Ա­թէն­քի Հա­յու­թիւ­նը Խուռ­նե­րամ Շար­քե­րով Պա­հան­ջեց Ար­ցա­խի Մի­ջազ­գա­յին Ճա­նա­չու­մը. Բողոքի Քայլարշաւ եւ Ցոյց Դէպի Թրքական Դեսպանատուն (լուսանկարներ)

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«Ազատ Օր»

Ա­ւե­լի քան 2000 հո­գի, ըն­դա­ռա­ջե­լով Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան կո­չին, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 14 ­Հոկ­տեմ­բեր 2020ի ե­րե­կո­յեան, հա­ւա­քո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի կեդ­րո­նա­կան «­Սին­տաղ­մա» հրա­պա­րա­կին առ­ջեւ, մաս­նակ­ցե­լու հա­մար բո­ղո­քի քայ­լար­շա­ւին եւ ցոյ­ցին դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։ Ա­թէն­քի մէջ ապ­րող հա­յու­թիւ­նը երկ­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով, իր բո­ղո­քի եւ ընդվ­զու­մի ձայ­նը միա­ցուց ամ­բողջ հա­յու­թեան ար­դար ձայ­նին, վերջ տա­լու թուրք-ա­զե­րի յար­ձա­կում­նե­րուն Ար­ցա­խի վրայ եւ պա­հան­ջե­լու մեր ար­ծո­ւա­բոյ­նին մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը, որ­պէս­զի Ար­ցա­խի մարտն­չող ժո­ղո­վուր­դը ա­զատ եւ ան­կաշ­կանդ ապ­րի ու ստեղ­ծա­գոր­ծէ իր սե­փա­կան հո­ղե­րուն վրայ։

Ո­րո­շեալ ժա­մուն, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան եւ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու ազ­դան­շա­նին հե­տե­ւե­լով, հսկայ բազ­մու­թիւ­նը սկսաւ շար­ժիլ յու­նա­կան խորհր­դա­րա­նին առ­ջե­ւէն, ուղ­ղո­ւե­լու հա­մար դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։

Առ­ջե­ւը տեղ ա­ռած էին ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց ձեռ­քը բռնած ըլ­լա­լով մե­ծա­դիր Ե­ռա­գոյ­նը դրօ­շը, ճամ­բայ կը բա­նա­յին ժո­ղո­վուր­դին։
­Քայ­լար­շա­ւի ամ­բողջ ըն­թաց­քին, բարձ­րա­խօս­նե­րէն կը լսո­ւէին ­Թուր­քիան եւ Ատր­պէյ­ճա­նը դա­տա­պար­տող խօս­քեր եւ լո­զունգ­ներ, մինչ ժո­ղո­վուր­դը բարձր ո­գե­ւո­րու­թեամբ կը բա­ցա­գան­չէր բո­լոր լո­զունգ­նե­րը։

­Ժո­ղո­վուր­դը հաս­նե­լով ­Ռի­ղի­լիս հրա­պա­րա­կը, ուր ա­ւե­լի վար կը գտնո­ւի թրքա­կան դես­պա­նա­տու­նը, դէմ յան­դի­ման գտնո­ւե­ցաւ ոս­տի­կա­նա­կան մեծ ու­ժի, որ յա­տուկ ինք­նա­շար­ժե­րով փա­կած էր ճամ­բան դէ­պի դես­պա­նա­տուն, իսկ ոս­տի­կան­նե­րու զրա­հա­ւոր ջո­կատ­ներ կանգ­նած էին ա­նոնց ե­տին։

­Բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը մնա­ցին հրա­պա­րա­կին վրայ, ուր շա­րու­նա­կո­ւե­ցան լո­զունգ­նե­րը եւ զօ­րակ­ցա­կան խօս­քե­րը Ար­ցա­խի սահ­ման­նե­րուն եր­կայն­քին քա­ջա­բար կռո­ւող հայ զի­նո­ւոր­նե­րուն հա­մար։

