«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Տնօրէն Նշանակուած է Հայկակ Արշամեանը

Հայաստան, Սփիւռք

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէնի պաշտօնին նշանակուած է Հայկակ Արշամեանը: Այս մասին՝ ըստ «Արմենփրես»-ի՝ յայտնած է Հիմնադրամի մամուլի պատասխանատու Անոյշ Մարտիրոսեանը:

Հայկակ Արշամեան ծնած է 1971-ին, Երեւան, մասնագիտութեամբ պատմաբան է՝ պատմական գիտութիւններու թեկնածու։

Ան որպէս ծրագիրներու համակարգող աշխատած է Երեւանի մամուլի ակումբին եւ Տարածաշրջանային ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին մէջ: Ան աշխատած է նաեւ «Թրանսփէրընսի Ինթերնէյշընլ Հայաստան» կազմակերպութեան մէջ, իսկ 2018-ի Յուլիս 2-ին նշանակուած էր ՀՀ վարչապետի խորհրդական: