«Կարօ Փայլանի Կողքին Ենք» Նշանաբանով Արշաւ

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ իշ­խա­նամէտ մա­մու­լը իր բո­լոր մի­ջոց­նե­րով կը փոր­ձէ հրահ­րել Արցախի շուրջ հետզհե­տէ սաստկա­ցող պա­տերազ­մը։ Պոլսահայ «Ակօս»-ի տեղեկութիւններով՝ այդ ըն­թացքին մէջ կարգ մը շրջա­նակներ ալ կը փորձեն ատե­լու­թեան մթնո­լոր­տէն օգ­տո­ւելով՝ հա­լածել խա­ղաղա­պաշտ քա­ղաքա­կան գործիչները։ Կա­րօ Փայ­լա­ն եւս՝ իբրեւ թի­րախ ցոյց կը տրուի ազգայնամոլ շրջանակներու կողմէ, որուն հետեւանքով, մեծ թի­ւով մտա­ւորա­կաններ ահա­զանգ հնչեցուցին եւ կոչեր կատարեցին Կա­րօ Փայ­լա­նին զօ­րակ­ցե­լու հա­մար։

Այժմ ար­դէն մեկնարկած է ստո­րագ­րա­հաւաք մը, որուն նշանաբանն է՝ «Կա­րօ Փայ­լա­նի կող­քին ենք»։ Ար­դէն իսկ բազ­մա­թիւ ստո­րագ­րութիւններ հա­ւաքո­ւած են այդ կո­չին տակ։