Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ, Դէպի Ապագայ – Բ. – 1918-ի Հանրապետութեան Գլխաւոր Աւանդները

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մահսէրէճեան

Եթէ այս տարուան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով նախատեսուած բոլոր գիտաժողովներն ու համագումարները իրականանային, վստահաբար պատկառելի նոր թղթածրարներ պիտի գոյանային անդրանիկ հանրապետութենէն մեզի հասած ու յաջորդ սերունդներուն փոխանցելի աւանդներուն մասին: Սա չի նշանակեր, որ այսօրուան սերունդները անծանօթ են այդ ժառանգութեան, որոնք անցեալ տասնամեակներուն յուշագրուած են այդ օրերու պետական, քաղաքական ու զինուորական գործիչներուն, առաւելաբար` դաշնակցականներու կողմէ, որովհետեւ տարօրինակ կերպով անդրանիկ հանրապետութեան անունը կցուեցաւ Դաշնակցութեան անունին, ու տասնամեակներ շարունակ այլ կուսակցութիւններ ու մանաւանդ մայր հայրենիքը հեռաւորութիւն պահեցին ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՈՒ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ արդիւնքը եղող աւագ հանրապետութենէն: Բարեբախտաբար այդ բոլորը հիմա անցեալին կը պատկանին, անդրանիկ հանրապետութեան տիրութեան հարցը այսօր ստացած է համահայկական դիմագիծ, իսկ կարգ մը եղծումներ ու պատմական իրականութեանց անճիշդ վերախմբագրումներ (օրինակ` կարգ մը հերոսներու արժեւորման գերչափանիշներն ու ուրիշներու ստորագնահատումը) չունին մնայուն արժէք, կը ծառայեն միայն այս կամ այն խմբաւորումին քարոզչական նպատակներուն. արդար ուսումնասիրողն ու պատմութեան հաւատարիմ ուսանողը դժուարութիւն չ՛ունենար ճշմարտութիւնը տեսնելու…

Ինչ որ անվիճելի եւ անխեղաթիւրելի աւանդ կը մնայ Հայաստանի 100-ամեայ հանրապետութենէն, բազմերես է եւ կը տարածուի տարբեր ոլորտներու վրայ:

Դարձեալ թւումի կարգով արձանագրենք այդ աւանդներէն մէկ քանին եւ ընդգծենք, որ առաջին հերթին Սարդարապատի ու զուգահեռ ճակատամարտերուն մէջ շահուած յաղթանակը` համաժողովրդային պայքարի պտուղը, կը հանդիսանայ ամէնէն լուսաւոր աւանդը, որովհետեւ առանց այդ նուաճումներուն` այսօր հաւանաբար պիտի չկարենային խօսիլ անկախ Հայաստանի ու պետական կառոյցի մասին:

Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատումով, հայութիւնը ունեցաւ պատմական հայրենիքի մէկ բեկորին վրայ անկախ պետութիւն կերտելու խիզախումը: Հազիւ 12 հազար քառ. քմ տարածութեամբ հանրապետութիւնը շուտով ծաւալ տուաւ իր սահմաններուն, պատմութեան մէջ արձանագրեց Սեւրի դաշնագիրով աւելի ընդարձակ Հայաստանի մը ուրուագիծը, եւ այդ բոլորը նախաքայլերը եղան շուրջ 70 տարի ետք տեղի ունեցած նոր ընդարձակումի մը` Արցախի ազատագրումին եւ Հայաստանի վերամիացման: Այդ աւանդին իրականացումով սրբագրուեցաւ ստալինեան կամայականութեան ու հաշուարկներուն մէկ սխալը` Արցախի ու Նախիջեւանի «նուիրաբերումը»` Ազրպէյճանին. կը մնայ, որ միւս աւանդն ալ բերուի օրակարգի վրայ ու յաջորդ քայլը ըլլայ Նախիջեւանի վերադարձը հայութեան:

Անկախ հանրապետութիւնը իրականացուց իրաւական պետութեան մը բազմաթիւ արժանիքները: Կազմաւորուեցաւ բանակը, կազմուեցան խորհրդարան, կառավարութիւն եւ դիւանագիտական ցանց, հիմնուեցաւ համալսարան եւ այլ կառոյցներ, մեր հայրենիքը ունեցաւ սեփական դրամանիշ, դրուեցան հիմերը տնտեսութեան, մշակոյթի վերընձիւղման, զարկ տրուեցաւ արհեստներու եւ գործի ասպարէզներու, թէեւ երեք կողմէ թշնամիներով պաշարուած Հայաստանը հազիւ թէ կրցաւ մտածել առեւտուրի` միջազգային առեւտուրի մասին: Փաստօրէն հանրապետութիւնը իրերայաջորդ պատերազմներ դիմագրաւեց երեք ճակատներու վրայ. դարաւոր թշնամին կանգնած էր արեւմտեան սահմաններուն վրայ, անոր դաշնակիցն ու նորաստեղծ Ազրպէյճանը ակռաները կը սրէր արեւմուտքէն, իսկ Վրաստանը նմանօրինակ ախորժակներով կը դիտէր Հայաստանի հիւսիսային գօտին, որմէ Ջաւախքը մինչեւ այսօր ալ կը մնայ անոր քմահաճ տիրապետութեան տակ:

Ֆիզիքական վերականգնումի ճամբուն մէջ մտած եւ անհաւասար պատերազմներ դիմագրաւող Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը կառավարուէր քաղաքական, զինուորական, տնտեսական ու մշակութային ասպարէզներու մէջ նուիրեալ սերունդի մը կողմէ, որուն անդամներէն շատեր թողած էին այլ երկիրներու մէջ մինչ այդ իրենց վարած ապահով կեանքը եւ եկած, իրենց ձեռքերը միացուցած էին հայրենակերտումի աշխատանքին: Այդ սերունդը չէր տարուած հարստանալու մարմաջով, այլ հայրենաշինութեան գործին լծուած էր մինչեւ իսկ գերագոյնը նուիրաբերելու կամքով, ինչպէս ըրած էին ֆետայիները` նախորդ տասնամեակներուն: Ամէնէն պերճախօս օրինակն է հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի պարզունակ կենցաղն ու հազիւ 40 տարեկանին համաճարակի մը զոհ երթալը, իսկ Արամը առանձնակի ծաղիկ մը չէր, անոր նմաններով փունջեր ու պարտէզներ կազմուած էին այդ օրերուն… Այս վարքագիծն ալ մաս կը կազմէ մեզի ու յետնորդներուս ժառանգ մնացած աւանդներուն:

Եթէ կարգ մը աւանդներ ընդհանրապէս անցեալին կը պատկանին ու այսօր իբրեւ ուղեցոյց կը ծառայեն առաւելաբար, կայ ժառանգութիւն մը, որ իբրեւ քաղաքական գերագոյն աւանդ հասած է մեզի` անդրանիկ հանրապետութեան շրջանէն: Անկախութեան հռչակումէն տարի մը ետք Հայաստանի իշխանութիւնը կարեւոր իրագործում մը կատարեց` կրկնակի լուծում բերելով բարդ թուացող երկու հարցերու: Առաջին` խորհրդարանին մէջ առնուեցան Արեւմտեան Հայաստանէն ներկայացուցիչներ, եւ Հայաստանի ժողովուրդը ներկայացնող օրէնսդիր ժողովը իսկապէս մարմնաւորեց ամբողջ հայութիւնը. պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ անիկա կազմուած էր իսկապէս ժողովրդավարական գործընթացով. կաշառք առնել-տալը մաս չէր կազմեր այդ օրերու ընտրական դրութեան… Մինչ այդ արեւելահայու-արեւմտահայու հարցերը մանր կամ մեծ տագնապներու առիթ տուած էին: Այդ քայլով հայութեան միութեան ու միասնութեան կնիքը կը դրուէր պաշտօնապէս: Ափսոս, որ յաջորդ տարիներուն, ծանօթ դէպքերու բերումով, բաժանուածութիւնը վերստին բարձրացուց իր գլուխը, եւ մինչեւ այսօր ալ կը փորձենք տարբեր ոլորտներու մէջ դարմանել այս վիճակը: Այս իմաստով, Հայաստանի անդրանիկ խորհրդարանի պատմական քայլը բարձրադիր փարոս մը կը մնայ բոլորիս համար:

Նոյն օրերու երկրորդ իրագործումը քաղաքական գերագոյն ժառանգութիւն մըն է. նոյն խորհրդարանը, նոյն տարին որդեգրեց ազատ, անկախ եւ ՄԻԱՑԵԱԼ Հայաստանի հռչակագիրը` արար աշխարհին յայտարարելով, որ Հայաստանի պետութիւնը տէր կը կանգնի հայութեան պատկանող բոլոր հողերուն, եւ իր հիմնական նպատակներէն մէկն է իրագործել այդ հողերուն հաւաքագրումն ու միացումը Հայաստանի Հանրապետութեան: Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին` Հայաստանի յաջորդական իշխանութիւնները ետ կանգնած են նման խիզախ կեցուածքէ մը, մինչեւ իսկ յայտարարութիւններ ըրած են, որ Հայաստան դրացիներէն, մասնաւորապէս Թուրքիայէն հող չի պահանջեր, այլ խօսքով, դրժած է 1919-ին կնքուած պատմական ուխտը: 100-ամեայ ժառանգութեան արժէքը հոն է, որ Հայաստան 1918-էն մինչեւ 1920-ական տարիներ, այսինքն` մինչեւ անկախութեան կորուստը, ամէն գետնի վրայ շա՛տ աւելի դժուարին կացութեան մէջ էր, շա՛տ աւելի սպառնական մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէր, եւ սակայն չվարանեցաւ նման յանձնառու որոշում մը որդեգրելէ եւ այդ որոշումին շուրջ համախմբեց հայութեան բոլոր հոսանքները: Համայնավարները եղան առաջին ետքայլ ընողները… Հետագայ տասնամեակներուն այդ որոշումը յաճախ ջուր չվերցնող քննարկումներու առարկայ եղած է, թէ` եթէ ուժն ու միջոցները չունիս նման որոշում մը իրականացնելու, ինչի՞ կը ծառայէ բանաւոր որոշումը: Պէտք է թափանցել, սակայն, նման կեցուածքի մը խորքը, ամենայետին ծալքը, տեսնելու համար, որ առանց նման օրակարգի` մեր Դատին հետապնդումը կը կորսնցնէ ամէնէն կարեւոր կողմնացոյցը, իսկ հողահաւաքի նման որոշում` երբեք ալ պայմանաւորուած չէ այն հարցումով, թէ որոշումը ե՛րբ կրնայ իրականանալ: Կարեւորը` նման որոշում մը որդեգրել ու ընդմիշտ վերահաստատելն է, որպէսզի պատմութեան բերած ու բերելիք ելեւէջներուն համար պատրաստ ըլլանք եւ արթուն: Ապացո՞յց կը փնտռենք. Արցախի ազատագրումը: Արցախը այսօր ազերիական տիրապետութենէ փրկուած կ՛ըլլա՞ր, եթէ մեր ժողովուրդի հոգիին ու քաղաքական կամքին մէջ անթեղուած չմնար անդրանիկ հանրապետութեան յիշեալ աւանդը: Իսկ ապագային համար կարելի է դիմել անգլիացիներու մէկ նշանաւոր առածին` «Վառօդդ միշտ չոր պահէ, որպէսզի զէնքդ կրակելու պատրաստ վիճակի մէջ մնայ»:

Ահա թէ ինչպիսի՛ ժառանգութիւններ իբրեւ թանկագին աւանդ հասած են մեզի, փոխանցելի` յաջորդ սերունդներուն: Այս ճշմարտութեանց տեղեակ ըլլալը միայն առաջին քայլն է մեր երթին ճամբուն. գիտնալը բաւարար չէ, այլ պէտք է յստակ օրակարգով գործի լծուիլ` այն նուիրումով ու տեսլականով, որ անդրանիկ հանրապետութեան կերտիչներունն էր 100 տարի առաջ: Նոյնքան կարեւոր է մարմին տալ այն գիտակցութեան, որ մեր անկախ պետականութիւնը նորութիւն չէ, ունի 100 տարուան կեանք, նաեւ կը յենու 1918-էն առաջ տարուած բազմաճիւղ պայքարներու արդիւնքին վրայ. սա կարեւոր ճշդում է, որովհետեւ երբեմն ի յայտ կու գան «մարգարէներ», որոնք կը փորձեն Հայաստանի պետութեան կեանքը պայմանաւորել այս կամ այն վարչակազմի կեանքով, իրագործումներով` անտեսելով կամ արհամարհելով նախորդ տասնամեակներու եւ դարերու հիմնաքարերը: