Առաջնորդական Պատգամ Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 27-րդ Տարեդարձին Առիթով

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Սիրելի՛ հայորդիներ որ ի Լիբանան,

Մեր հայրենիքի վերանկախացման 27-րդ տարեդարձը բոլոր հայորդիներուս սիրտը եզակի երջանկութեամբ եւ արդար հպարտութեամբ կը լեցնէ թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Արցախի մէջ եւ թէ՛ հայ սփիւռքի տարածքին:

Այսօր աշխարհի ամէնէն խուլ անկիւնն իսկ ապրող հայը պահ մը իր ընթացիկ առօրեայէն կ՛անջատուի եւ իր ներաշխարհին մէջ ու ապա իր անմիջական շրջանակին հետ կը տօնախմբէ այս համազգային յաղթանակը, որ մեր հայրենի ժողովուրդը կերտեց 21 Սեպտեմբեր 1991-ին, եւ որուն իր հայրենասիրական մասնակցութիւնը բերաւ սփիւռքահայութիւնը` իր աղօթքով եւ ապրումներով ու գործնականօրէն:

Հայաստանի վերանկախացումը մեր պատմութեան ոսկեղէն էջերէն մին կը հանդիսանայ եւ մեր քաղաքական իրագործումները անքակտելիօրէն իրարու կ՛ագուցէ Ուրարտական թագաւորութենէն մինչեւ Հայաստանի ներկայ հանրապետութիւն: Հայաստանի ազատագրութեան համար արիւն թափած մեր բոլոր հերոսները այսօր հաւաքաբար կը յառնեն մեր յիշողութեան մէջ եւ դարերու անջրպետը կը փակեն երեք բանալի հրամայական բանալով մեր դիմաց.-

Առաջին, հայրենիքի պահպանութիւն: Չի՛ բաւեր միայն անկախութիւն ձեռք բերել. այլ, անհրաժեշտ է զայն աչքի բիբի նման պահպանել: Հայրենապահպանութեան շրջագիծին մէջ, մեր բոլորին պարտքն է նեցուկ կանգնիլ հայ բանակին: Մեր արի երիտասարդները գիշեր եւ ցերեկ սահմաններուն վրայ են եւ իրենց արիւնով մեր սրբազան հողը կը պաշտպանեն: Թող Աստուած զիրենք միշտ անփորձանք պահէ:

Երկրորդ, հայրենիքի շինութիւն: Հայաստանը ծաղկեցնել կը նշանակէ համայն հայութեամբ մասնակից դառնալ հայրենաշինութեան վեհ գործին: Հայրենիքը շարունակականօրէն կը յառաջդիմէ, երբ իւրաքանչիւր հայորդի իր հոգիէն, միտքէն եւ բազուկէն խղճամիտ բաժին կը հանէ ու իր անվերապահ մասնակցութիւնը կը բերէ այս սրբազան բնագաւառին:

Երրորդ, հայրենիքի պահանջատիրութիւն: Հայաստանի ներկայ հանրապետութիւնը մեր պատմական Հայաստանին եւ Կիլիկիոյ մաս կազմող ազատագրուած փոքր տարածք մըն է միայն: Համայն հայութեան առաջնահերթ պարտքն է միշտ արծարծ պահել մեր ամբողջական հայրենիքին պահանջատիրութեան նուիրական կրակը, եւ մեր բռնագրաւեալ հողերուն կցումը Հայաստանի ներկայ հանրապետութեան անսակարկելի հռչակել:

Սիրելի՛ լիբանանահայութիւն,

Հայաստանի ներկայ հանրապետութեան գոյառման առաջին րոպէէն մինչեւ այսօր գործուն մասնակցութիւն բերիր եւ կը շարունակես բերել հայրենիքի պահպանութեան, հայրենիքի շինութեան եւ հայրենիքի պահանջատիրութեան եռեակ եւ մի մարտահրաւէրին:

Ցուցաբերած այս հայրենասիրական ոգիիդ համար մեր գնահատանքը յայտնելով հանդերձ, կը յիշեցնենք, թէ երկա՜ր ճանապարհ ունինք մեր դիմաց մեր գերակնկալութեան համապատասխանող Հայաստանին տիրանալու համար: Այս ճանապարհը հայուն կեանքի՛ ճանապարհն է, եւ մենք մեր հայրենի եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ միասնաբար պիտի քալենք այս ճանապարհէն` մինչեւ մեր կերտելիք նոր հայրենիքին ձեռք բերումը:

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