Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Պիտի Հանդիպի ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Համանախագահներու եւ Էլմար Մամետեարովի Հետ
ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ Սեպտեմբեր 26-ին Նիւ Եորքի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը:
Այս մասին կը տեղեկանեն ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն: