ԱՄՆ Հայ Դատի Գրասենեակի Աշխատանքին Իբրեւ Արդիւնք ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատի Յանձնաժողովը ազրպէյճանին Կոչ Ըրած է Ազատ Արձակելու Հայ Գերիները

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին գործերու յանձնաժողովը կոչ ըրած է ազրպէյճանին ազատ արձակելու պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները: Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը (ANCA)։

Յանձնաժողովը 44 կողմ եւ 7 «դէմ» ձայներով կողմ քուէարկած է ազրպէյճանին կոչ ընելուն՝ անյապաղ եւ անվերապահօրէն ազատ արձակելու բոլոր հայ պատանդները՝ փոփոխութիւն ընելով H.R. 9087 օրինագիծին մէջ (Ներկայացուցիչներու պալատի դիւանագիտական ծառայութեան մասին օրէնք)։

Փոփոխութիւնը, որուն աջակցած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ներկայացուցած էր Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի փոխնախագահ, քոնկրեսական Պրետ Շըրմէնը (դեմոկրատ, Քալիֆորնիա)՝ յանձնաժողովի նախագահ Պրայըն Մասդի (հանրապետական, Ֆլորիտա) աջակցութեամբ։

«Հպարտ եմ, որ Քոնկրեսին պաշտօնապէս յայտնած եմ իմ դիրքորոշումը, եւ պիտի շարունակեմ պայքարիլ ազրպէյճանի կողմէ անօրինական եւ անարդարացիօրէն պահուող, խոշտանգումներու եւ բռնութիւններու ենթարկուող հայերու ազատ արձակման համար»,- նշած է Շըրմէն։

ANCA-ի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան, իր հերթին նշած է, որ ազրպէյճանի կողմէ հայ պատանդներու ազատ արձակումը, Արցախէն փախստականներու անվտանգ վերադարձը եւ Հայաստանի տարածքէն ազրպէյճանական գրաւող ուժերու դուրսբերումը խաղաղութեան նախապայմաններ են, որոնք ենթակայ չեն քննարկման, այլ ոչ թէ պաքուի ձեռքին գտնուող յաղթաթուղթեր, որոնք անոր կ՝արտօնեն հասնիլ Հայաստանի կողմէ հերթական միակողմանի զիջումներուն։