«Արցախը Անկախութեան Նոյնքան Իրաւունք Ունի, Որքան Հայաստանը, Պելառուսը եւ Ատրպէյճանը». Մինսկի մէջ Յայտնած է Էդուարդ Շարմազանով

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ են ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ Տիգրան Ուրիխանեանը եւ Տաճատ Վարդապետեանը, Սեպտեմբեր 24-ին Մինսկի մէջ հանդիպած է Պելառուսիոյ Հանրապետութեան […]

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Պիտի Հանդիպի ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Համանախագահներու եւ Էլմար Մամետեարովի Հետ

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ Սեպտեմբեր 26-ին Նիւ Եորքի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը: Այս մասին կը տեղեկանեն ԱԳՆ մամուլի […]

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Տնօրէն Նշանակուած է Հայկակ Արշամեանը

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէնի պաշտօնին նշանակուած է Հայկակ Արշամեանը: Այս մասին՝ ըստ «Արմենփրես»-ի՝ յայտնած է Հիմնադրամի մամուլի պատասխանատու Անոյշ Մարտիրոսեանը: Հայկակ Արշամեան ծնած է 1971-ին, Երեւան, մասնագիտութեամբ պատմաբան է՝ պատմական գիտութիւններու թեկնածու։ […]

Bloomberg Հայաստանը Ներկայացուցած է Իբրեւ Զբօսաշրջութեան Ոլորտի Մէջ Արագ Քայլերով Աճ Արձանագրող Երկիր

Bloomberg պարբերականը կազմած է Եւրոպայի մէջ զբօսաշրջութեան մէջ արագ քայլերով աճող երկիրներու տասնեակը, ուր ներառուած է  նաեւ Հայաստանը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, պարբերականը զրուցած է  Cox & Kings  զբօսաշրջային ընկերութեան ամերիկեան […]

Ազատ Ոճի Երիտասարդ Ըմբիշ Վազգէն Թեւանեան Աշխարհի Առաջնութեան Պրոնզէ Մետալ Նուաճած է

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական խումբը պրոնզէ երկրորդ մետալը նուաճած է աշխարհի առաջնութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։ Սլովաքիոյ Դրնաւա քաղաքին մէջ ընթացող աշխարհի առաջնութեան՝ 61 քկ քաշային կարգի մէջ, […]

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին Տեսակցութիւնը Սփիւռքի Նախարարին Հետ

Լիբանան կատարած եռօրեայ այցելութեան ծիրին մէջ, Սեպտեմբեր 23-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան, նախարարութեան Մերձաւոր Արեւելքի եւ հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեանի եւ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի […]

Երեւանի Նոր Աւագանի Կ՝անցնի 3 Քաղաքական Ուժ. Աւագանիի Առաջին Նիստի Օրը Հայկ Մարութեան Օրէնքի Ուժով կը Դառնայ Երեւանի Քաղաքապետ

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու քուէարկութեան նախնական արդիւնքներով մայրաքաղաքի աւագանի կ՝անցնի երեք քաղաքական ուժ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ նախնական արդիւնքներով՝ Երեւանի աւագանիին ներկայացուած կ՝ըլլան «Իմ քայլը» դաշինքը, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը եւ «Լոյս» դաշինքը: Համաձայն Ընտրական […]

ՀՀ-ի Մէջ Իշխանութեան Խաղաղ Փոխանցումը Հրաշալի Օրինակ է. ՄԱԿ Գլխաւոր Քարտուղար (տեսանիւթ)

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կուտերեշ դիմատետրի ուղիղ եթերով ըսած է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութիւնը կը համարէ ներքաղաքական նմանօրինակ հարցերը լուծելու հիանալի օրինակ: Այս մասին կը հաղորդէ PanArmenian.net-ը։ […]

Հայաստանի Մէջ Պէտք է Իրականացնել Ո՛չ Թէ Բարեգործական, Այլ Զարգացման Ծրագիրներ. Վարչապետ Փաշինեան՝ Նիւ Եորքի Հայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցով մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ` Նիւ Եորք: Կառավարութեան ղեկավարը, Սեպտեմբեր 23-ի երեկոյեան, հանդիպում ունեցած է Նիւ Եորքի, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ համայնքային կառոյցներու, հայկական կազմակերպութիւններու բազմաթիւ […]

Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախութեան 27-ամեակի Տօնակատարութիւն Հալէպի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեանի, Ուրբաթ, 21 Սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, հիւպատոսութեան կառոյցէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՀ վերանկախութեան 27-ամեակի տօնակատարութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։   Տօնակատարութեան […]