Երեւանի Նոր Աւագանի Կ՝անցնի 3 Քաղաքական Ուժ. Աւագանիի Առաջին Նիստի Օրը Հայկ Մարութեան Օրէնքի Ուժով կը Դառնայ Երեւանի Քաղաքապետ

Հայաստան

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու քուէարկութեան նախնական արդիւնքներով մայրաքաղաքի աւագանի կ՝անցնի երեք քաղաքական ուժ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ նախնական արդիւնքներով՝ Երեւանի աւագանիին ներկայացուած կ՝ըլլան «Իմ քայլը» դաշինքը, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը եւ «Լոյս» դաշինքը:

Համաձայն Ընտրական օրէնսգիրքին՝ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն անցողիկ շեմը կուսակցութիւններու համար 6 տոկոս է, իսկ դաշինքներու համար՝ 8 տոկոս: Հետեւաբար, ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներով՝ Երեւանի աւագանիի մէջ ներկայացուած կ՝ըլլան ամենաշատ քուէ հաւաքած երեք ուժերը, քանի որ միւս քաղաքական ուժերը ընդհանրապէս անցողիկ շեմին նոյնիսկ մօտ չեն գտնուիր:

ՀՀ ընտրական օրէնսդրութեան համաձայն՝ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը քուէարկութեան օրէն ետք` 7-րդ օրը, հիմք ընդունելով ընտրական տեղամասերու մէջ քուէարկութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ արձանագրութիւնները, վերահաշուարկի արդիւնքները, քուէարկութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ ընդունած որոշումները, կը կազմէ արձանագրութիւն քուէարկութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ: Ասիկա կը նշանակէ, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու քուէարկութեան վերջնական արդիւնքները պիտի հրապարակուին Սեպտեմբեր 30-ին:

Իսկ «Երեւան քաղաքի մէջ տեղական ինքնակառավարման մասին» ՀՀ օրէնքի 17-րդ յօդուածի 6-րդ կէտին համաձայն՝ արտահերթ ընտրութենէն ետք, նորընտիր աւագանիի նիստը կը հրաւիրուի ընտրութեան արդիւնքներու պաշտօնական հրապարակումէն ետք` 10-րդ օրը: Հետեւաբար` նորընտիր աւագանիի առաջին նիստը պիտի կայանայ Հոկտեմբեր 10-ին:

Երեւանի քաղաքապետի պարտականութիւնները ստանձնելու պարագային՝ Հայկ Մարութեան պիտի դառնայ Երեւանի 55-րդ քաղաքապետը, իսկ Հայաստանի անկախութենէն ի վեր՝ 12-րդ քաղաքապետը։