Ժողովրդային Զօրակցական Հաւաք Իրաքլիոյի Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«Ազատ Օր»

Չո­րեք­շաբ­թի ե­րե­կո­յեան, Ա­թէն­քի ժո­ղովրդա­յին ցոյ­ցին զու­գա­հեռ, Կ­րե­տէ կղզիին մէջ ապ­րող հա­յու­թիւ­նը միաս­նա­բար հա­ւա­քո­ւե­լով Ի­րաք­լիո­յի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կին վրայ, իր զօ­րակ­ցու­թեան ձայ­նը լսե­լի դար­ձուց Ար­ցա­խի մէջ քա­ջա­բար դի­մադ­րող հայ զի­նո­ւո­րին։

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Ի­րաք­լիոյ «Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դին, հա­ւա­քը ու­նէր նաեւ ­Հա­յաս­տան հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մին ճամ­բով հայ զի­նո­ւո­րի ֆոն­տին զօ­րակ­ցե­լու նպա­տակ։

Այս­պէս, հա­ւա­քի կեդ­րո­նը զե­տե­ղո­ւած էր յա­տուկ գան­ձա­նակ մը, ո­րուն մէջ մաս­նակ­ցող ժո­ղո­վուր­դը դրաւ իր սրտէն բխած նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րը, հաս­նե­լու հա­մար հայ զի­նո­ւո­րի եւ մեր բա­նա­կի կա­րիք­նե­րուն։

­Գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ յա­տուկ յայ­տա­գիր, ո­րուն ըն­թաց­քին լսո­ւե­ցան զօ­րակ­ցա­կան խօս­քեր տե­ղա­կան քա­ղա­քա­պե­տա­կան եւ մար­զա­յին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ, կար­դա­ցո­ւե­ցան ու­ղերձ­ներ յոյն ե­րես­փո­խան­նե­րու կող­մէ։ ­Ժո­ղո­վուր­դի տրա­մադ­րու­թիւ­նը եւ ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը շատ բարձր ե­ղաւ, լսո­ւե­ցան թուր­քե­ւա­զե­րիա­կան յար­ձա­կում­նե­րը դա­տա­պար­տող լո­զունք­ներ եւ բա­ցա­գան­չու­թիւն­ներ։

Ն­շենք, որ հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մին իր կա­րե­ւոր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ շրջա­նի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը եւ յու­նա­կան ոտ­նագն­դա­կի ար­հես­տա­վարժ «Օ­ֆի» ա­կում­բը։

­Վեր­ջի­նի նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւ­նը բարձր գնա­հա­տո­ւե­ցաւ բո­լո­րին կող­մէ, որ­պէս յոյն մեր եղ­բայր­նե­րու քա­ջա­լե­րա­կան կե­ցո­ւածք Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին։