Ազատ Ոճի Երիտասարդ Ըմբիշ Վազգէն Թեւանեան Աշխարհի Առաջնութեան Պրոնզէ Մետալ Նուաճած է

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական խումբը պրոնզէ երկրորդ մետալը նուաճած է աշխարհի առաջնութեան: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Սլովաքիոյ Դրնաւա քաղաքին մէջ ընթացող աշխարհի առաջնութեան՝ 61 քկ քաշային կարգի մէջ, պրոնզէ մետալի համար պայքարին, Վազգէն Թեւանեան 9:3 հաշուով յաղթած է Ուզպեքիստանի ներկայացուցիչ Ապոս Ռախմոնովը:

Նախօրէին՝ ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի առաջնութեան՝ 57 քկ քաշային կարգի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արսէն Յարութիւնեան պրոնզէ մետալի համար պայքարին գերազանցած էր Քորէան ներկայացնող Հյէոնսու Չոյը: