Յունաստանէն Ցարդ 200.000 Եւրօ՝ Արցախի Համար

Հայաստան, Սփիւռք

Հա­յաս­տան հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի ­Յու­նաս­տա­նի վար­չու­թիւ­նը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ մարտն­չող հայ զի­նո­ւո­րի օգ­տին կա­տա­րո­ւող հա­մա­հայ­կա­կան հան­գա­նա­կու­թեան ծի­րէն ներս, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ապ­րող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու կող­մէ ցարդ ե­ղած նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րէն՝ 200.000 եւ­րո­յի գու­մա­րը փո­խան­ցո­ւած է յա­տուկ ֆոն­տին։

­Հիմ­նադ­րա­մի ­Յու­նաս­տա­նի վար­չու­թիւ­նը իր շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նէ բո­լոր նո­ւի­րա­տու­նե­րուն եւ կը շա­րու­նա­կէ ա­ւե­լի մեծ թա­փով ու ժո­ղո­վուր­դի լիա­բուռն մաս­նակ­ցու­թեամբ ըն­դու­նիլ իւ­րա­քան­չիւր հա­յու սրտի պարտ­քը հայ զի­նո­ւո­րին հան­դէպ։

Իր ե­րախ­տա­գի­տու­թեան խօս­քը ուղ­ղե­լով յու­նա­հա­յու­թեան, 200.000 եւ­րո­յի ստա­ցու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ­Հա­յաս­տան հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի տնօ­րէն ­Հայ­կակ Ար­շա­մեան, ­Հիմ­նադ­րա­մի ­Յու­նաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղին ղրկեց յա­տուկ շնոր­հա­կա­լա­կան նա­մակ, ո­րուն մէջ կը նշո­ւի, թէ գու­մա­րը պի­տի գոր­ծա­ծո­ւի Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի շտապ կա­րիք­նե­րուն հա­մար, ո­ր այ­սօր կը գտնո­ւի մար­դա­սի­րա­կան ա­ղէ­տի մը առ­ջեւ, ա­զե­րի բա­նա­կի ռմբա­կո­ծում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով։