«Հ. Յովնանեան Ընտանիք» Հիմնարկը 237,000 Տոլար Յատկացուց Սիւնիքի Եւ Վայոց Ձորի Մէջ Զբօսայգիներու Եւ Ժամանցի Ծրագիրներու
Աշխոյժ հանրային տարածքները, կանաչ գօտիները եւ մատչելի ժամանցի վայրերը էական են առողջ եւ բարգաւաճ համայնքներու համար։ Այս կարեւոր կարիքին աջակցելու համար, «Հ. Յովնանեան Ընտանիք» հիմնարկը 237,000 տոլար յատկացուցած է վեց ազդեցիկ նախաձեռնութիւններու՝ 2026ի առաջին եռամսեակին, կեդրոնանալով բացառապէս Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի վրայ։
Այս մարզերուն համայնքները զօրացնելով՝ ընտրուած ծրագիրները նպատակ ունին բարելաւելու տեղւոյն բնակիչներուն ամէնօրեայ կեանքի որակը, խթանելու զբօսաշրջութեան ներուժը եւ զարգացնելու բնապահպանական դիմադրողականութիւնը, կը յայտնէ հիմնարկի ծրագիրներու ղեկավար Անահիտ Յակոբեան, աւելցնելով․ «Մեզի համար յատկապէս քաջալերական էր հանրային մարմիններու, ներառեալ Կապանի, Գորիսի եւ Սիսիանի քաղաքապետարաններու աշխոյժ մասնակցութիւնը»։

Ծրագիրներուն ծիրէն ներս, «Փոքր Կամուրջ» (Little Bridge) հասարակական կազմակերպութիւնը (ՀԿ) Վայքի (Վայոց Ձոր) մէջ պիտի հիմնէ 1000 քառ․ մեթր մակերեսով հանրային խաղավայր եւ կանաչապատ զբօսայգի, որ պիտի իրականացուի վեց ամսուան ընթացքին։ Տեղահանուած ընտանիքներու պատճառով բնակչութեան 15 առ հարիւր աճով պայմանաւորուած՝ ծրագիրը նպատակ ունի համայնքի 6743 բնակիչներու համար ապահով եւ մատչելի ժամանցի կարելիութիւններ ստեղծել։
«SOS Chretiens d՛Orient» կազմակերպութեան հայկական մասնաճիւղը պիտի ստեղծէ 500 քառ․ մեթր մակերեսով հանրային հրապարակ մը, Արամ Մանուկեանի կիսանդրիին շուրջ՝ Սիւնիքի մարզի Կապան համայնքի Դաւիթ Բէկ գիւղին մէջ։ Եօթ ամսուան ընթացքին իրականացուելիք այս ծրագիրը ուղղակիօրէն կ՛անդրադառնայ գիւղին մէջ բարեկարգ հանրային տարածքներու պակասին՝ օգտակար դառնալով շուրջ 1000 տեղացիներուն։ Նախաձեռնութիւնը կը ներառէ տարածքի ամբողջական բարեկարգում, սալարկում, յարմարաւէտ նստարաններ, ջուրի հասանելիութիւն եւ կանաչ։ Պիտի տեղադրուին նաեւ խաղի սարքաւորումներ, որոնք կազմակերպութեան կողմէ պիտի տրամադրուին։
Կապանի քաղաքապետարանը պիտի ղեկավարէ Կապանի մէջ գտնուող Գարեգին Նժդեհի յուշարձանին յարակից 2200 քառ․ մեթր հանրային տարածքի ութամսեայ վերականգնումը, որ չէ նորոգուած իր կառուցումէն (2001) ի վեր։ Ծրագիրը կը նախատեսէ նոր սալարկում, եզրաքարերու, մայթերու եւ աստիճաններու տեղադրում։ Անիկա կը ներառէ նաեւ յուշարձանի անմիջական շրջակայքի վերականգնում, կանաչապատումը, արտաքին լուսաւորութիւն, նստարաններ եւ մատչելիութեան էական բարելաւումները։ Աւարտուն տարածքը պիտի ծառայէ Կապանի 45,815 բնակիչներուն եւ տարեկան մօտաւորապէս 10,000 այցելուներու։

Հայկական Կարմիր Խաչի ընկերութիւնը (ՀԿԽԸ) Վայոց Ձորի Եղեգնաձոր քաղաքին մէջ պիտի սկսի 12ամսեայ «Միասին՝ Զբօսայգիի Մէջ» ծրագիրը, որ ուղղուած է 14,844 բնակիչ ունեցող համայնքին։ Այս նախաձեռնութիւնը կը համադրէ կառուցուածքային բարելաւումները, ընկերային ծրագիրներու հետ՝ վերջին շրջանային մարտահրաւէրներէն ետք մեկուսացման եւ երիտասարդական տարածքներու պակասին դէմ պայքարելու համար։ Ֆիզիքական ապահովման իմաստով՝ ծրագիրը պիտի վերականգնէ համայնքապետարանին պատկանող 600 քառ․ մեթր մակերեսով Մոմիկի կեդրոնական զբօսայգին՝ սալարկման, լուսաւորութեան, կանաչապատման եւ ապահովութեան բարելաւման միջոցով։ Ընկերային առումով՝ ՀԿԽԸն պիտի օգտագործէ իր կամաւորական լայն ցանցը՝ իրականացնելու աւելի քան 30 կազմակերպուած միջոցառումներ, ներառեալ միջսերնդային հանդիպումներ, երիտասարդական փոքր դրամաշնորհներ եւ տեղական կամաւորներու կողմէ ղեկավարուող համայնքային նախաձեռնութիւններ։
«Բալենի» Գիւղատնտեսական Բարեգործական հիմնադրամը 25,000 քառ․ մեթր անտառ-պուրակ պիտի հիմնէ Սիւնիքի Սիսիան համայնքի Շաղատ գիւղին մէջ։ 12 ամսուան ընթացքին տեղւոյն աշխոյժ երիտասարդութեան եւ գիւղի ղեկավարութեան հետ սերտ համագործակցութեամբ մշակուած այս ծրագիրը կը ներառէ 5000 քառ․ մեթր բարեկարգուած զբօսայգիի գօտի։ Կը նախատեսուի շուրջ 6000 ծառերու տնկում, ոռոգման համակարգ, արեւային լուսաւորութիւն, ճեմուղիներ եւ ցանկապատ։ Զբօսայգին պիտի ունենայ բացօթեայ ֆիլմերու ցուցադրութեան տարածք եւ նստարաններ, որոնք օժտուած են «QR քոտ»երով՝ այցելուները կապելով մարզի պատմական եւ աշխարհագրական տեղեկութիւններուն, որմէ պիտի օգտուին ուղղակի 1000 բնակիչներ եւ դրացի համայնքները։
«Ճարտար» ՀԿն Սիւնիքի Գորիս քաղաքին մէջ, տեղական դպրոցին յարակից համայնքային հողատարածքի վրայ պիտի ստեղծէ համայնքային զբօսայգի մը։ Տարածքը նաեւ պիտի հիւրընկալէ «LINE Հայկական Ճարտարապետական 2րդ Բիենալէ»ն, որուն թեման է «Քաղաքային Ժամանցները Գիծով»։ 15,000 քառ․ մեթր ընդհանուր տարածքով ծրագիրը հետազօտութիւններու եւ համագործակցային աշխատանոցներու միջոցով պիտի մէկտեղէ բնակիչները, երիտասարդները եւ տեղական շահագրգիռ կողմերը, որմէ ետք պիտի անցնի հանրային զբօսայգիի բուն շինարարութեան։ Դրամաշնորհը կը ծառայէ ծրագիրի առաջին փուլին՝ ծածկելով հետազօտական եւ նախագծման բաղադրիչները։
Այս վեց ծրագիրները կ՛արտացոլեն տարածաշրջանային զարգացման համապարփակ տեսլական մը՝ Սիւնիքի եւ Վայոց Ձորի բնական գեղեցկութեան ու համայնքային ոգիին պահպանումը, արժեւորումը եւ մատչելի դարձնելը։
Հիմնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել «Հ. Յովնանեան Ընտանիք» Հիմնարկ-ի կայքէջը։
