ՀՀ-ի Մէջ Իշխանութեան Խաղաղ Փոխանցումը Հրաշալի Օրինակ է. ՄԱԿ Գլխաւոր Քարտուղար (տեսանիւթ)

Աշխարհ, Հայաստան

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կուտերեշ դիմատետրի ուղիղ եթերով ըսած է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութիւնը կը համարէ ներքաղաքական նմանօրինակ հարցերը լուծելու հիանալի օրինակ: Այս մասին կը հաղորդէ PanArmenian.net-ը։

«Մենք վերջերս ունեցանք իշխանութիւնը խաղաղ փոխանցելու հիանալի օրինակ, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ: Ատիկա հրաշալի օրինակ է, որ կը խօսի այն մասին, թէ պատճառներ կան հաւատալու, որ նոր սերունդը ընդունակ պիտի ըլլայ աւելի լաւ որոշումներ կայացնելու, քան իմ սերունդը»,- ըսած է Կուտերեշ: