Շղթայազերծուած Եռանդի Ուժով

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ասպարէզ»-ի խմբագրական

Անցեալ Ապրիլին, անկախ Հայաստանի մէջ շղթայազերծուեցաւ ժողովրդային, յատկապէս երիտասարդական եռանդի այնպիսի՛ հզօր ալիք մը, որ կրնայ ուժականութիւն տալ երկիրը անյուսութեան ու բարոյալքման աքցաններէն ձերբազատելու եւ նորը, հրաշալի՛ն ստեղծելու ճիգերուն:

Այդ ալիքի առաջին հարուածներէն շշմած յետադիմական, հակայեղափոխական ուժերը, փոխանակ գիտակցելու, թէ իրենց ժամանակը արդէն աւարտած է, թէ իրենք պէտք է ալ մէկ կողմ կանգնին ու վկայ ըլլան կորուսեալ հնարաւորութիւններու կենսագործման՝ սկսած են վերակազմակերպուելու եւ վերադարձի ճանապարհներ դաւելու:

Այդ ալիքը ժողովուրդի ընդվզումէն ծնունդ առաւ ու կը պատկանի միայն ու միայն ժողովուրդի՛ն: Այս յայտարարութիւնը, եթէ քուէ ու զանգուածին սիրտը շահելու միտումով հնչող խօսքեր ըլլան, ապա շատ շուտով կը կորսնցնեն իրենց արժէքը եւ կը պարպուին իրենց իմաստէն: Բայց մենք վստահ ենք, որ ի՛նք՝ ժողովուրդը, պէտք չունի ամէն վայրկեան յուշուելու, թէ ի՛նքն է երկրին տէրը, ի՛րն է իրաւունքն ու իշխանութիւնը, եւ ի՛նքն է, որ պիտի տայ իր իղձերն ու ձգտումները իրականացնել խոստացողներուն գնահատականը։

Ինչպէս որ երկրին մէջ որեւէ այլ մենաշնորհ ընդունելի չէ՛, նոյնն է պարագան նաեւ ժողովուրդի ձայնը ըլլալուն: Այդ ձայնին իրաւունքը շահելու համար, քաղաքական գործիչներ ու քաղաքական ուժեր պարտին միշտ զգաստ ըլլալ, պարտին միշտ հաղորդուիլ ժողովուրդի հոգեվիճակին հետ, միշտ կարենալ համոզել, թէ իրե՛նք են, որ լաւագոյնս կրնան հունաւորել զարգացման ու վերելքի ծրագիրները:

Անկախութեան այս տարեդարձին օրով, կարելի է վստահօրէն յայտարարել, որ Նոր Հայաստանի ստեղծման ազդանշանը տրուա՛ծ է արդէն, եւ այլեւս ոչ ոք կրնայ ժողովուրդը օրօրել կամ քնացնել՝ սին խոստումներով: Այս ժողովուրդը կը պահանջէ ու պիտի շարունակէ պահանջել ղեկավարումի, կառավարումի ու կազմակերպուածութեան բարձրագոյն մակարդակ, որպէսզի կարելի ըլլայ իր եռանդը, իր ստեղծագործական հանճարը ճի՛շդ օգտագործել, սերունդներուն տեսիլքը՝ արդար, բարգաւաճ, ուժեղ երկիր մը կառուցելու նպատակին համար։