիովին նախատեսելի։ Միամտութիւն է կարծել, թէ իսրայէլեան կողմը անակնկալի բերուած պիտի ըլլայ Ալիևի կողմէ։ Ընդհակառակն կարելի է նոյնիսկ պնդել, որ Ալիևի «հակազդեցութիւնը» մաս կը կազմէր Նեթանիահուի բեմադրութեան։ Չմոռնա՛լ՝ որ Նեթանիահու, իր կարգին, երբեք տրամադիր չէ եղած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման դուռը լրջօրէն բանալու։ Մենք ընդամէնը գործ ունինք անճահ խաղի մը հետ, որ կը խաղացուի ցեղասպաններու ակումբին մէջ ամենէն կոշտ խաղականոններով։

Խաղին առաջին փուլը նկարագրուած է Յուլիս 6-ի իմ յօդուածիս մէջ։ Վարկաբեկե՛լ Էրտողանը թիրախաւորելով Թուրքիոյ աքիլլէսեան կրունկները տարածաշրջանին մէջ և գործի դնելով Հայոց Ցեղասպանութեան զգայուն թեման։ Պէտք է ըսել, որ այս փուլը լիովին արդիւնաւորուեցաւ ի նպաստ Իսրայէլի։ Նեթանիահու կրցաւ խառնել խաղաքարտերը տարածաշրջանին մէջ առանց նաև զոհելու Ցեղասպանութեան ճանաչման  իր խաղաքարտը։ Խաղին երկրորդ փուլը թուրք հանրային կարծիքին առջև Ալիևը հերոսացնելն էր (ի հեճուկս Էրտողանի) ցոյց տալով միաժամանակ, որ Նեթանիահու ի վիճակի է մտնելու թուրքևազրպէյճանական քաղաքականութեան ներքին ոլորտէն ներս խախտել կարենալով ներ-թրքական հաւասարակշռութիւնները։  

Միաժամանակ Նեթանիահու քաջ գիտէ, թէ իր ապագայ դաշնակիցը կրկին Թուրքիան է ըլլալու (Թուրքիան զայն ուզէ՞, թէ չուզէ…), հետևաբար ան պէտք ունի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը «արթուն» պահելու որպէս գրաւական ապագայի յարաբերութիւններու։ Այս առումով, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը մեծ կենսականութիւն ունի Նեթանիահուի զինանոցին համար։ Կենսականութի՛ւն՝  ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿՈՂՄԷ ՃԱՆԱՉՈՒՄ Չ՚ԸՍՏԱՑԱԾ ԸԼԼԱԼՈՒ ԻՐ ՀԱՆԳԱՄԱՆՔՈՎ ՄԻԱՅՆ…Եւ կարևոր է, որ մեղքը բարդուի Քնեսէթի՛ վզին՝ հարցը հեռու պահելով գործադիր իշխանութեան ոլորտէն…Չմոռնալ՝ որ Քնեսէթի վրայ հզօր ուժ ունի Նեթանիահու, որ հնարաւորութիւն կ՚ընծայէ իրեն հարցը խաղարկելու Քնեսէթի դաշտէն ներս և հարցը հոն պահելու։ Արդիւնքը այն է, որ խաղը կը գործէ բացառիկ ճշգրտութեամբ ներկայ առճակատման մէջ առաւելութիւնը լիովին վերապահելով Նեթանիահուի։

Իրականութիւնը այն է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցն ալ – այլ հարցերու կարգին – արդէն վաղուց մաս կը կազմէ այն զինարանին, որմով կը կռուին աշխարհակարգի ուժերը իրենց հիպրիտային պատերազմներով։ Երբեք պէտք չէ զարմանալ, որ իրերու բարդ հոլովոյթին մէջ նոյնինքն Թուրքիան և Ազրպէյճանը յառաջիկային ուզեն իրենք ևս մանրադրամի վերածել Ցեղասպանութեան ճանաչման քաղաքականութիւնը։ Իրե՛նք ևս գործածեն զայն ի նպաստ իրենց մարտավարական շահերուն։ Երբե՛ք չզարմանալ։ Ոչ միայն չզարմանալ, այլև պատրա՛ստ ըլլալ անհեթեթի այս թատրոնը գրագիտութեան բարձր մակարդակով և ուժականութեամբ դիմագրաւելու։