­Հոն, մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը մեծ ծաղ­րան­կար մը զե­տե­ղե­ցին ճամ­բուն վրայ, ո­րուն մէջ կ­՚ե­րե­ւէր թուրք նա­խա­գա­հը, որ խա­մա­ճի­կի նման՝ իր ձեռ­քին մէջ լա­րե­րով կը շար­ժէ ա­զե­րի նա­խա­գա­հը։ Եր­կու ցե­ղա­կից բռնա­տէ­րե­րու յատ­կան­շա­կան ա­րիւ­նար­բու դի­մա­գի­ծը ցոյց տա­լու հա­մար, ե­րի­տա­սարդ­նե­րը նկա­րին վրայ թա­փե­ցին ա­րիւ­նը խորհր­դան­շող հե­ղուկ, մինչ ժո­ղո­վուր­դը բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րով իր ընդվ­զու­մը կ­՚ար­տա­յայ­տէր ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան դէմ։

­Նոյն պա­հուն, մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը յա­տուկ հրա­վառ­ներ բռնած, կա­տա­րե­ցին մեր Ե­ռա­գոյ­նը խորհրդան­շող կար­միր, կա­պոյտ եւ նարն­ջա­գոյն լոյ­սե­րու բո­ցա­վա­ռում­ներ, ո­րոնք տպա­ւո­րիչ տե­սա­րան մը ստեղ­ծե­ցին՝ դէ­պի եր­կինք խո­յա­ցող լոյ­սե­րու ար­ձա­կու­մով։ ­Խորհր­դան­շա­կան էր պա­հը, երբ ար­դէն մթնցած ժա­մուն, բո­լոր ժո­ղո­վուր­դը իր բջի­ջա­յին հե­ռա­ձայ­նե­րուն լոյ­սե­րը վա­րեց, միա­ժա­մա­նակ բարձ­րա­խօ­սէն լսո­ւե­ցաւ հայ զի­նո­ւո­րին ձօ­նո­ւած երգ մը։ ­Յու­զիչ էր մթնո­լոր­տը, բա­ցար­ձակ լռու­թեան մէջ՝ պլպլա­ցող լոյ­սե­րու ճա­ռա­գայ­թու­մով եւ զգա­յա­ցունց եր­գի կա­տա­րու­մով։
Մթ­նո­լոր­տէն ո­գե­ւո­րո­ւած եւ բո­ղո­քի բարձ­րա­լիք ար­տա­յայ­տու­թեամբ, մեր ա­ռա­ջա­տար ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ա­ւե­լի մօ­տե­ցան դես­պա­նա­տան շէն­քին, հաս­նե­լով մին­ջեւ ոս­տի­կա­նա­կան ար­գե­լիչ գի­ծը, ուր ա­ւե­լի բուռն թա­փով սկսան վան­կար­կել հա­կա­թուրք եւ հա­կաա­զե­րի լո­զունգ­ներ, պա­հան­ջե­լով պա­տե­րազ­մի ան­մի­ջա­կան դա­դա­րը։ Ա­ւե­լի ուշ, ժո­ղովր­դա­յին բազ­մա­մարդ ցոյ­ցը վերջ գտաւ «­Մեր հայ­րե­նիք» ո­գեր­գի միա­բե­րան եր­գե­ցո­ղու­թեամբ։

­Հայ ժո­ղո­վուր­դի կող­քին, ցոյ­ցին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին մեծ թի­ւով յոյն բա­րե­կամ­ներ, ­Յու­նաս­տա­նի հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան ան­դամ­ներ, քա­ղա­քա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

­Հոս պէտք է նշել, որ այ­սօր, ­Հինգ­շաբ­թի՝ 15 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձնա­խում­բի պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը պի­տի ուղ­ղո­ւի դէ­պի ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նը, ուր յա­տուկ յու­շա­գիր պի­տի յանձ­նէ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, ո­րուն մէջ նշո­ւած է Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման հրա­մա­յա­կա­նը, ինչ­պէս նաեւ թուր­քե­ւա­զե­րի յար­ձա­կում­նե­րու ան­մի­ջա­կան դադ­րեց­ման պա­հանջն ու կո­չ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը զգաս­տու­թեան գա­լու։