Մեր Հոգեւոր Եղբօր՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառին Դատարան Կանչուիլը Կը Նկատենք Անընդունելի եւ Դատապարտելի․ Արամ Ա․ Կաթողիկոս
Երկու Վեհափառներս մնայուն կապի մէջ ենք իրարու հետ եւ կը խորհրդակցինք մեր հայրենիքն ու ազգը յուզող խնդիրներու շուրջ։ Մեր խոր ընդվզումը յայտնեցինք Գարեգին Վեհափառին եւ նոյնիսկ առաջարկեցինք դատարան չներկայանալ եւ իր ներկայացուցիչը ուղարկել։
Կոչ կ՝ուղղենք պետական պատասխանատուներուն, ինչպէս յաճախ կատարած ենք, յարգալից վերաբերմունք ցուցաբերելու մեր եկեղեցւոյ ու Վեհափառի անձին նկատմամբ եւ հարցերը քննելու փոխադարձ հասկացութեան ու պատշաճութեան սահմաններէն ներս՝ յարգելով պետական օրէնքները եւ եկեղեցւոյ ներքին կարգն ու կանոնը։
